Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը եւ մշակոյթի նախարար Ղասսան Սալամէի, Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստիի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ֆատի Մաքքիի մասնակցութեամբ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հասաւ Քաթար:
Սալամ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի հետ, եւ երկկողմ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ ընդլայնուած ժողով մը:
Երկու կողմերը հանդիպումի ընթացքին ողջունեցին Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմի դադրեցումը` ընդգծելով, թէ անհրաժեշտ է, որ այդ զարգացումը դրական ազդեցութիւն ունենայ Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Ծոցի երկիրներու կայունութեան վրայ, մանաւանդ Քաթարի վրայ յարձակումէն ետք, զոր վարչապետ Սալամ բուռն կերպով դատապարտեց եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Քաթարի պետութեան ու ժողովուրդին:
Քաթարի իշխանին հետ հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ ընդլայնուած ժողով մը` մասնակցութեամբ երկու կողմերէն առնչակից նախարարներու:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ մասնաւորաբար ուժանիւթի ոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ հանրօգուտ շինութեանց, փոխադրութեան, վարչական բարեկարգումի եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ մօտիկ եւ միջին ապագային գործնական քայլերու ճամբով գործակցութեան նոր հորիզոններ բանալու կարելիութիւնները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակին աջակցութեան շարունակման եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները դադրեցնելու համար միջազգային ու շրջանային ջանքերը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան: Ընդգծուեցաւ Իսրայէլի լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերէն հեռանալու, վերաշինութեան, Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը տարածելու պահանջը, ինչպէս նաեւ բարեկարգման ծրագիրին վրայ աշխատանքը շարունակելով զայն որդեգրելու պահանջը:
Ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, երկու կողմերը քննարկեցին գործնական ծրագիրներ, որոնք անոնց կ՛արտօնեն իրենց բնակավայրերը անվտանգ ու արժանապատիւ կերպով վերադառնալ: Քաթար ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ օգնութիւնները տրամադրելու` գործակցութեամբ սուրիական իշխանութիւններուն հետ:
Ապա երկու երկիրներու վարչապետները ունեցան միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սալամ ուրախութիւն յայտնեց, որ «Քաթարի ենթարկուած յարձակումէն ետք այստեղ առաջին էջք կատարողն էինք»:
«Այսօր մեր բանակցութիւններուն ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ շարունակելու խորհրդակցութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ, ըլլայ ելեկտրական կայանի մը ստեղծման կամ կազի մատակարարումով Լիբանանին աջակցութեան Քաթարի նպաստին շուրջ:
«Ինչ կը վերաբերի շրջանային թղթածրարին, ընդգծեցինք, ինչպէս առաջին օրը կատարեցինք, թէ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը Իրանի իսլամական հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ միջազգային օրէնքի ոտնահարում է:
«Մենք ուրախ ենք, որ Քաթարի թափած ջանքերը յանգեցան զինուորական գործողութիւններու դադրեցման, եւ կը յուսանք, որ այս էջը փակուի եւ արտօնէ դիւանագիտական աշխատանքի վերականգնման: Այս դիրքորոշումը միայն Լիբանանին տեսակէտը չէ, ո՛չ ալ միայն Քաթարինը, այլ արաբական միացեալ դիրքորոշում է, որուն մասին այսօր նաեւ վարչապետը (Քաթարի, «Ա.») արտայայտուեցաւ, եւ արաբական բոլոր պետութիւնները այդ մասին կ՛արտայայտուին. անիկա արաբական հաստատ դիրքորոշում է: Եւ ասիկա առիթ էր արաբական հաւաքական այդ դիրքորոշումը վերանորոգելու եւ վերայիշեցնելու», ըսաւ Սալամ:
Հարցում-պատասխան բաժինին մէջ վարչապետը պատասխանելով հարցումի մը յայտնեց. «Ինչ կը վերաբերի Հըզպալլային, ապա մենք, փա՛ռք Աստուծոյ, կրցանք Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերուն հետ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին գործակցութեան ճամբով արգիլել, որ Լիբանանը ներքաշուի նոր պատերազմի մը մէջ, որ ընթացքի մէջ էր:
«Այսօր զինուորական գործողութիւնները դադրելէն ետք մենք անհամբեր կը սպասենք դիւանագիտական աշխատանքի նոր էջի մը, ինչպէս վարչապետը նշեց», եզրափակեց Սալամ:
Քաթարի վարչապետը բացայայտեց. «Վարչապետ Սալամ ինծի խոստացաւ երկու այցելութիւններ, մէկը Թրիփոլի, իսկ միւսը` հարաւային Լիբանան»:
Սալամ պատասխանեց. «Ասիկա մանրամասնութիւն մըն է, որ չէի ուզեր բացայայտել, եւ մենք վարչապետը մօտ օրէն Լիբանանի մէջ կը սպասենք»:
Քաթարի վարչապետ Մոհամետ Ապտելռահման ըսաւ. «Լիբանանի վարչապետին հետ քննարկեցինք վերաշինութեան ջանքերը եւ շրջանային զարգացումները»` աւելցնելով. «Կը դատապարտենք Լիբանանի գերիշխանութեան Իսրայէլի ոտնահարումները»:
«Մենք Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններու աւելի լաւ ապագայ մը կը մաղթենք եւ կը զօրակցինք Սուրիոյ ու շրջանի պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման», ըսաւ ան: