ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզ հետաքրքրող հարցերը եւ յուզումները քաջաբար արտայայտեցէք: Այս ընելով շատ բան կը շահիք: Անիմաստ հարցերով մի զբաղիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջինները ձեր գաղտնիքները պիտի պահեն: Վախնալիք ոչինչ ունիք: Օրը ձեզ պիտի գօտեպնդէ վստահութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամներու միջեւ համախմբում մը պիտի տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր: Շատ ուրախութիւն ունիք բաժնեկցելու: Ուրեմն ժամերը կարեւոր չեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզ խրատ պիտի տան ձեր ասպարէզին զարգացումին համար: Գոհ պիտի մնաք` հետեւելով նոր ուղղութիւններու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հետաքրքրութիւնը պիտի ունենաք սորվելու ամէն ան: Շատ տեղեկութիւն պիտի ունենաք ձեզ հետաքրքրղ հարցերու մասին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճիշդ է, որ դրամը երջանկութիւն չի բերեր, բայց այս չի նշանակեր, որ առանց դրամի կարելի է ապրիլ: Կեանքը նաեւ կը սորվեցնէ ուրիշ սովորութիւններ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար վիճաբանութենէ ետք պահն է հաշտուելու: Օգտակար է միշտ լսել ձեզի տրուած խրատները, առանց դժկամութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծանրաբեռնուած էք, ուրեմն գործի անցէք, առանց ժպիտը կորսնցնելու: Երեկոյեան շատ գոհ պիտի մնաք տեսնելով ձեր շահեկան իրագործումները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզանք կիրարկելը ձեր մարմինը պիտի երիտասարդացնէ: Սիրեցէք մարզանքը եւ հետեւողական եղէք առանց ծուլանալու: Մեծապէս պիտի օգտուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Սորվեցէք ըսել խօսքերը ճշգրտութեամբ, եթէ նոյնիսկ դժուարութիւն պիտի ունենաք արտայայտուելու: Ճշմարտութիւնը ըսելը առաքինութիւն է:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Առանց աշխարհի միւս ծայրը երթալու պիտի զգաք, թէ ձեր երկրէն դուրս ելած էք, հետաքրքրուելով այն ամէն ինչով, որոնք ձեզ շրջապատած են:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ոչինչ պիտի զարմացնէ ձեզ այնքան ատեն որ ձեզ հետաքրքրող ոչինչ կայ: Դիւրահաւան ըլլալը անօգուտ կեցուածք է: Արթուն եղէք: