Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Մարտ 1965)

Մարտ 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մխացող Հողեր…

«Եթէ Մակարիոս եւ Կրիվաս գործադրեն իրենց սպառնալիքները թուրք-կիպրական համայնքին դէմ, կարելիութիւնը պիտի ունենանք կղզին դարձնելու մխացող հող մը, ուր վերապրողները ո՛չ ճամբայ պիտի գտնեն, ո՛չ կամուրջ, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ պարէն, ո՛չ իսկ երդիք մը` պատսպարուելու համար»:

«ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ»

Վերի տողերը առնուած են «ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ»-էն, պաշտօնաթերթ` Կիպրոսի թրքական համայնքին:

Թուրքերը հանրածանօթ են իրենց պոռոտախօսութեամբ, ջախջախիչ պարտութիւններու առթիւ թուրք «գահրաման» բանակը յաղթանակով պանծացնելու ստախօսութեամբ, բայց պարտաւոր ենք ընդունիլ, թէ այս անգամ ինչ որ կ՛ըսէ իրենց «Լրատու»-ն, բացարձակապէս ճիշդ է, վկայութեամբը ամբողջ ազգի մը մեռելներուն ու ողջերուն:

Թուրքերը կատարելապէս ի վիճակի են իրենց սպառնալիքը հարիւր տոկոսով գործադրելու, եթէ անշուշտ առիթ տրուի իրենց: Ի վիճակի են քար քարի վրայ չձգելու, այրած հողի վերածելու ամբողջ Կիպրոսը, Կիպրոսէն ալ աւելի ընդարձակ հողամասեր, միայն թէ առիթը գտնեն: Արդէն միայն անոր համար ծնած են: Պատմութեան մէջ իրենց անունը կը յիշուի միայն այդ սխրագործութեան համար, ու իրենք ալ գովելի՜ հետեւողականութեամբ մը առիթները չեն փախցներ, իրենց ցեղային առհաւական բնազդներուն յագուրդ տալու համար: Չհաւատացողները թող անգամ մը այցելեն արեւելեան Անատոլուի նահանգները, որոնք յիսուն տարի առաջ ստեղծագործ ժողովուրդի մը շէն գիւղերն ու քաղաքները կը կազմէին, մինչ հիմա լքուած են իրենց ճակատագրին, այրած հողի վերածուած են, ինչպէս այնքան անկեղծօրէ՜ն կ՛ըսէ «ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒ»-ն: Չհաւատացողները թող դիմեն ֆրանսացի մեծ բանաստեղծին վկայութեան, Վիքթոր Հիւկոյի քերթուածին, ուր թուրքը կը տրուի իր իսկական պատկերով.

Ամէն տեղ սուգ ու աւեր,
Թուրքն այնտեղէն է անցեր:

Վիքթոր Հիւկօ այս պատմական ամբաստանագիրը կը ստորագրէր դար մը առաջ, Յունաստանի ջարդերուն առթիւ: Վստահաբար շատ թեթեւ պիտի գտնէր զայն` ի տես այն աննախընթաց ցեղասպանութեան, որ գործուեցաւ նոյն թուրքին կողմէ, տասնամեակներ ետք, այս անգամ` հայ ժողովուրդին դէմ:

«Այս արդիւնքին հասնելու համար նոյնիսկ պէտք պիտի չունենանք թուրք ռմբակոծիչ օդանաւերու օժանդակութեան», կ՛ըսէ «ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒՆ»-ն: Բացարձակապէս ճիշդ է: Թուրքը օժտուած է քանդումի այնպիսի զօրութեամբ մը, որ օդանաւերու կարիք պիտի չըլլայ մխացող հողերու վերածելու համար շէն քաղաքներ ու գիւղեր: Օդանաւերը պիտի չկրնան գոհացում տալ քանդելու մոլուցքին, որովհետեւ քանդելու հաճոյքը սեփական մասնակցութեամբ պայմանաւորուած է:

Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Թուրքիան ո՛չ բանակի պէտք ունեցաւ, ո՛չ ալ թնդանօթի` միլիոնաւոր հայեր մահուան գիրկը ղրկելու եւ անոնց բնակավայրերը մոխրակոյտի վերածելու համար: Այդ բոլորը կատարեց թուրք ժողովուրդը, գազանային բնազդով մը: Ցեղային առհաւական բնազդներու յագուրդ տալու օրեր էին իւրաքանչիւր թուրքի համար, որ վերածուած էր մարդկային «պուլտոզըրի»` քանդելու համար ինչ որ գեղեցկութիւն էր ու կեանք:

Թուրքը նոյն առիթը գտաւ նաեւ 1955-ին, երբ մէկ գիշերուան ընթացքին իբր թէ ամէնէն արդիական իր քաղաքին մէջ, քանդեց ու աւերեց բազմաթիւ եկեղեցիներ ու շէնքեր, մխացող հողերու նոյն կարօտով:

Ու տակաւին այս բոլորէն ետք Ճիհատ Պապաներ լեզու կ՛ելլեն եւ թրքավայել գրգռութիւններով կը յանդգնին քողարկուած սպառնալիքներ ուղղել աջ ու ահեակ:

Քաղաքական հաշիւներով եղած հանդուրժողութիւնները չեն կրնար ծածկել Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը յաչս քաղաքակիրթ մարդկութեան, մանաւանդ երբ իրենք ոչ մէկ քայլ կ՛առնեն անցեալի սխալները սրբագրելու համար, այլ ընդհակառակն, պաշտօնապէս քանդումի եւ աւերումի լեզուն կը յամառին խօսիլ տակաւին:

 

Թուրքիա Հակայարձակումի Անցած…

Թուրք Դեսպանին Դիմումը
Ուէյնիի 50-Ամեակի Ոգեկոչումը
Արգիլել Տալու Համար

«Լիբանանի Մէջ Հանրային Ազատութիւնները
Նուիրական Են» Կը Պատասխանէ Ուէյնի

«Լ՛Օրիան» իր երէկուան թիւին մէջ «Հայերը ապրիլ 25-ին պիտի կազմակերպեն միթինկ մը` ոգեկոչելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանութեան յիսնամեակը» խորագրին ներքեւ, կը գրէ.

100,000 հայեր կը պատրաստուին ապրիլ 25-ին հաւաքոյթ մը կազմակերպել Մարզական աւանին մէջ` ոգեկոչելու համար Թուրքիայէն իրենց տեղահանութեան առաջին յիսնամեակը: Հաւաքոյթէն ետք պիտի կազմուի խաղաղ թափօր մը մինչեւ Տորա:

Վարչապետին տրուած այցելութեան մը ընթացքին հայ երեսփոխանները եւ Հնչակեան, Դաշնակցութիւն եւ Ռամկավար կուսակցութեանց ներկայացուցիչները արտօնութիւն ուզած են կազմակերպելու այս ցոյցը, որուն նպատակն է իրենց բողոքը արտայայտել թրքական հալածանքներուն դէմ:

Իրենց տեղահանութիւնը ոգեկոչելու հայերու որոշումը անդրադարձներ ունեցաւ Անգարայի պաշտօնական շրջանակներուն մէջ, մանաւանդ որ թուրք կարգ մը թերթեր ամբաստանեցին Լիբանանը, թէ կը քաջալերէ հայ քաղաքական խմբակցութիւնները` ցոյց կատարելու Թուրքիոյ դէմ:

Վարչապետ Ուէյնի եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Թաքլա պատասխանելով թուրք դեսպանին, որ շաբթուան սկիզբը այցելած էր իրենց, տեղեկութիւն առնելու համար Մարզական աւանի միթինկը եւ խաղաղ ցոյցը արտօնելու կառավարութեան մտադրութեան մասին, յայտնեցին, թէ հանրային ազատութիւնները նուիրական են Լիբանանի մէջ,  եւ հայկական տեղահանութեան ոգեկոչումը արտօնելու կառավարութեան որոշումը երբեք չի նշանակեր, թէ կ՛ուզէ լիբանանեւթուրք յարաբերութիւններուն վնասել:

Միւս կողմէ, շփումներ հաստատուած են Լիբանանի, արաբական աշխարհի, Ամերիկայի եւ Եւրոպայի հայերուն միջեւ` համաշխարհային գետնի վրայ կազմակերպելու համար պայքար մը, որպէսզի Միացեալ Ազգերը որդեգրեն հայկական պահանջները, մասնաւորաբար` թրքական հալածանքներու պատճառով հայերու ունեցած մարդկային եւ նիւթական կորուստներու հատուցումը:

Այժմէն իսկ Անգարայի կառավարութիւնը հակայարձակումի անցած է ձախողեցնելու համար հայերու պայքարը:

 

Համազգայինի
Նոր Ակումբին Բացումը

Երէկ` կիրակի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղի նոր ակումբին, որ շքեղօրէն յարդարուած էր երկրաչափ Գուրգէն Գասապեանին կողմէ:

Մեծ թիւով հրաւիրեալներ հիւրասիրուեցան զանազան խմիչքներով` շնորհաւորելով վարչութիւնը նման գեղեցիկ իրագործում մը ունեցած ըլլալուն համար:

Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ ատենապետ Շաւարշ Թորիկեան, որ պարզեց այս ձեռնարկին նպատակը` շեշտելով, թէ նոր ակումբը կոչուած է հաւաքավայրը ըլլալու մտաւորականութեան եւ Համազգայինի անդամներուն եւ բարեկամներուն:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսք առաւ Վահէ Սէթեան եւ շեշտելով ակումբին կարեւորութիւնը` խոստացաւ Կեդրոնական վարչութեան ամբողջական օժանդակութիւնը: Այնուհետեւ բացումը կատարեց հանգանակութեան մը` Կեդրոնական վարչութեան կողմէ նուիրելով 1000 լ. ոսկի: Հանգանակութիւնը շարունակուեցաւ խանդավառ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ գոյացաւ շուրջ 10,000 լ. ոսկիի գումար մը` ակումբին բարեզարդման եւ կահաւորման համար:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոսկրափտութիւնը Եւ «Տի» Կենսանիւթը Նիւթով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?