Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կին Դէմքեր. Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես` Արշալոյս Մարտիկանեան

Փետրուար 19, 2015
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

21915_Ravished_ArmeniaՕրորա (Արշալոյս) Մարտիկանեան ծնած է Չմշկածագ, 1901-ին: Ան բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակն էր: Հայրը կը զբաղէր գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ: Ցեղասպանութեան ժամանակ Արշալոյսը ականատես կը դառնայ իր ծնողներուն սպանութեան, կը կորսնցնէ քոյրերն ու եղբայրները եւ տեսակաւոր չարչարանքներու կ՛ենթարկուի: 14 տարեկան աղջնակը կը վաճառուի գերիներու շուկան եւ կը ստիպուի որոշ ժամանակ մը մնալ թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ: Սակայն Արշալոյսը հրաշքով կը փրկուի. անոր կ՛օգնէ հայ հովիւ մը: Արշալոյսը լեռնային ճամբաներով կը հասնի Էրզրում, որ այդ օրերուն կը գտնուէր ռուսական զօրքերու վերահսկողութեան տակ: Այնուհետեւ Արշալոյս կը յաջողի հասնիլ Միացեալ Նահանգներ:

«Յօշոտուած Հայաստան»
Եւ «Հոգիներու Աճուրդը»

21915_Auction_Of_Souls-flyer1917-ին Մ. Նահանգներու մէջ հօրեղբայրը գտնելու նպատակով Արշալոյս Մարտիկանեան յայտարարութիւն կը դնէ «Նիւ Եորք» թերթին մէջ. այդ յայտարարութիւնը կը գրաւէ հանրութեան ուշադրութիւնը:

Արշալոյսին պատմութիւնը կը հետաքրքրէ ամերիկացի բեմագիր Հարվի Կէյցը. ան իր հովանաւորութեան տակ կ՛առնէ Արշալոյսը եւ կը փափաքի գրի առնել անոր պատմութիւնը: Գիրքը լոյս կը տեսնէ անգլերէն լեզուով` «Յօշոտուած Հայաստան» անունին տակ:

«Յօշոտուած Հայաստան»-ը կը վերածուի ժապաւէնի` «Հոգիներու աճուրդը», եւ առաջին անգամ կը սփռուի 1919-ին: Ժապաւէնը կազմուած էր 20 վայրկեաննոց 8 բաժիններէ եւ 531 տեսարաններէ, որոնք կը ցուցադրէին բարբարոսութիւնները, որոնց ենթարկուած էր հայ ժողովուրդը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս առաջին գեղարուեստական ժապաւէնին գլխաւոր դերը կատարեց ինք` Արշալոյս: Օրին ժապաւէնը մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ. 30 միլիոն տոլարի հասոյթը կը տրամադրուի Մերձաւոր Արեւելքի 60 հազար հայ որբերու կենսապահովման:

Ներկայիս ժապաւէնէն մնացած է ընդամէնը մէկ տասներորդ մասը, իսկ մնացեալը անհետացած է: Այդ հատուածը այսօր պահպանուած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ուր ցուցասրահներէն մէկը նուիրուած է Արշալոյս Մարտիկանեանին:

«Հայ Ժան Տ՛Արքը»

21915_Aurora_Mardiganian_2013_Armenian_stampՄեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած հայերուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Արշալոյս Մարտիկանեանը: Այս արիասիրտ հայուհին` «Հայ Ժան տ՛Արքը», ինչպէս զայն կոչեր են ամերիկացիները, ճակատագրի բերումով հարկադրուեր է կրկին ու կրկին ապրիլ հայոց գողգոթան` անգամ մը զայն ապրելով, երկրորդ անգամ մը զայն պատմելով եւ երրորդ անգամ` որպէս դերասանուհի իր կեանքը պատմող ժապաւէնին մէջ առաջին հերոսուհիի դերը խաղալով:

Արշալոյս Մարտիկանեան մեռաւ Լոս Անճելըս: 1994-ին:

Նշենք, որ «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը թարգմանուած է ռուսերէնի, իսկ գիրքին թրքերէն տարբերակը լոյս տեսաւ անցեալ տարի, «Փենճերէ» հրատարակչատան կողմէ:

Վերջապէս, նկարին վրայ կը տեսնենք Արշալոյս Մարտիկանեանին նուիրուած դրոշմաթուղթը, որ տպուեցաւ Հայաստան, 24 սեպտեմբեր 2013-ին:

Ցեղասպանութենէն Վերապրած
Արշալոյս Մարտիկանեանի Յուշերուն
Հիման Վրայ Ժապաւէն Կը Պատրաստուի

05.020206auroraՀայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած Արշալոյս Մարտիկանեանի (Օրորա) յուշերուն վրայ հիմնուած եւ 1918-ին Հոլիվուտի մէջ նկարահանուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող առաջին շարժապատկերին վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստուի Հայաստանի մէջ: Նոր շարժապատկերին հեղինակն ու արտադրողը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն է: Շարժապատկերը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ:

Արշալոյսը Մարտիկանեաններու բազմանդամ ընտանիքի երրորդ զաւակն էր: Անհոգ մանկութիւն, անխռով ընտանեկան կեանք, ջութակահար դառնալու մանկական երազանք, սակայն…

Ցեղասպանութենէն վերապրած Օրորան դարձաւ հանրաճանաչ, սակայն ան աստղ դառնալու պատրաստ չէր: Արշալոյս-Օրորայի պատմութիւնն ու ժապաւէնը մնացին լուսարձակներէ հեռու, մոռցուեցան, մոռցուեցաւ նաեւ Օրորան: Ան մահացաւ մենութեան մէջ` մերժուած բոլորին կողմէ:

Բայց ան պիտի յայտնուի նոր առաքելութեամբ ու նոր պատգամով:

Ժապաւէնին ամփոփ ներկայացումը կարելի է տեսնել այս կայքէջին միջոցով. https://www.youtube.com/watch?v=sa4X1Mwj3LU

 

Կրիֆոնին Բարիքները

21915_imagesԹէեւ կրիֆոնին թթու-լեղի համը շատերու քիմքին համար անհաճոյ է, բայց եւ այնպէս այս պտուղը սննդական մեծ արժէք կը ներկայացնէ: 88 առ հարիւր ջուրէ բաղկացած այս պտուղը կը պարունակէ Սէ., Ա., Պէ.3, Էօ. եւ Քա. կենսանիւթերը, փոթասիոմ եւ քալսիոմ հանքայինները եւ կարեւոր քանակութեամբ բնաթել: Ահա թէ ինչո՛ւ այս պտուղը յանձնարարելի է գրեթէ բոլորին:

– Կրիֆոնը քիչ քանակութեամբ շաքար կը պարունակէ:
– Անիկա զերծ է իւղերէ:
– Մարսողական յատկութիւններ ունի:
– Կ՛օգնէ նիհարնալու:
– Կը նուազեցնէ գէշ քոլեսթերոլը:
– Կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը:
– Կը կանխարգիլէ քաղցկեղը: Հիւանդութիւնը չի բուժեր, բայց կրնայ կասեցնել անոր յառաջխաղացքը:

Կրիֆոն ուտելէ կամ անոր հիւթը խմելէ պէտք է զգուշանան բոլոր անոնք, որոնք միզային բորբոքումներ կամ մէզը զսպելու դժուարութիւն ունին: Այս անձերը պէտք է դիմեն իրենց բժիշկին խորհուրդին:

Հաստատուած է նաեւ, որ կրիֆոնը կրնայ նուազեցնել կամ աւելցնել կարգ մը դեղահատերու ազդեցութիւնը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի քոլեսթերոլը դարմանող դեղահատերուն:

 

 Տեսողութիւնը Բարելաւող Ուտելիքներ

Ակնաբուժներու կարծիքով, կան 6 տեսակի ուտելիքներ, որոնք զգալիօրէն կը բարելաւեն տեսողութիւնը:

21915_Eggs1.- Հաւկիթին դեղնուցը

Հաւկիթին դեղնուցին մէջ գտնուող լիւթէին կոչուած անթիօքսիտանը զգալիօրէն կը նուազեցնէ 65 տարեկանը թեւակոխած անձերուն մօտ յայտնուող տեսողական հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:

 ***

21915_shomin2.- Շոմինը

Շոմինը եւ մութ գոյնի շատ մը կանաչեղէններ, շնորհիւ իրենց պարունակած քարոթենոյիտին, աչքերը կը պաշտպանեն տեսողութեան հետ կապ ունեցող հիւանդութիւններէն, որոնց կարգին` քաթարաքթէն:

***

21915_arton1027-b76163.- Իւղոտ ձուկը

Իւղոտ ձուկերը, որոնք մեծ քանակութեամբ Օմեկա 3 կը պարունակեն, մեծապէս կը նպաստեն տեսողութեան պահպանման եւ բարելաւման:

 ***

21915_20_Masks_24.- Հատապտուղները

Հատապտուղները մեր աչքերուն ամէնէն օգտակար ուտելիքները կը համարուին` շնորհիւ իրենց պարունակած Ա., Սէ., Էօ. կենսանիւթերուն եւ զինկին: Սէ. կենսանիւթը աչքի ճնշման բարձրացման դէմ է: Ա. կենսանիւթը որպէս  հակաօքսիտան` կը կանխարգիլէ աչքերու բորբոքումը, իսկ Էօ. կենսանիւթը կրնայ կանխարգիլել քաթարաքթի յառաջացումը:

 ***

21915_Carottes5.- Ստեպղինը

Որքան ալ զարմանալի թուի, յաճախակի ստեպղին ուտելով` կարելի է բարելաւել գիշերային (մութի մէջ) տեսողութիւնը եւ ընդհանրապէս պահպանել տեսողութիւնը:

 ***

21915_-amande6.- Նուշը

Վերը յիշուած օգտակարութիւնները հաւասարապէս կը վերաբերին նաեւ նուշին, որ նոյնպէս հարուստ է Ա., Սէ. եւ Էօ. կենսանիւթերով:

 

Խոհագիր

Ճակնդեղով Եւ Կրիֆոնով Աղցան

21915_recette-salade-Բաղադրութիւն 4 անձի համար

– 4 – 5 հատ միջակ չափի ճակնդեղ
– 2 վարդագոյն կրիֆոն
– 2 ապուրի դգալ կարմիր քացախ
– 1 ապուրի դգալ կծու մանանեխ
– 2 թէյի դգալ մեղր
– Աղ
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– Թարմ անանուխ

Պատրաստութիւն

Ճակնդեղները խաշել եւ սպասել, որ քիչ մը պաղին, ապա կեղուել եւ կլոր շերտել:

Կրիֆոնները կեղուել, նաեւ` մաքրել պտուղը պատող ճերմակ խաւը եւ դարձեալ կլոր շերտել:

Ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը, աւելցնել շերտուած ճակնդեղներն ու կրիֆոնները, զգուշօրէն խառնել եւ փոխադրել ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ:

Հրամցնել գաղջ կամ սենեակի ջերմաստիճանով: Երեսը զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով եւ կամ` մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ձիւն, Մի՛ Իջիր

Ձիւ՛ն, մի՛ իջիր իմ վարսերին,
Ա՜խ, ես այնքան ջահել եմ դեռ,
Մինչեւ հիմա կեանքի վերից
Երազներով սահել եմ դեռ:

Երէկ էր լոկ, որ ես ճերմակ
Զոյգ ժապաւէն էի կապում.
Իսկ դու այսօր պաղ ու ճերմակ
Սառոյցներ ես դէմս կապում:

Եւ ինչո՞ւ ես դու շտապում,
Փաթիլներըդ վրաս թափում,
Մի տես որքան կայծ ու կրակ,
Կանաչ, կարմիր երազանքներ,
Մի տես որքան կարօտ ու սէր,
Հոգուս խորքում պահել եմ դեռ:

ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը
Կնոջական

Խաղաղութեան Ուղերձ Կրող Հագուստը

Հոկտեմբեր 23, 2025
Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ
Կնոջական

Մենք Ցանկութիւն Կ՛ունենանք Ուտելու Այն, Ինչի Պակասը Կայ Մեր Մարմնին Մէջ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քանդակի Մը Պատմութիւնը.  «Գրքասէրը»
Կնոջական

Քանդակի Մը Պատմութիւնը. «Գրքասէրը»

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?