Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն իրաւապահ մարմինները գործողութիւններու սկսած էին Շիրակի թեմի առաջնորդարանին մէջ կալանաւորելու թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Ընդհանուր դատախազութիւնը մէկ շաբաթ առաջ քրէական վարոյթ նախաձեռնած էր Միքայէլ սրբազանի նկատմամբ` յեղաշրջում կատարելու կոչի հարցով: Սակայն շուտով յայտնի դարձաւ, որ սրբազանը իր նստավայրը չի գտնուիր, այլ գացած է Ս. Էջմիածին: Ոստիկանութիւնը եւ իրաւապահ մարմինները իրենք ալ իրենց կարգին Էջմիածին ուղղուեցան: Մայր աթոռին մէջ հաւաքուած էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աջակցող հաւատացեալներ:
Փաստաբան Արա Զոհրաբեանը Մայր աթոռին մէջ հաւաքուածներուն, ներառեալ` Շիրակի թեմի առաջնորդը, ներկայացուց անոր նկատմամբ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի մանրամասնութիւնները. «Կը ներկայացուի Քննչական կոմիտէի քննիչի որոշում, որուն համաձայն պէտք է Միքայէլ սրբազանին ձերբակալեն` կալանաւորման ներկայացնելու նպատակով: Այս քրէական գործը յարուցուած է ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան վարչութեան կողմէ ստացուած հաղորդման հիման վրայ 17 յունիսին, առիթը 3 փետրուար 2024-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Միքայէլ սրբազանի խօսքերն էին»:
Հոգեւորականները Միքայէլ արք. Աջապահեանին կոչ ուղղեցին դուրս չգալու Մայր աթոռէն, որ շրջափակուած էր Ազգային անվտանգութեան աշխատակիցներու եւ իրաւապահներու կողմէ: Ասողիկ աբեղայ Կարապետեան դիմատետրի գրառումի մէջ շեշտեց, որ «Հայաստանի ամբողջ հոգեւոր դասը պատրաստ է կալանաւորուելու»: «Բոլորս Մայր աթոռին մէջ ենք: Եկած են Մայր աթոռ. Սուրբ Էջմիածինէն կա՛մ մեզ բոլորս կը տանիք, կա՛մ ալ մեր դիակը», գրեց ան:
«Ինչ որ կը կատարուի, բացարձակ ապօրինութիւն է, բայց ես երբեք չեմ թաքնուած եւ հիմա ալ չեմ պատրաստուիր թաքնուիլ: Չեմ ուզեր իմ եղբայրներուս թիկունքը թաքնուած ըլլալու տպաւորութիւն ստեղծել: Եկած են իմ ետեւէս, ես պիտի երթամ: Ես սպառնալիք չեմ այս երկրին համար, սպառնալիքը կառավարութեան մէջ նստած է», Մայր աթոռին մէջ յայտարարեց Միքայէլ արք. Աջապահեան, որուն շուրջ համախմբուած էին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ միաբան հայրեր: Այս միջոցին սկսան անդադար ղօղանջել Ս. Էջմիածինի զանգերը: Ներկայ գտնուողները թոյլ չտուին, որ իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները բռնի ուժով բերման ենթարկեն Միքայէլ սրբազանը:
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը հաղորդագրութիւն հրապարակելով նշեց, որ «համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին մէջ իրաւապահներու կողմէ դրսեւորուած պահուածքը, ուժի կիրարկումը քաղաքացիներու նկատմամբ դատապարտելի է եւ անընդունելի: «27 յունիսի առաւօտեան Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններու ուժեր, մուտք գործելով Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ վեհարանի տարածք, փորձած են ձերբակալել Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը, որ Մայր աթոռ ժամանած էր քահանայից տարեկան ժողովի առիթով իբրեւ հաւաքի համակարգող: Հակառակ այն հանգամանքին, որ Միքայէլ սրբազանը պատրաստակամութիւն յայտնած էր մեկնիլ Քննչական կոմիտէ եւ կը փորձէր իրաւապահ մարմինի ներկայացուցիչներու հետ նստիլ մեքենայ, քաղաքացիները եւ ներկայ հոգեւորականները բողոքի ձայն բարձրացուցին` տեսնելով դիմակաւորուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան եւ ոստիկանութեան ծառայողներու մեծ հոսքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Միքայէլ սրբազանը, ըստ Մայր աթոռի յայտարարութեան, «հակառակ որ պատշաճ կարգով չէ ծանուցուած, կայացուցած է որոշում եւ չխուսափելով ներկայացուած պահանջէն պիտի մեկնի Երեւան` ներկայանալու Քննչական կոմիտէ»:
Մայր աթոռը կը յորդորէ ժողովուրդին չտրուիլ սադրանքներու, պահպանել զգօնութիւնը եւ շարունակել իրենց սատարումը օրինական բոլոր միջոցներով:
Միքայէլ արք. Աջապահեան այնուհետեւ ինքնակամ գնաց երեւան` Քննչական կոմիտէ: Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մօտ հաւաքուած աջակիցները եւս հետեւեցան անոր: Արքեպիսկոպոսը երթը սկսաւ ոտքով, ապա որոշ ժամանակ անց նստեցաւ ինքնաշարժ` ճանապարհը շարունակելու համար: Խումբ մը քաղաքացիներ ոտքով Էջմիածինէն շարժեցան Երեւան Միքայէլ սրբազանի ետեւէ: Էջմիածինէն դուրս գալէ ետք ոստիկանները անոնցմէ քանի մը հոգիին բերման ենթարկեց: Շուտով Միքայէլ սրբազանը հասաւ Քննչական կոմիտէ:
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Էտմոն Մարուքեան առաջարկեց` Միքայէլ սրբազանը վարչապետի թեկնածու առաջադրել եւ Նիկոլ Փաշինեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսիլ:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը կը միանայ Միքայէլ սրբազանի թեկնածութէամբ անվստահութեան նախաձեռնութեանը, իր դիմատետրի էջին մէջ գրեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ակնեսայ Խամոյեան: Սակայն Միքայէլ սրբազանը կտրականապէս մերժեց այս հոլովոյթին մաս կազմել:
Քննիչը միջնորդած է դատարանին կալանաւորել Միքայէլ արք. Աջապահեանը: Ձերբակալման պահէն 24 ժամուան ընթացքին դատարանը պէտք է որոշում կայացնէ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ անոր փաստաբան Արա Զոհրաբեան:
Միքայէլ արք. Աջապահեանը ձերբակալուած է մօտաւորապէս ժամը 6:00-ին, նշեց փաստաբանը:
Յայտնենք, որ երէկուան դէպքերուն ձերբակալուեցան նաեւ ՀՅԴ Աղբալեան ուսանողական միութեան եւ Հայաստանի երիտասարդական միութեան աւելի քան մէկ տասնեակ անդամներ: