Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերլարուած Վիճակ` Շրջանային Մակարդակի Վրայ

June 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի եւ Իրանի տագնապին 11-րդ օրը Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինուժին հասցուցած հարուածները հսկայական վնաս պատճառած են Իրանի հիւլէական կառոյցներուն: Տանըլտ Թրամփ նաեւ չէ բացառած Իրանի մէջ ղեկավարութեան փոփոխութիւնը, թէեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը աւելի կանուխ պնդած էր, որ այդ չէ իրենց նպատակը:

«Քաղաքականապէս ճիշդ չէ օգտագործել «վարչակազմի փոփոխութիւն» եզրոյթը, բայց եթէ իրանական ներկայիս վարչակազմը անկարող է Իրանը կրկին հզօր դարձնել, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ վարչակազմը փոխուի», յայտարարած է Թրամփ:

Ամերիկեան հարուածներէն ետք Իրանի բանակի գլխաւոր հրամանատարը սպառնացած է պատասխան հարուած հասցնել Միացեալ Նահանգներուն: Նոյնը ըսած է Զինուած ուժերու սպայակոյտի հրամանատարը:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը տակաւին ամբողջական գնահատական չունի, թէ ի՛նչ վնաս պատճառած են հիւլէական կառոյցներուն Միացեալ Նահանգներու հարուածները, թէեւ կը կանխատեսեն, որ Ֆորտոյի կառոյցին մէջ վնասը շատ էական է: Ըստ գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսսիի` Իրանէն յայտնած են, որ կառոյցներու տարածքին մէջ շողարձակումի մակարդակի բարձրացում չէ արձանագրուած: Ան նաեւ ըսած է, որ երկխօսութիւնը շարունակելու կարելիութիւն կայ, պէտք է օգտուիլ այդ պատուհանէն, այլապէս, եթէ տագնապը ընդլայնի, ատիկա անհաւանական հետեւանքներ կրնայ  ունենալ:

«Եթէ այդ պատուհանը փակուի, բռնութիւնն ու աւերը կրնան հասնիլ անհաւանական մակարդակի, իսկ մեր իմացած հիւլէական ուժի չտարածման դրութիւնը կրնայ խարխլիլ եւ փլուզուիլ», ըսած է Կրոսսի:

Այս խորապատկերին վրայ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ: Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Իրանի դէմ նախայարձակումը անհիմն է, եւ Մոսկուա կը փորձէ օգնել իրանցի ժողովուրդին:

«Իրանի դէմ այս բացարձակապէս չհրահրուած նախայարձակումը որեւէ հիմք եւ արդարացում չունի: Մեր կողմէ մենք ջանքեր կը գործադրենք Իրանի ժողովուրդին օգնելու համար», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ապպաս Արաղչի ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը յարձակողական արարք է, որ պէտք է դատապարտուի ամբողջ աշխարհի կողմէ: Ըստ անոր, ատիկա յարձակում է նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան վրայ, քանի որ ամբողջութեամբ կը խախտէ զայն:

«Ատիկա յարձակում է միջազգային իրաւունքի, միջազգային կանոններու… եւ ամէնէն կարեւորը` Հիւլէական զէնքը չտարածելու մասին պայմանագիրին վրա», ընդգծած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

Հանդիպումէն ետք Արաղչի ըսած է, որ Փութինի հետ քննարկած են ստեղծուած իրավիճակը: Այլ մանրամասնութիւններ չէ ներկայացուցած:

Մինչ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան կը սպառնան իրարու, Իսրայէլի բանակը յայտարարած է, որ հարուածած են իրանական վեց օդակայան, ոչնչացուցած 15 օդանաւ, վնասած թռիչքուղիները: Իսրայէլ նշած է, որ երէկ առաւօտ հարուածած է Ֆորտոյի հիւլէական կառոյց տանող ճանապարհները, իսկ Թեհրանի մէջ աննախադէպ հարուածներ հասցուցած է Իսլամական յեղափոխական պահակագունդի  կառոյցներուն:

Իրան իր կարգին հարուածած է Իսրայէլի կեդրոնական հատուածները: Տուժածներու մասին չի հաղորդուիր:

 

Նախորդը

Իրան Կը Յայտարարէ «Ֆաթհի Աւետիս» Գործողութեան Սկիզբը Քաթարի Ամերիկեան Խարիսխներուն Դէմ

Յաջորդը

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.