ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր բարեկամները շատ ուշադիր պիտի ըլլան ձեր նկատմամբ: Անոնցմէ մէկը ձեզի պիտի օգնէ սիրով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Վախը եւ յարգանքը իրարու հետ մի՛ շփոթէք: Ձեր ունենալիք օրուան հանդիպումները յաջողութեամբ պիտի պսակուին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ջանացէք ճանչնալ եւ ներդաշնակել մարմինը եւ հոգին: Հանգստութիւն եւ սննդականոն կարեւոր ազդակներ են ձեր կեանքը դասաւորելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Իրաւունք ունիք լաւատես ըլլալու: Դրական փոփոխութիւն մը կ՛երեւի հորիզոնին վրայ` տնտեսական եւ մարդկային յարաբերութիւններու տեսակէտէն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ հոգեբան մը եղէք, լաւագոյն արդիւնքը պիտի ստանաք` հարցերուն իրապաշտօրէն մօտենալով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առողջութիւնը կայուն պիտի մնայ` ըստ ձեր տրամադրութեան: Շարունակեցէք նոյն ձեւով կատարել ձեր աշխատանքները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ սիրալիր օր մը պիտի ունենաք ընտանիքի անդամներուն հետ: Ձեր սրտէն բխած լաւագոյն մաղթանքները փոխանցեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մի՛ տատամսիք օգնութիւն խնդրելու ձեր բարեկամներէն: Պիտի տեսնէք, թէ անոնք ձեզի օգտակար պիտի ըլլան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Առողջարար ուտելիքներ կերէք, ասիկա չի նշանակեր ըսել` քիչ կերէք: Այս ձեւի սննդառութիւնը ձեր մարմինը առողջ եւ բարեձեւ կը պահէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պարզ գիտելիքներու վրայ հիմնուեցէք: Ամէն ինչ գիտնալու փափաքը մի՛ չափազանցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք կը կատարէք այն, ինչ որ դուք կ՛ուզէք ընել, առանց ուրիշին գործերը խանգարելու: Բարեխիղճ տրամադրութիւն ունեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի մօտենան շատեր` արտայայտուելու շատ բնական ձեւով: Դուք վստահելի անձ մը կը նկատուիք բոլորին համար: