«Ազդակ» կապ կապ հաստատեց «Ալիք»ի խմբագիր-տնօրէն Արամ Շահնազարեանի հետ, իմանալու համար տեղեկութիւններ տեղւոյն իրավիճակին մասին։
Շահնազարեան յայտնեց, զինադուլի համաձայնութենէն քիչ առաջ, Թէհրանի վրայ իրականացուած յարձակումներուն պատճառով վնասուած է եւ նիւթական ծանր վնասներու ենթարկուած հայ ընտանիքի մը բնակարանը։ Ընտանիքի չորս անդամները վիրաւորուած են, որոնցմէ մէկը համեմատաբար ծանրօրէն, եւ որ փոխադրուած է հիւանդանոց։ Ան հաստատեց, որ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։Արամ Շահնազարեան հաստատեց նաեւ, որ Ազգային Առաջնորդարանը ժամանակաւոր կեցավայր կ՛ապահովէ ընտանիքին։
«Ալիք»ի տնօրէնը յայտնեց , որ խմբագրակազմը շաբաթ օր կը վերդառանայ աշխատանքի եւ թերթի ելեքտրոնային բաժինը երկուշաբաթէն սկսեալ ամբողջական կը սկսի գործել։ Իսկ տպագիր տարբերակի հրատարակութիւնը կը նախատեսուի վերսկսիլ շուտով։