Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալլաս Կը Շեշտէ Ժողովրդավարական Արժէքները Ամէն Պարագայի Պաշտպանելու Անհրաժեշտութիւնը

July 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլասը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի կայքը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու օրակարգին, ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, իրաւունքի գերակայութեան եւ կառավարման բարեփոխումներու ուղղութեամբ համագործակցութեան խորացման կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան` Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան համար եւ ընդգծած Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղիին նկատմամբ:

Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը նշած է, որ Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը երբեք իրարու այսքան մօտ չեն եղած, որքան այժմ: Անոր համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է առաւել խորացնելու գործընկերութիւնը բոլոր ուղղութիւններով:

Քալլաս կարեւոր նկատած է 5 ապրիլ 2024-ին Պրիւքսելի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ յայտարարութիւնը` իբրեւ Հայաստանի եւ եւրոպական ու արեւմտեան գործընկերներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման կարեւոր փուլ: Անոր համաձայն, անիկա հանդիսացած է նոր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան հիմք:

Քալլաս բարձր գնահատած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան յանձնառութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումներուն նկատմամբ` զանոնք նկատելով կենսական նշանակութիւն ունեցող ոչ միայն երկրին մէջ, այլ նաեւ իբրեւ արտաքին գործընկերութեան հիմք: Ան շեշտած է, որ այդ արժէքները պէտք է պաշտպանուին` յատկապէս խառնածին սպառնալիքներու, ապատեղեկատուութեան եւ երկրի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերու պայմաններուն մէջ: Քայա Քալլաս ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է կանգնելու Հայաստանի կողքին` աջակցելով երկրի դիմադրողականութեան բարձրացման:

Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթին շուրջ: Երկուստեք ընդգծուած է, որ վերջին շրջանին այդ ուղղութեամբ արձանագրուած է զգալի յառաջընթաց:

Զրուցակիցները անդրադարձած են շրջանային կացութեան եւ խաղաղութեան հոլովոյթին: Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը նշած է, որ Պրիւքսելի մէջ գոհունակութեամբ կ՛արձանագրեն Հայաստան-Ազրպէյճան երկկողմ բանակցութիւններու ընթացքին արձանագրուած դրական յառաջընթացը, ինչ որ կրնայ հիմք հանդիսանալ շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման:

 

 

Նախորդը

Թրամփ Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջող Հրամանագիր Մը Ստորագրեց

Յաջորդը

Հանդիպում Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալ Եանեք Փոլէյի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.