Շաբաթ, 28 յունիս 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչները` կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան, Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցան Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին հետ: Անոնք Գարեգին Բ. կաթողիկոսին փոխանցեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնները եւ այս իրավիճակէն դուրս գալու անոր պատկերացումները:
Արամ Ա. կաթողիկոսին ներկայացուցիչները միաժամանակ լսեցին Գարեգին Բ. կաթողիկոսին մտահոգութիւններն ու տեսակէտները:
Երկու սրբազան հայրերը, յանուն վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, շեշտեցին հայ եկեղեցին ամուր ու կազմակերպ պահելու հրամայականը` իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան մէջ: