Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Նշում Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը որքան հեռու` այնքան ալ մօտ կ՛երեւի, որովհետեւ ժամանակի թաւալումը ո՛չ ցաւը կ՛ամոքէ, ո՛չ ալ պայքարի կրակը կը շիջեցանէ: Լիբանանահայութիւնը ապրիլ 24-ին կը համախմբուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ` մեր 1,5 միլիոն սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով իր յարգանքի տուրքը մատուցելու: Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. հայրապետին, հինգշաբթի,...




















