Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

‎Յայտարարութիւն ‎

June 27, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

‎‎Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող վարչախումբի ընթացքը հասած է ամէնէն վտանգաւոր փուլին, թէ՛ բռնատիրական կարգեր հաստատելու, թէ՛ պետականակործան եւ ազգակործան պարտականութիւնը լրումին հասցնելու, թէ՛ թուրք-ազրպէյճանական պատուէրները գործադրելու իմաստով։

‎Արդարեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Թուրքիա այցելութենէն վերադարձին վերանորոգ թափով շարունակուեցան հետեւեալները.-

Ա. Քաղաքական դաշտի բոլոր ընդդիմադիր ուժերուն եւ քաղաքական գործիչներուն դէմ բռնաճնշումի սաստկացած արշաւ` շինծու մեղադրանքներով, ապօրինի ձերբակալութիւններով եւ խուզարկութիւններով։

Այն մարմինները, որոնք «իրաւապահ» կամ «անվտանգութեան» պատասխանատու են, նաեւ՝ դատական համակարգը, դարձած են վարչախումբի հլու կամակատարն ու պատուիրուած մեղադրանքներով ընդդիմութեան քաղաքական գործունէութեան բռնաճնշումի գործադրողը։

‎Պատահականութիւն չէ, որ այս հալածանքները կը սաստկանան խորհրդարանական ընտրութիւններէն ամիսներ առաջ։

‎Բ. Նոյն բռնաճնշումները նաեւ կը փորձեն խեղդել ազգային դիմադրութեան եւ հայրենապահպանման ամէն միտք եւ արտայայտութիւն։ Այս ծիրին մէջ թիրախաւորուած են ոչ միայն ազգային եւ հայրենական գաղափարներու ջատաքով հրապարակային գործիչները, այլ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որոնց դէմ հեղինակազրկման ու ձեխարձակման արշաւները անցած են բարոյական եւ իրաւական բոլոր սահմանները։ Այս ընթացքի ամէնէն ակնբախ դրսեւորումները հանդիսացան ուրբաթ, 27 յունիս 2025-ին “Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան” եւ Ոստիկանութեան յատուկ ջոկատներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ու վեհարան ներխուժումն ու պահուածքը։

‎Գ. Ազգակործանի զուգահեռ պետականակործան ընթացքը սաստկօրէն կը թիրախաւորէ Հայաստանի պետութեան բոլոր հիմերը՝ Անկախութեան Հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը, բանակը, սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները։

‎Ակնյայտ է, որ այս բռնաճնշումներուն սաստկացումով իշխող վարչախումբը կը փորձէ ամէն գնով պահպանել իշխանութիւնը, եւ կանխարգիլել թուրք-ազրպէյճանական պատուէրները կատարելու իր գործունէութեան ամէն ընդդիմութիւն։

‎ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ հայրենի քաղաքական դաշտը բռնաճնշելու եւ իրաւապահ ու դատական մարմինները բռնատիրութեան հաստատման գործիք դարձնելու ընթացքը, իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելով այսօր հալածանքներուն թիրախ դարձած քաղաքական գործիչներուն, ի մասնաւորի՝ Հայաստանի մեր ընկերներուն եւ մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ազգային արժէքներու դարաւոր պահապան Հայ առաքելական եկեղեցիին։

‎ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ կոչ կ՚ուղղէ անմիջական վերջ դնելու վարչախումբի պետականութեան հիմերը խարխլող ու ազգակործան ընթացքին։

‎ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

«Հայաստանի Մէջ Ստեղծուած Բարդ Իրավիճակի Հանգուցալուծման Առաջին Քայլը Հրապարակային Մեղադրանքներու Ու Արտայայտութիւններու Կասեցումն Է» «Պէտք Է Յարգել Մեր Սրբավայրերը՝ Երկիւղած Մօտեցումով» ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.