Այլազան

50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1965)

Խմբագրական Վարդանի Ոգին Հայոց պատմութիւնը երկար ու անընդհատ շարք մըն է լոյսի ու մութի, շքեղ յաղթանակներու եւ ծանր պարտութիւններու, դիւցազնական խոյանքներու եւ կոտորածներու, ամբողջովին կաղապարուած` մեր ժողովուրդի հոգեկան կաղապարին մէջ, չափուած ու ձեւուած անոր նկարագրային իւրայատուկ գիծերով, որոնք իմաստ ու սահմանում կու տան դարերու ընթացքին պատահած դէպքերուն: Տասնեւհինգ դար առաջ, Աւարայրի դաշտին վրայ, Տղմուտ գետի ափերուն մղուած գոյամարտը  հայ ժողովուրդի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի կարենաք ապահովել մնայուն պիւտճէ մը եւ պիտի նկատուիք լաւագոյն գործարարներէն մէկը: Երանելի էք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մանրամասնութիւնները նկատի առէք: Այս կեցուածքը նկատի կ՛առնուի ուրիշներէն, որովհետեւ կենսական խնդիր է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Անձնական գաղտնիք պահելը հոգեկան ճնշում կը ստեղծէ: Պէտք է այս ծանրութենէն ձերբազատիք` վստահելի անձի մը հետ խօսելով: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

50 Տարի Առաջ (23 Փետրուար 1965)

Գ. Չաթալպաշեանի Ազնուական Նուիրատուութիւնը Գ. Չաթալպաշեան Յանձն Առած Է Փառաւոր Վեհարանի Մը Շինութեան Բարերարութիւնը Հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը ստացած ենք կաթողիկոսարանէն.- Ուրախութեամբ կը ծանուցենք մեր պատուական հայ ժողովուրդին, որ պէյրութահայ սիրուած եւ յարգուած յայտնի ազգայիններէն Գէորգ Չաթալպաշեան, ընդառաջելով Սուրբ Աթոռիս վեհափառ հայրապետ Խորէն Ա. կաթողիկոսի խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանիս խնդրանքին, յանձն առած է կաթողիկոսարանիս համար նոր եւ փառաւոր վեհարանի մը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարիքը ունիք պարզութեան եւ հարցերը չբարդացնելու տրամադրութեան: Անիմաստ է անօգուտ հարցերու համար վի         ճաբանիլ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պահեցէք ձեր ինքնութիւնը եւ կարեւորութիւն մի՛ տաք մարդոց փափաքին. ձեր ինքնուրոյնութիւնը թանկարժէք է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կեդրոնացած աշխատեցէք եւ դուք ձեզ մի. հեռացնէք ձեր որոշումներէն: Ձեր «այո»-ն այո եւ «ոչ»-ը ոչ: Մի՛ տարուիք ուրիշներուն...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Կարպիս Նազարեանի մահուան առիթով` Օրիորդ Սիրվարդ Եկաւեան 200$ Տիկին Տալիտա Խաչատուրեան 200$ Տիկին Ռոզեթ Քիլեճեան 200$

Թեւատները Մարդամեքենաներէն Չեն Վախնարշշ

Թեւատները Մարդամեքենաներէն Չեն Վախնարշշ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առանց զանոնք վախցնելու` անասունները նկարելու համար գիտնականները պէտք է աշխատցնեն իրենց երեւակայութիւնը: Անթարքթիքի մէջ անոնք կը գործածեն փըլիւշ ծպտուած մարդամեքենայ մը` թեւատներուն մօտենալու համար: Թեւատները կ՛ապրին Անթարքթիքի մէջ, հարաւային բեւեռ: Անոնց ապրելակերպին ուսումնասիրութիւնը մեզի կարելիութիւնը կու տայ աւելի լաւ հասկնալու կիլմայական փոփոխութեան ազդեցութիւնները: Սակայն այս անասուններուն մօտենալը կրնայ անոնց անհանգստութիւն պատճառել եւ իբրեւ հետեւանք` խանգարել անոնց...

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1965)

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Երկրորդ Տարելիցը Երէկ` կիրակի 21 փետրուար 1965, կաթողիկոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին երկրորդ տարելիցը: Երանաշնորհ Հայրապետին յիշատակը յարգող հոծ բազմութիւն մը դարձեալ լեցուցած էր Մայր Տաճարն ու շրջափակը: Կարգապահութեան կը հսկէին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս: Արարողութեանց կը նախագահէր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

 ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեզ հետաքրքրող հարցերը եւ յուզումները քաջաբար արտայայտեցէք: Այս ընելով շատ բան կը շահիք: Անիմաստ հարցերով մի զբաղիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր շուրջինները ձեր գաղտնիքները պիտի պահեն: Վախնալիք ոչինչ ունիք: Օրը ձեզ պիտի գօտեպնդէ վստահութեամբ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Բարեկամներու միջեւ համախմբում մը պիտի տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր: Շատ ուրախութիւն ունիք բաժնեկցելու: Ուրեմն...

50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1965)

Խմբագրական Երկու Տարի Ետք (Զարեհ Կաթողիկոսի Յիշատակին) Երկու տարի անցած է այն չարաշուք օրէն, երբ դաւադիր մահը անպատում սուգի կը մատնէր Հայաստանեայց եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը` անժամանակ խլելով առաքելատիպ գահակալը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահին: Երկու տարի՜, որոնց ընթացքին պատմութեան անիւը թաւալեցաւ հայ կեանքին վրայէն` անցեալին մէջ թաղելով այն բոլոր տխուր դէպքերը, որոնք երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսի գահակալութեան եօթը տարիներու ընթացքին թունաւորած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

 ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անհամբեր էք, ինչ որ կը վերաբերի պատահելիքին: Պատրաստ եղէք դիմակալելու այն, ինչ որ կեանքը ձեզի կը ներկայացնէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրուան աւարտին փափաքը պիտի ունենաք հանդիպելու ձեզի սիրելի անձերու` միասնաբար զրուցելու: Ուրախ պիտի ըլլաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դիւանագէտ եւ ճարպիկ եղէք. ձեր նպատակը արագօրէն մի՛ արտայայտէք: Համբերութիւն օգտակար է: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22...

Կին Դէմքեր.  Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես` Արշալոյս Մարտիկանեան

Կին Դէմքեր. Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես` Արշալոյս Մարտիկանեան

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Օրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեան ծնած է Չմշկածագ, 1901-ին: Ան բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակն էր: Հայրը կը զբաղէր գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ: Ցեղասպանութեան ժամանակ Արշալոյսը ականատես կը դառնայ իր ծնողներուն սպանութեան, կը կորսնցնէ քոյրերն ու եղբայրները եւ տեսակաւոր չարչարանքներու կ՛ենթարկուի: 14 տարեկան աղջնակը կը վաճառուի գերիներու շուկան եւ կը ստիպուի որոշ ժամանակ մը մնալ թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն...

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1965)

Տոքթ. Բ. Փափազեան Կը Խօսի Հայ Դատի Էութեան Մասին Հինգշաբթի, 11 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Նաւասարդ» ընկերակցութեան Հայաշէնի մասնաճիւղի կողմէ կազմակերպուած էր Հայ դատի նուիրուած երեկոյ մը, որուն համար հրաւիրուած էր ծանօթ մտաւորական տոքթ. Բաբգէն Փափազեանը: Երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր, երբ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան առաւ առաջին խօսքը` կատարելով...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուշադրութեամբ պիտի հետեւիք ձեր մարմնին առողջութեան: Հեռու մնացէք պարարտ ճաշերէ եւ լաւ քնացէք, որպէսզի գտնէք ձեր հաւասարակշռութիւնը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կարեւոր խօսակցութիւն մը իրարու մօտ պիտի բերէ բարեկամները` որոշ նիւթի մը վերաբերեալ լուծում մը գտնելու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Հաւաքոյթի մը ընթացքին իւրաքանչիւր անձ իր շահը պիտի պաշտպանէ: Դուք ալ ձեր...

50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1965)

Խմբագրական Փետրուար 18 Քառասունեւչորս տարիներ անցած են այն օրէն երբ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի քաղաքաներուն եւ գիւղերուն մէջ, մէկ մարդու նման ոտքի կանգնեցաւ ծառանալու համար պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ իբրեւ նուազագոյն չարիք ընդունուելէ ետք հայ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի կողմէ, հուրի եւ սուրի մատնած էր Հայաստանի բնակչութիւնը, բանտերը լեցուցած քաղաքական, զինուորական եւ մշակութային անուանի գործիչներով: Վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով պոլշեւիզմը անշնչելի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հակառակ ձեր յուսահատութեան եւ ունեցած քաջալերանքի պակասին` օրը պիտի անցնի շատ բնական ընթացքով: Քաջասիրտ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ունիք բարեկամ մը, որ միշտ պատրաստ է օգնելու ձեզի դժուարութեան պարագային: Այս վերաբերումը պիտի շարունակուի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանքի եւ ընտանեկան հարցերու վերաբերեալ թեթեւ անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք: Այս ընթացքը պիտի շարունակուի քանի մը...

50 Տարի Առաջ

Ազգ. Բուժարանի Խնամակալութեան Մամլոյ Ասուլիսը Հայ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան կազմակերպած թէյասեղանը, ի պատիւ լիբանանահայ թերթերու խմբագիրներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 13 փետրուար 1965, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ամերիկեան համալսարանի Ալիւմնայ քլապին մէջ, նախագահութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ արքեպիսկոպոսի: Ներկայ էին բուժարանին բժշկական յանձնախումբերու անդամ յարգելի բժիշկներ, Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անդամուհիներ եւ մամուլի խմբագիրներ ու թղթակիցներ: Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կողմէ բաժակ մը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր բարեկամները շատ ուշադիր պիտի ըլլան ձեր նկատմամբ: Անոնցմէ մէկը ձեզի պիտի օգնէ սիրով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Վախը եւ յարգանքը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Ձեր ունենալիք օրուան հանդիպումները յաջողութեամբ պիտի պսակուին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ջանացէք ճանչնալ եւ ներդաշնակել մարմինը եւ հոգին: Հանգստութիւն եւ սննդականոն կարեւոր ազդակներ են ձեր կեանքը դասաւորելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Միհրան Շիմշիրեանի մահուան Ա. տարելիցին առիթով` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեան 20,000 լ. ո. Յարութ Առաքելեանի մահուան քառասունքին առիթով` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեան 15,000 լ. ո.

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1965)

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Տօնակատարութիւնը Երէկ` կիրակի, 14 փետրուար 1965-ին, մեծ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուան տօնակատարութիւնը: Շաբաթ երեկոյեան, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ոչխարներ զենուեցան, եւ սկսաւ աւանդական հարիսայի պատրաստութիւնը: Կիրակի, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը, առաւելաբար սիսեցի, եկեղեցի փութաց` ներկայ գտնուելու հանդիսաւոր արարողութեանց: Հրաւիրեալներու շարքին ներկայ գտնուեցան Խադ արք. Աջապահեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Page 356 of 361 1 … 355 356 357 … 361

Արխիւներ