50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1965)
Փաստերը Կը Դատապարտեն Հայկ. Ջարդերու Ականատեսները Կը Վկայեն Հայկական ջարդերու մասին օտար ականատեսներու յուշերէն եւ ուսումնասիրութիւններէն քաղելով` ստորեւ կը ներկայացնենք կարգ մը վկայութիւններ. Անգլիացի ականաւոր պատմաբան միջազգայնագէտ Առնոլտ Թոյնպի կը գրէ. «Օսմանեան կառավարութիւնը չի կրնար իր յանցագործութիւնը քողարկել նախազգուշական միջոցառումներու անուան տակ... նման արդարացում մը ամբողջովին կը հակասէ փաստերուն: «Այդ հայերը պատերազմական գօտիի մէջ չէին բնակեր: Ոչ մէկը այդ քաղաքներէն...




