Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (31 Մարտ 1965)

Մարտ 31, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական Թերթերէն Ետք Պոլսոյ Եւ Անգարայի
Ռատիոներն Ալ Սկսան Հակահայ Ձայնասփռումներու

Թուրք Կառավարութիւնը Հարկ Եղած Միջոցները Ձեռք Առած Է
Կանխելու Համար Ցոյցերը

Կ՛ըսէ Անգարա

«Դաշնակներու Եւ Մոլեռանդ Հայերու Գործն Է
Վերարծարծումը Թաղուած Ու Կորսուած Դէպքի Մը»

Կ՛ըսէ Թրքական Թերթ Մը

Թրքական թերթերէն ետք Պոլսոյ եւ Անգարայի ձայնասփիւռներն ալ սկսած են թունալից եւ գրգռիչ լուրեր ձայնասփռել արտասահմանի հայութեան հասցէին` յիսնամեակի առթիւ տեղի ունենալիք ոգեկոչումներու պատճառով:

Պոլսոյ ձայնասփիւռը մարտ 24-ի հաղորդումներու ընթացքին յայտարարեց.

Յոյները սկսան հայերը մեզի դէմ գրգռել: Անգարա հասած տեղեկութեանց համաձայն, հելլէները եւ Կիպրոսի յոյները թրքութեան դէմ իրենց ի գործ դրած անմարդկային խժդժութիւնները մոռացութեան տալու համար հիմա ալ սկսած են հայերը մեզի դէմ գրգռել` շահագործելով յիսուն տարի առաջ պատահած հայկական ջարդերու խնդիրը: Կէս դար առաջ պատահած խնդիր մը հիմա նորէն կ՛արծարծեն զայն թրքութեան դէմ իբրեւ զէնք գործածելու համար:

Անգարայէն կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.-

Ստացուած տեղեկութեան համաձայն, թուրք կառավարութիւնը հարկ եղած բոլոր միջոցները ձեռք առած է կանխելու համար հայկական ցոյցերը, 1915-ի դէպքերուն յիսնամեակին առթիւ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ խօսնակը ըսաւ, թէ արդարեւ յոյներն ու հելլէնները դրդած եւ գրգռած են հայերը` 24 ապրիլին այսպիսի հանրահաւաքներ գումարելու համար: Թուրք կառավարութիւնը շատ մը փաստաթուղթեր հաւաքած է այդ մասին: Ճշդուած է, որ 24 դեկտեմբերին Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանու փոխադարձութիւն մը գտնելու համար թուրք պատուիրակ Օրհան Էրափլի ամբաստանութիւններուն` ըսած է, թէ հայերը սգահանդէսներ պիտի սարքեն այդ յիսնամեակին առթիւ: Այս խօսքերէն ետք փոքրաթիւ հայեր պատրաստութեանց ձեռնարկած են 1915-ի յիսնամեակին առթիւ սգահանդէսներ սարքելու համար:

Թաղուած Ու Կորսուած Դէպք Մը…

Յիսուն տարի առաջ թուրքերու եւ հայերու միջեւ պատահած դէպք մը ամբողջ աշխարհի առջեւ շահագործելով` հելլէները նպատակ ունէին իրենք զիրենք մաքուրի հանել: Արտասահմանի մէջ ապրող հայերը չեն ուզած սակայն գործիք ըլլալ հելլէններու այս գրգռութիւններուն եւ ըսած են, թէ այլեւս անօգուտ կ՛ըլլայ վերարծարծել դէպք մը, որ թաղուած ու կորսուած է պատմութեան էջերուն խորը: Կարգ մը մոլեռանդ հայեր, որոնց թիւը շատ քիչ է, հաւանական է, որ գործիք ըլլան հելլէններու եւ յոյներու գրգռիչ նպատակներուն:

Դաշնակներուն Հետ…

«Սոն Հաւատիս» թերթը կը գրէ.-

Ճշդեցինք, թէ յոյները սկսան գրգռել հայերը, եւ 24 ապրիլին ամբողջ աշխարհի մէջ պիտի ոգեկոչեն հայոց ջարդերուն յիսնամեակը եւ Թուրքիոյ դէմ ցոյցեր պիտի ընեն: Դաշնակ միութեան ուժ տուող հելլէնները եւ յոյները առիթէն կ՛օգտուին հայերը գրգռելու համար թուրքերու դէմ: Թուրք կառավարութիւնը վերահասու է այս ձեռնարկներուն, որոնք կոչուած են ապարդիւն մնալու:

Թրքական Թերթերու Գրգռութիւնները

Շատ անկանոն կը ստանանք Պոլսոյ թերթերը: Մարտ 25 թուակիր «Մարմարա»-ի մէջ ակնարկութիւն կայ «Հեր Կիւն» թրքական թերթի հակահայ գրգռութիւններուն շուրջ: Կը հասկցուի, որ թրքական ուրիշ թերթեր եւս արտայայտուած են այդ մասին:

Ստորեւ նոյնութեամբ կ՛արտատպենք «Մարմարա»-ի (25 մարտ) լուրը.

Երէկի «Հեր Կիւն» եւս կ՛անդրադառնայ արտասահմանի կարգ մը հայերուն մէջ սկսած հակաթուրք շարժումին, որով 1915-ի հայկական դէպքերուն 50-ամեակին առթիւ, որոշած են 24 ապրիլին բողոքի ցոյցեր ընել Թուրքիոյ դէմ: Նոյն թերթը կը գրէ, թէ հաւանական է, որ սուրիական եւ լիբանանեան կառավարութիւնները ընթացք չտան այդ հանրահաւաքներուն:

«Հեր Կիւն» այս մասին տեսակցութիւններ ունեցած է քաղաքիս հայ հայրենակիցներու հետ, եւ` անոնց կարծիքը եւ համոզումը ուզած: «Հեր Կիւն» կը գրէ, թէ բոլորն ալ դատապարտած են արտասահմանի գրգռիչները եւ ըսած են, թէ` «անոնք մեզմէ չեն»:

Լոզանի Դաշնագիրը Պիտի Վերաքննուի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Սոլալ թուրքեւհելլէն խնդիրներու մասին արտայայտուելով` ըսած է.

«Իբրեւ թուրք կառավարութիւն` առայժմ չենք առաջարկեր Լոզանի դաշնագրին վերաքննութիւնը, բայց ամէն առթիւ իրաւասու ենք պահանջելու այդ դաշնագրին վերաքննութիւնն ու բարեփոխութիւնը: Ամէն ինչ կախում ունի Յունաստանի ընթացքէն, մենք ըստ այնմ պիտի շարժինք` հետեւելով հելլէն կառավարութեան կարգադրութիւններուն: Եթէ անխորհուրդ ընթացքի մը մէջ գտնուի, պիտի վերաքննենք Լոզանի դաշնագիրը, փոփոխութեան պիտի ենթարկենք զայն: Լոզանի դաշնագիրը այս տեսակէտով դամոկլեան սուր մըն է` Յունաստանի գլխուն վերեւ կախուած»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

3300 Տարուան Սրբավայրեր Յայտնաբերուած Են

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?