50 Տարի Առաջ (5 Մարտ 1965)
Նշանաւոր Հայեր Ամերիկայի Մէջ Հայ Մը Իր Հայրենիքին Մանրանկարը Կը Պատրաստէ 64 տարու հայ մը, որ Ամերիկա գացած է 41 տարի առաջ, ներկայիս կ՛օգտագործէ իր հանգստեան թանկագին ժամերը իր հայրենիքին սրբազան մասունքներու մանրանկարները կառուցելով իր պարտէզին մէջ: 1950-էն ի վեր, բնիկ վանեցի Ենովք Տէր Յակոբեան իր ժամանակը տրամադրած է յաւիտենականութեան յանձնելու հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի ճարտարապետական գոհարները, որոնք կը ներկայացնեն քրիստոնէական...



