Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Իսրայէլ Իրանի հետ պատերազմին վերջ տալու ամբողջական զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացած է: Ան երկու երկիրները շնորհաւորեց իրենց տոկունութեան, քաջութեան եւ իմաստնութեան համար «աւարտելու այն, ինչ որ պէտք է կոչուի «12-օրեայ պատերազմ: Այս պատերազմը կրնար տարիներու վրայ երկարիլ եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը քանդել, սակայն չքանդեց եւ երբեք պիտի չքանդէ: Աստուած օրհնէ Իսրայէլը, Աստուած օրհնէ Իրանը, Աստուած օրհնէ Միջին Արեւելքը, Աստուած օրհնէ Միացեալ Նահանգները եւ Աստուած օրհնէ աշխարհը»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նախքան այդ ալ ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարելով ըսած էր. «Իրան իր Հիւլէական կայաններու կործանման պաշտօնապէս հակադարձեց շատ տկար հակադարձումով, զոր կը սպասէինք եւ ազդու կերպով անոր դէմ դրինք: Արձակուեցան 14 հրթիռներ: 13-ը վար առնուեցան, եւ 1 հատը «ազատ ձգուեցաւ», որովհետեւ ոչ վտանգաւոր ուղղութեամբ կ՛ընթանար: Ուրախ եմ հաղորդելու, որ որեւէ ամերիկացի չվնասուեցաւ, եւ գրեթէ որեւէ վնաս չհասաւ: Ամէնէն կարեւորը` անոնք իրենց մէջ եղածը պարպեցին, եւ կը յուսանք, որ յաւելեալ ատելութիւն պիտի չըլլայ:
«Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Իրանին մեզ նախապէս զգուշացնելուն համար, ինչ որ կարելի դարձուց, որ կեանքեր չկորսուին, եւ ոչ ոք վիրաւորուի: Իրանը թերեւս հիմա կրնայ շրջանին մէջ խաղաղ ու ներդաշնակ կերպով յառաջ ընթանալ, եւ ես խանդավառ կերպով Իսրայէլը պիտի քաջալերեմ նոյնը ընելու»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Իսրայէլ իրագործեց իրանեան հիւլէական եւ հրթիռային սպառնալիքը վերացնելու իր նպատակը, համաձայն գտնուեցաւ Թրամփի` Իրանի հետ զինադադարի առաջարկին եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ որեւէ խախտումի»:
Թրամփ աւելի ուշ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Զինադադարը այժմ ուժի մէջ է: Խնդրեմ զայն մի՛ խախտէք»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ իրանցի ժողովուրդին վրայ իր յարձակումները մինչեւ Թեհրանի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 4:00 դադրեցնէ, Իրան անկէ ետք իր հակադարձութիւնը շարունակելու որեւէ նպատակ չունի: Սակայն ան աւելցուց. «Զինուորական գործողութիւններու դադրեցման վերջնական որոշումը հետագային պիտի տրուի»:
Իրանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Թշնամիին ստիպեցինք զղջալ, իր պարտութիւնը ընդունիլ եւ միակողմանի կերպով դադրեցնել իր յարձակումը»:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Սիոնական գոյութիւնն ու անոր աջակցողները իրանցի ժողովուրդի դժգոհութիւնը հրահրելուն վրայ գրաւ դրած էին»:
«Սիոնական գոյացութիւնը ձախողեցաւ Իրանի վրայ իր յարձակումին նպատակները իրագործել», նշեց ան:
«Իրան զինադադարը պիտի չխախտէ, եթէ սիոնական գոյացութիւնը զայն չխախտէ», շեշտեց Իրանի նախագահը:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քաթարի մէջ ամերիկեան Ատիտ ռազմակայանին վրայ իրանեան յարձակումէն ետք, Քաթարի վարչապետ շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի իրանցի պաշտօնատարներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ճամբով ապահոված է Թեհրանի համամտութիւնը Իսրայէլի հետ զինադադարի ամերիկեան առաջարկին:
Ամերիկացի պաշտօնատար մըն ալ «Ռոյթըրզ»-ի լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ իրանցիներուն հետ ուղղակի եւ անուղղակի կապի մէջ էին»:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի հաստատումէն ետք քարիւղի գիները 5 առ հարիւրով նուազեցան»:
Իրան նախքան զինադադարի ուժի մէջ մտնելը հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի վրայ, ուր արձանագրուեցան 4 զոհեր: Մինչ այդ, Իսրայէլ եւս երեքշաբթի առաւօտեան յարձակումներ գործեց: Իրանեան իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ հիւսիսային Իրանի մէջ 9 զոհ եւ 33 վիրաւոր արձանագրուած է հիւսիսային Կիլան նահանգին մէջ, ուր «ահաբեկչական յարձակում»-ի պատճառով բնակարանային չորս միաւորներ ամբողջովին քանդուած են: Իրանեան «Նուրնուզ»-ը իր կարգին հաղորդեց, որ յարձակումին ընթացքին սպաննուած է հիւլէական գիտնական Մոհամմատրեզա Սետիքին:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Տոհայի մէջ Իրանի դեսպանը կանչած է` բողոքելու համար Քաթարի գերիշխանութեան ու օդային տարածքի ոտնահարման դէմ` նշելով. «Իրանի Քաթարի գերիշխանութեան ոտնահարումը կը հակասէ բարի դրացնութեան սկզբունքին եւ երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններուն»:
«Ընդգծուեցաւ, որ պէտք է տարակարծութիւններու լուծման համար անմիջապէս վերադառնալ երկխօսութեան եւ դիւանագիտական ուղիներու, ինչպէս նաեւ մագլցումէ խուսափիլ», ըսաւ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը:
Ան երէկ Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք առաջին օրէն դատապարտեցինք Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, եւ Քաթարի վրայ Իրանի յարձակումը անընդունելի վարմունք է: Ատիտ ռազմակայանին վրայ յարձակումէն անակնկալի եկանք, եւ կ՛ողջունեմ անոր դէմ զինեալ ուժերու դերակատարութիւնը»:
«Ամերիկան մեզմէ խնդրեց Իրանի հետ կապ հաստատել` իմանալու համար զինադադարի նկատմամբ անոր տրամադրութիւնը: Կատարեցինք անհրաժեշտ հաղորդակցութիւնները, որոնք յանգեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի յայտարարման»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, թէ Ատիտ ռազմակայանի ռմբակոծումը ՄԱԿ-ի ուխտի 51-րդ յօդուածին հիմամբ օրինական ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ է` նշելով, որ անիկա հակադարձութիւն էր 22 յունիսին Իրանի հողերուն վրայ ամերիկեան յարձակումին, եւ պէտք չէ «բարեկամ եւ դրացի երկիր» Քաթարի վրայ յարձակում նկատուի:
Ան շեշտեց, որ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը յանձնառու է Քաթարի հետ իր լաւ եւ ամուր յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է դրացի երկիրներուն հետ բարի դրացնութեան սկզբունքին:
Ան նշեց, որ Իրան Միացեալ Նահանգներուն ու սիոնական վարչակարգին պիտի չարտօնէ իր եւ շրջանին մէջ իր եղբայրներուն միջեւ սադրանք յառաջացնել:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանին կոչ ուղղեց` անմիջապէս ձեռնարկելու բանակցութիւններու, որոնք անոր հիւլէական եւ թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրներուն շուրջ համաձայնութեան կը յանգեցնեն:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ողջունեց Թրամփի կողմէ 12 օր տեւած պատերազմէն ետք Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի յայտարարութիւնը:
«Թագաւորութիւնը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի շրջանին մէջ մագլցումի կողմերուն միջեւ զինադադարի համաձայնութեան տարազի մը գոյացման յայտարարութիւնը», նշեց սէուտական արտաքին գործոց նախարարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ «յառաջիկայ փուլին բոլոր կողմերը հանդարտութեան, ուժի կիրարկումէն կամ անոր կիրարկման սպառնալիքէն ետ կանգնելու նկատմամբ յանձնառու կը մնան»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ զինուորականներու եւ գիտնականներու դէմ մահափորձերու ճամբով Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան քայքայումը կրնայ մեծ փոփոխութիւններու յանգեցնել:
Ան նշեց, որ տակաւին կանուխ է Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ զինադադարին նկատմամբ եզրակացութիւններու յանգելու, սակայն շեշտեց, որ իր երկիրը խաղաղութեան կը զօրակցի:
Թրամփ. «Իսրայէլն Ու Իրանը
Զինադադարը Խախտեցին»
Երէկ կէսօրէ առաջ Իրանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուեցան 2 հրթիռներ: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Ես հրամայած եմ արձագանգել Իրանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն` Թեհրանի կեդրոնը գտնուող կառավարական թիրախներու դէմ ծանր հարուածներ հասցնելով»: Իրանի պետական պատկերասփիւռը, սակայն, նշեց. «Իրանէն հրթիռներու արձակման մասին լուրը չի համապատասխաներ իրականութեան»: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը իր կարգին յայտնեց. «Իրանի վրայ ուժեղ յարձակում պիտի գործենք` հակադարձելով զինադադարի խախտման»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Իսրայէլն ու Իրանը խախտեցին զինադադարը` ընդգծելով, որ ինք դժգոհ է երկու կողմերուն վարմունքէն:
Թրամփ շեշտեց, որ Իրանի հիւլէական կարողութիւնը վերջ գտաւ, եւ ան երբեք պիտի չկարենայ վերականգնել իր հիւլէական ծրագիրը:
«Իսրայէլին կ՛ըսեմ. «Ձեր օդաչուները հիմա տուն վերադարձուցէք եւ այդ ռումբերը մի՛ նետէք, եւ եթէ նետէք, ապա ատիկա հսկայական խախտում է», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Թրամփ Նեթանիահուէն խնդրեց Իրանի վրայ յարձակում չգործել, եւ վերջինս պատասխանեց, թէ չի կրնար յարձակումը ջնջել»:
Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ, սակայն, աւելի ուշ ամերիկեան կայքին յայտնեցին. «Նեթանիահուն, Թրամփի ճնշումէն ետք, սահմանափակեց Իրանի կողմէ զինադադարի համաձայնութեան խախտման հակադարձութիւնը»:
Թրամփ յայտարարեց. «Իսրայէլ Իրանի վրայ յարձակում պիտի չգործէ, բոլոր օդանաւերը Իրանին բարեկամական ողջոյն տալէ ետք պիտի վերադառնան»:
«Ոչ ոք պիտի վնասուի, եւ զինադադարը ուժի մէջ է», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը Թեհրանի մօտ ռատարի մը վրայ յարձակում գործած է: Իրանեան լրատուամիջոցներ ալ հաղորդեցին, որ Իրանի հիւսիսային Մազանտարան նահանգի Պապլասեր քաղաքին մէջ պայթում տեղի ունեցած է, եւ օդային պաշտպանութեան համակարգերը գործի լծուած են:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան օդուժը Թեհրանի մէջ ռատարի համակարգ մը քանդած է:
Գրասենեակը նշեց, թէ Իսրայէլ Թրամփ-Նեթանիահու հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք յաւելեալ յարձակումներ գործելէ ետ կանգնած է:
«Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր մեծ գնահատանքը յայտնեց Իսրայէլին, որ պատերազմին մէջ իր բոլոր նպատակները իրագործեց», նշեց Նեթանիահուի գրասենեակը:
Թրամփ. «Իրանի Մէջ
Իշխանափոխութիւն Տեսնել Չեմ Ուզեր»
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, որ չ՛ուզեր Իրանի մէջ իշխանափոխութիւն տեսնել, որովհետեւ չուզեր «քաոս» տեսնել: Ան այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Երբ անկէ խնդրած են բացատրել անցեալ շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառումը, որուն մէջ ան կը խօսէր Իրանի մէջ իշխանափոխութեան կարելիութեան մասին, Թրամփ նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն ըսած է. «Ոչ, ես ատիկա չեմ ուզեր: Ես պիտի ուզէի տեսնել, որ կացութիւնը կարելի եղածին չափ արագ կը հանդարտեցուի»:
«Վարչակարգի փոփոխութիւնը քաոս կը բերէ, եւ իտէալական պարագային մենք չենք ուզեր այդքան քաոս տեսնել: Գիտէք, իրանցիները շատ լաւ առեւտրականներ են, շատ լաւ գործարարներ, եւ անոնք շատ քարիւղ ունին: Անոնց հետ ամէն ինչ կարգին պէտք է ըլլայ: Անոնք պէտք է կարենան վերականգնիլ եւ լաւ աշխատանք կատարել: Անոնք երբեք հիւլէական ուժանիւթ պիտի չունենան, սակայն մնացած հարցերուն մէջ անոնք պէտք է լաւ աշխատանք կատարեն», ըսած է Թրամփ: