Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահի առաջին տեղակալ Ալի Ահմետովի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի 23-րդ նիստին:
Այս մասին, ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, յայտնած են Ազրպէյճանի խորհրդարանի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Կը նշուի, որ այցելութեան ջնջման պատճառը Եքաթերինպուրկի մէջ Ռուսիոյ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ազրպէյճանցիներու նկատմամբ առանց դատավարութեան կամ հետաքննութեան կատարուած ցուցադրական, ազգային հողի վրայ նպատակային սպանութիւններն ու բռնութեան արարքներ են, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին նման դէպքերու համակարգուած բնոյթը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Եքաթերինպուրկի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն Ազրպէյճանի արձագանգը, յայտնեց. «Մոսկուան շահագրգռուած է Պաքուի հետ լաւ յարաբերութիւններու զարգացումով»:
«Քրեմլին կը ցաւի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ տրուած որոշումներուն համար», ընդգծած է Փեսքով:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութիւնը Եքաթերինպուրկի մէջ յատուկ գործողութեան ընթացքին երկու ազրպէյճանցի սպաննուած էր, մէկ քանին ալ` ձերբակալած: Այդ դէպքէն ետք, Ազրպէյճան Ռուսիոյ հետ պետական եւ սեփական խողովակներով համաձայնեցուած ձեռնարկները ջնջեց:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ, վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններուն մէջ իր աղբիւրները, հաղորդեց. «Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութիւնները ձերբակալած են «Սփութնիք-Ազրպէյճան» գործակալութեան մէջ աշխատող Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան երկու աշխատակիցներ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Ռուս դիւանագէտներու շուրջ Ազրպէյճանի մէջ ստեղծուած կացութիւնը կը մտահոգէ Մոսկուան»:
«Աւելի քան երկու ժամ է, որ Պաքուի մէջ աշխատող մեր դիւանագէտները չեն կրնար կապ հաստատել Ռուսիոյ քաղաքացի եղող լրագրողներու հետ», նշած է Զախարովա:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ դեսպանատան հիւպատոսական ծառայութեան աշխատակիցներուն չեն արտօներ հանդիպիլ ռուս լրագրողներու հետ:


