Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ, Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»

July 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան նուրբ փուլէ մը կ՛անցնի, շրջանային շրջադարձի պայմաններուն մէջ, որոնց լուսանցքին վրայ ան չի կրնար մնալ:

Վարչապետը նաեւ շեշտեց, որ ազգային վերականգնումը կարելի չէ առանց ելեւմտական եւ տնտեսական կայունութեան:

Սալամ Տնտեսական, ընկերային եւ կենսոլորտային խորհուրդի ժողովի ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց, որ կառավարութիւնը սուրիական կողմին հետ ձեռնարկած է ուղղակի գործակցութեան մը` վերահսկողութեան տակ առնելու սահմանները, մաքսանենգման դէմ պայքարելու եւ սուրիացի գաղթականներուն անվտանգ ու արժանապատիւ տունդարձ ապահովելու համար:

Վարչապետը աւելցուց, որ պետութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական ճնշումները կ՛աւելցնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը, իսրայէլեան բռնագրաւումին աւարտը եւ լիբանանցի գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար:

Սալամ եզրափակեց, որ փրկութիւնը չի կրնար իրականութիւն դառնալ առանց իսկական պետութիւն ձեւաւորող իսկական բարեկարգումի:

Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ կայունութիւն պիտի չտիրէ, եթէ իսրայէլեան խախտումները շարունակուին եւ լիբանանեան հողերու որոշ մասերու բռնագրաւումը յամենայ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հարցերը դրական կերպով կ՛ընթանան, եւ ինք Հըզպալլայի զէնքի հարցի կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին եւ նախագահի երդման ճառին համաձայն լուծման համար այս դրական տուեալին վրայ կը հիմնուի:

«Լիբանանեան միացեալ պատասխանի ձեւաւորումն ու զայն (ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամըս) Պարրաքին ներկայացնելը երկրի շահերէն կը բխի, եւ մթնոլորտը ընդունելի է, եւ այդ պիտի ըսենք Պարրաքին, որ իրեն հետ ժողովիս ընթացքին ինծի փոխանցեց, որ երեք շաբաթ ետք պիտի վերադառնայ», ըսաւ ան:

Սալամ մերժեց Պարրաքի յառաջիկայ այցելութեան վերաբերեալ լրատուամիջոցներու եւ յայտարարութիւններու ճամբով ներկայացուած պատկերացումը` յայտնելով. «Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք մեզի իր պատկերացումը ներկայացուց: Ատիկա զգուշացումի ձեւով չէր: Շարք մը գաղափարներ ու նշումներ կը պատրաստենք անոր պատասխանելու»:

Սալամ նշեց, որ այդ պատասխանի պատրաստութեան մթնոլորտը բարենպաստ է եւ առանց որեւէ խոչընդոտի:

Նախորդը

Ժահժահ. «Արտերկրի Լիբանանցիները Ազգային Հարցերէն Հեռացնելու Փորձը Մերժելի Է»

Յաջորդը

Թաղապետ Յարութ Լագիսեան` Զահլէի Եւ Արուարձաններու Խորհուրդի Վարչութեան Անդամ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.