Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Պաշտօնակիցի մը դիմաց ուժի ցուցադրութիւն մի՛ ընէք, կը կորսնցնէք: Ամէն պարագայի ուշադիր եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Աշխատանքի մէջ պէտք է ըլլաք ուղղութիւն տուող եւ ոչ թէ պարտադրող: Այսպիսով յաւելեալ եկամուտ կ՛ունենաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Զուարճալիքները եւ արուեստները ի պատուի պիտի ըլլան: Երբեմն զուարճանալը լաւ ազդեցութիւն կ՛ունենայ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

Զատկուան Յարդարանքներ

Զատկուան Յարդարանքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Բացի զատկուան տօնածառէն, որ վերջին տարիներուն շատ ընդհանրացաւ, Զատկուան տօնին առիթով կարելի է տունը զարդարել ձեռքի տակ գտնուող սովորական իրերով, զորս կարելի է ձեռք ձգել նաեւ «ուան տալըր»-ի խանութներէն: Ինչպէս նկարները ցոյց կու տան` ա.- Կարելի է տան մոմակալները օգտագործել` անոնց վրայ նախշուած հաւկիթներ զետեղելով: բ.- Կարելի է ապակեայ ծաղկամաններ կամ ոտքով բաժակներու մէջ թարմ խոտ կամ...

50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1965)

Թուրք Թերթի Մը Կեղծաբոյր Գրութիւնը Հայոց Մասին «Մոռնանք Անցեալը Եւ Եղբայրօրէն Ապրինք Այլեւս» Պոլսոյ «Թերճիւմաճ» թերթին մէջ Ահմետ Գապագճը ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածին կու տանք գլխաւոր մասերը.- - Հելլէն գործակալ յոյն կրօնաւորներ եւ կարգ մը արիւնարբու պնդագլուխ մարդիկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ փորձուեր են թրքութեան դէմ գրգռել թուրքերու անխարդախ բարեկամ հայերը: 24 ապրիլ 1965-ը յիսնամեակն է եղեր թրքահայերու տեղահանութիւններուն, նոյն օրը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքի եւ տան մէջ լաւ գործունէութիւն պիտի ունենաք: Օրը պիտի անցնի ուրախ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ժամանակ պիտի ունենաք տրամադրելու զբօսանքի եւ մարզանք կատարելու: Օրը յաջող պիտի անցնի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտանեկան հարցերով զբաղեցէք: Ձեր դատողութիւնը պէտք է յստակ ըլլայ, որպէսզի արդարութիւնը տեսնէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Պիտի խորացնէք ձեր ծանօթութիւնը`...

50 Տարի Առաջ (1Ապրիլ 1965)

Հայրենիք Հայրենիք` ա՛յն շտեմարանը, ուր հոգիներու հազարամեայ կուտակումէն բացարձակ եւ անժամանցելի արժէքներ կը գոյաւորուին: Ի զուր մարդկութեան իմաստասէրներն ու հանճարները փորձեցին բնութագրել ու բանաձեւել անչափ բարդ ու բազմաբովանդակ  «հայրենիք»-ի ըմբռնումը: Այսօր ալ, ի սպա՛ռ ապարդիւն է յուսալ, թէ հնարաւոր է գտնել անոր հոգեմտաւոր իմաստի ամբողջութիւնը ընդգրկող որեւէ իմացական սահմանում: Եւ սակայն կարելի է հանդիպիլ դատողութեանց, որոնց մէջ յանկարծակիօրէն կուռ ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր վատ տրամադրութիւնը օրուան բարի լուրերուն հետ ներդաշնակ չեն, հետեւաբար չար միտքերը վանեցէք ձեզմէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր սիրած անձին հետ կատակ մը պիտի ընէք, որ հաճելի պիտի չթուի: Շատ հեռուները մի՛ երթաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տխրութիւն եւ հոգեկան անորոշութիւն պիտի ազդեն ձեր վրայ: Հարցերը շատ մի՛ քննարկէք, լաւատես եղէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (31 Մարտ 1965)

Թրքական Թերթերէն Ետք Պոլսոյ Եւ Անգարայի Ռատիոներն Ալ Սկսան Հակահայ Ձայնասփռումներու Թուրք Կառավարութիւնը Հարկ Եղած Միջոցները Ձեռք Առած Է Կանխելու Համար Ցոյցերը Կ՛ըսէ Անգարա «Դաշնակներու Եւ Մոլեռանդ Հայերու Գործն Է Վերարծարծումը Թաղուած Ու Կորսուած Դէպքի Մը» Կ՛ըսէ Թրքական Թերթ Մը Թրքական թերթերէն ետք Պոլսոյ եւ Անգարայի ձայնասփիւռներն ալ սկսած են թունալից եւ գրգռիչ լուրեր ձայնասփռել արտասահմանի հայութեան հասցէին` յիսնամեակի առթիւ տեղի ունենալիք ոգեկոչումներու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի կարենաք լաւ տրամադրութիւն ստեղծել ձեր աշխատանքին մէջ, նոյն ատեն` հաճելի: Մնացէք նոյն տրամադրութեամբ, նաեւ` ուրիշ օրեր: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տարեց անձեր պիտի կարենան օրինակելի դասեր տալ իրենց շրջապատին: Հետեւեցէք փորձառու անձերու խրատին եւ կարծիքին:, ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կ՛ուզէք գոհունակութիւն ունենալ, դիւանագէտ եղէք: Ճշմարտութիւնը ըսելը անհաճոյ կը թուի շատերուն: Առածը...

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1965)

Խմբագրական Մխացող Հողեր... «Եթէ Մակարիոս եւ Կրիվաս գործադրեն իրենց սպառնալիքները թուրք-կիպրական համայնքին դէմ, կարելիութիւնը պիտի ունենանք կղզին դարձնելու մխացող հող մը, ուր վերապրողները ո՛չ ճամբայ պիտի գտնեն, ո՛չ կամուրջ, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ պարէն, ո՛չ իսկ երդիք մը` պատսպարուելու համար»: «ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ» Վերի տողերը առնուած են «ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ»-էն, պաշտօնաթերթ` Կիպրոսի թրքական համայնքին: Թուրքերը հանրածանօթ են իրենց պոռոտախօսութեամբ, ջախջախիչ պարտութիւններու առթիւ թուրք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սէրը կը կազմուի վայրկեան առ վայրկեան: Գնահատեցէք ձեր պատմութեան իւրաքանչիւր վայրկեանը: Կարեւորը անկեղծ ըլլալն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տան մէջ լաւ մթնոլորտ կը տիրէ: Իրարու հետ պիտի զրուցէք առանց կողմնակալութեան: Գիտակցութիւնը շինիչ է: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ծարաւը ունիք սորվելու եւ դիւրութեամբ պիտի յագեցնէք ձեր պահանջը: Դուք ալ ձեր կարգին ձեր սորվածը...

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ան ներկայ է մեր բոլոր տօներուն եւ հանդիսութիւններուն. Կաղանդ, Զատիկ, Ծնունդ, հարսանիք... Ան թէ՛ փոքրերուն, թէ՛ ալ մեծերուն կողմէ շատ սիրուած տուրմն է: Հետեւինք անոր արկածախնդրութիւններուն արեւադարձային շրջաններէն մինչեւ մեր ապրած երկիրներու խանութները հասնիլը: Վստահաբար բոլորս պիտի ուզէինք մեր տան առջեւ ունենալ ծառ մը, որուն վրայ կը բուսնին տուրմի կտորներ: Անշուշտ նման ծառեր գոյութիւն չունին: Սակայն,...

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1965)

«Յիսնամեակը»   Ապտիւլ Համիտ Եւ Միսիոնարները   Յիսնամեակի զանազան աշխատանքներու ընթացքին, մեր կատարած ուսումնասիրութիւններու առիթով, գտանք բազմաթիւ նիւթեր, որոնք ցարդ փոշիներու տակ մնացած են: Ամերիկեան պարբերաթերթերու մէջ գտանք այնպիսի նիւթեր, նկարներ, որոնք երբեք չէինք հանդիպած: Այս բոլորը անշուշտ հաւաքուելու են, մանաւանդ նկարները, որոնք հարիւրներվ փոշիներու մէջ կը մնան ամերիկեան զանազան գրադարաններու մէջ: Յիսնամեակի առիթով այս գործը եւս պէտք է կատարել:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յիշատակները կ՛արթնցնեն խոր վէրքերը: Պէտք է ապրիլ անոնցմով, բայց` ոչ ենթարկուիլ: Քաջ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադիր եղէք կլիմայի փոփոխութեան: Լաւ հագուեցէք ցուրտէն պաշտպանուելու համար: Անհոգութիւն մի՛ ընէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Մինչեւ ամսուան վերջը ուշադրութեամբ ծախսեցէք ձեր դրամը, որպէսզի բացի չմնաք խնայասէր եղէք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Պէտք է քիչ...

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1965)

Խմբագրական Ինչպէ՞ս Մոռնալ... Ֆրանսական գործակալութիւնը 23 մարտի իր հաղորդագրութեան մէջ մասնաւոր կարեւորութեամբ մէջբերումներ ըրած էր թրքական «Ուլուս» օրաթերթի խմբագրականէն, որ լոյս տեսած է ստորագրութեամբ թուրք երեսփոխան Ճիհատ Պապանի: Լիբանանեան գրեթէ բոլոր թերթերը հրատարակեցին այդ մէջբերումները, որոնց տեղեակ եղան նաեւ մեր ընթերցողները «Ազդակ»-ի չորեքշաբթիի թիւով: Զարմանք չպատճառեցին մեզի թուրք թերթին թրքավայել մեկնաբանութիւնները: Գիտէինք, թէ թուրքը լուռ պիտի չմնար այս օրերուն, երբ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծնողք-զաւակ փոխյարաբերութիւնները լաւ ընթացքի մէջ պիտի ըլլան: Ուրախ-զուարթ տրամադրութիւն պիտի ստեղծուի ընտանեկան յարկին տակ. շարունակեցէք նոյն ձեւով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան տրամադրութիւնը պիտի յառաջացնէ օրուան ծրագիրները դէպի յաջողութիւն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գործատէր անձերը պիտի արտայայտեն իրենց գոհունակութիւնը` տեսնելով ձեր յաջող աշխատանքը: Անոնք նոր գործեր պիտի յանձնեն ձեզի: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

50 Տարի Առաջ (25 Մարտ 1965)

Մարդկութիւնը... Եւ Թուրք Ախոռը Այն դժոխային մտածումը, զոր թուրք ցեղասպաններ յղացած էին իրենց սադայէլական ուղեղներուն մէջ, կրկին յիշուեցաւ վերջերս մեր անխոնջ աշխատակից Հայկազն Գ. Ղազարեանի յօդուածաշարքերով, որոնք կը ներկայացնէին թուրք ոճրագործ կազմակերպութեան` Իթթիհատի ղեկավարներուն դաւադրութիւնը եւ ամբողջական ոճիրը` հայ ժողովուրդին դէմ: Տոքթ. Նազըմ, Պ. Շաքիր կամ Թալէաթ կոչուած այդ հրէշները, մարդկային ամէն երեւակայութիւն գերազանցող սառնասրտութեամբ, իրենց ժողովներու ընթացքին, մանրամասն բացատրած...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Արուեստը եւ բնութիւնը լաւ ազդեցութիւն պիտի գործեն ձեր վրայ: Օրը պիտի անցնի ուրախ մթնոլորտի մէջ: Անհոգ եղէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Կարեւոր է, որ վստահութիւն ներշնչէք ձեր գործաւորներուն: Ուրեմն անտեղի խստութենէ եւ աւելորդ պահանջներէ հեռու կեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ջղային էք, ձեր խօսքերուն ուշադիր եղէք ընտանիքին անդամներուն եւ ձեր պաշտօնակիցներուն դիմաց: Զուր...

50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1965)

Հերթը Մերն Է Հա՛յ ժողովուրդ, Դարաւոր քո կեանքի պատմութիւնը, որ յեղափոխութեան մը արձանագրութեամբ սկսած է, եւ որ տեւական պայքարներուդ ու մանաւանդ տեւական մարտիրոսագրութեանդ պատմութիւնը եղաւ, լեցուն է ողբի ու նահատակումի արձանագրութեանց յատկացուած կարմիր էջերով. բայց 1915-ի արհաւիրքին յատկացուած ծաւալուն էջը, այդ կարմիր էջերուն ամէնէն բոսորն ու ամէնէն սարսռազդեցիկն է: Այդ թուականին էր, որ Մոնկոլիոյ տափաստաններէն դարեր առաջ ճամբայ ելած բարբարոս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նոր կազմաւորում մը ուսման վերաբերեալ` օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ապագայի գործունէութեան: Կ՛արժէ հետեւիլ այս ծրագիրին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր օրուան ծախսերուն մօտէն հսկեցէք, որպէսզի ամսուան վերջը նիւթական դժուարութեան չմատնուիք: Խոհեմ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Օրուան ձեր բախտը շատ պայծառ եւ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Քալեցէք ձեր ճամբան` առանց մտահոգուելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

Page 352 of 361 1 … 351 352 353 … 361

Արխիւներ