ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Առողջական հարցեր պիտի ունենաք, ինչ որ պիտի զբաղեցնէ ձեզ` մէկ կողմ ձգած օրուան սովորական աշխատանքները: Մտահոգուելու պէտք չունիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ժամանակ պիտի ունենաք տրամադրելու ձեր անձնական ծրագիրներու իրականացման: Նման պարտաւորութիւններ պէտք չէ յետաձգել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շուրջիններուն վստահութիւն ներշնչելու աշխատանք տարէք: Առանց փոխադարձ վստահութեան` չէք կրնար յառաջդիմել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Իրարու օգնելը լաւագոյն միջոցն է յաջողութեան: Ընկերութեան մէջ առանցնաբար աշխատիլը եսասիրութիւն է, ինչ որ անհաճոյ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր դրական եռանդը արտայայտեցէք: Լաւատեսութիւնը առիւծներու նկարագրին դրական երեսը ցոյց կու տայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յստակօրէն ըսէք այն, ինչ որ կը փափաքիք, երբ կալուածային առուծախի ելած էք: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք. երկմտութիւնը չի յաջողեցնէր գործը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Առաջարկեցէք ձեր աջակցութիւնը գործի մը վերաբերեալ, ցոյց տուէք ձեր գործակցութեան փափաքը, որ դրական արդիւնք պիտի տայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միայն սիրով կրնաք ապրիլ, պէտք չունիք ձեւակերպութեան, արտայայտեցէք դուք ձեզ այնպէս, ինչպէս որ էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տան մէջ խիստ մի՛ ըլլաք, եթէ կը հաճիք, քիչ մը ճկուն եղէք: «Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ», կ՛ըսէ առածը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արտայայտեցէք ձեր ակնկալութիւնները, որոնք պիտի արդարանան: Անկեղծ արտայայտութիւնը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը գեղեցիկ է` աշխատանքի մէջ յաջողութիւններ արձանագրելու. զգուշ եղէք սխալ գործելէ, որպէսզի օրը անցնի խաղաղ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր արտաքին տեսքը բարելաւելու աշխատանք պիտի տանիք: Նոր հագուստ մը գնեցէք, որ յարմարի ձեր մարմնին եւ արդուզարդին: