Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Մարտ 1965)

Մարտ 28, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Յիսնամեակը»

 

Ապտիւլ Համիտ Եւ Միսիոնարները

 

Յիսնամեակի զանազան աշխատանքներու ընթացքին, մեր կատարած ուսումնասիրութիւններու առիթով, գտանք բազմաթիւ նիւթեր, որոնք ցարդ փոշիներու տակ մնացած են:

Ամերիկեան պարբերաթերթերու մէջ գտանք այնպիսի նիւթեր, նկարներ, որոնք երբեք չէինք հանդիպած:

Այս բոլորը անշուշտ հաւաքուելու են, մանաւանդ նկարները, որոնք հարիւրներվ փոշիներու մէջ կը մնան ամերիկեան զանազան գրադարաններու մէջ: Յիսնամեակի առիթով այս գործը եւս պէտք է կատարել:

Նկարներու հարուստ հաւաքածոներ կան` հայերու կեանքէն, հայերու փառքերէն, դժուարութիւններէն եւ ուրիշ տեսարաններ:

Այս պրպտումներու ընթացքին զարմանալիօրէն գտանք շատ լաւ պատրաստուած թրքական գործեր. մանրամասնութիւններու մէջ չենք ուզեր մտնել, բայց հոս տանք միայն օրինակ մը:

Սուլթան Ապտիւլ Համիտ ամէն տարի կանոնաւորապէս ալպոմ մը (գիրք) կը ղրկէ իր «սիրելի բարեկամին»` «Մեծն Միացեալ Նահանգներուն նախագահին»: Ալպոմին մէջ կը գտնուին սքանչելի լուսանկարներ, որոնք գործն են հայազգի հռչակաւոր լուսանկարիչ «Ապտուլլահ եղբարց»: Տեսարաններ Օսմանեան կայսրութենէն: Ուրիշ բազմաթիւ լաւ պատրաստուած փրոփականտ… Իսկ մեզի ծանօթ բողոքական միսիոնարները տեսակ մը «լրտես»-ներ եղած են Թուրքիոյ մէջ: Անոնք տեղեկագիրներ ու նամակներ ղրկած են` բազմաթիւ նկարներով, հայոց մասին կամ թուրքերու մասին, յաճախ` նպաստաւոր թուրքերու մասին… Ասոնք բոլորը այսօր կը գտնուին Քոնկրեսի գրադարանին մէջ: Այս գործերը եւս այս յիսնամեակի տարուան առթիւ հաւաքուելու եւ դասաւորուելու են:

Շատ գործեր կան կատարուելիք, աշխատողներ շատ քիչ են, իսկ յիսնամեակի անունով խօսողներ` շա՜տ: Ժամանակը շատ քիչ է, իսկ աշխատանքը` մեծ:

ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Հաղորդագրութիւն

Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի
Յիսնամեակի Հանդիսութեանց
Կեդրոնական Գործադիր Յանձնախումբ

 

Ուրբաթ, 26 մարտ 1965, ժամը 19:00-ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ հայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերու նախագահութեամբ գումարուեցաւ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակի հանդիսութեանց կազմակերպման համար հրաւիրուած Ազգ. Ընդհ. խորհրդակցական ժողովի Բ. նիստը:

Ժողովը լսեց Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբի զեկուցումը ծրագրուած աշխատանքներու շուրջ:

Ծրագիրները կը ձգտին այս ոգեկոչման առթիւ լաւագոյնս արտայայտել համայն հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը արժանավայել շուքով իր յարգանքը մատուցելու մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Լիբանանեան մեր հայրենիքի բոլոր հատուածները, վստահ ենք, համակրանքով պիտի դիտեն, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը կարգապահ, արի եւ յարգալից կեցուածքով գիտէ պանծացնել իր եւ Լիբանանի նահատակներուն անմոռանալի յիշատակը:

Յետ խորհրդակցութեան, ժողովը իր ամբողջութեանը մէջ վաւերացուց մշակուած ծրագիրը:

Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբը կը շարունակէ կանոնաւոր ժողովական նիստերով ի գործ դնել տրուած որոշումները:

ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ

 

 

«Պնակ Մը Կերակուր»-ի
Հանգանակութիւնը

 

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, կանոնաւորաբար, ամէն տարի կը կազմակերպէ «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութիւնը:

Եւ լիբանանահայութիւնը, քաջալերելով ու գնահատելով ձեռնարկին այնքան անհրաժեշտ եւ խիստ օգտակար նպատակը, սրտաբուխ նուիրատուութեամբ կը մասնակցի հանգանակութեան:

Այս տարի «Պնակ մը կերակուր»-ի հանգանակութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 մարտ 1965-ին:

Ականատես ըլլալու է, սակայն, կարենալ իրապէս վկայելու համար բացառիկ գնահատանքի արժանի այն անձնուէր ու եռանդուն աշխատանքը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի օր, Շրջանային վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, անդամուհիներուն եւ յանձնախումբերուն մաս կազմող երկսեռ երիտասարդներուն ներդաշնակ ու համերաշխ գործակցութեամբ:

Առաւօտուն ժամը 8:00-ին արդէն կազմուած էին յանձնախումբերը, յանձնուած էին ստացագիրները, կատարուած էր թաղամասերու բաժանումը եւ տրուած էին անհրաժեշտ թելադրանքները:

Իւրաքանչիւր յանձնախումբ, խոր գիտակցութեամբ, թէ «Պնակ մը կերակուր»-ի նախախնամական գործին յաջողութեան եւ շարունակման համար պէտք էր իր առաւելագոյն ջանքը թափէր, խանդավառ տրամադրութեամբ եւ միւս յանձնախումբերը գերազանցելու թափով կը մեկնէր հանգանակութեան:

Կ՛այցելէր իր յանձն առած թաղամասին մէջ գտնուող ամէն մէկ հայու տուն, կը գործադրէր ճարտարութեան բոլոր միջոցները եւ առաւելագոյն արդիւնքով, գործը աւարտած` կը փութար Շրջանային վարչութեան գրասենեակ:

Կէսօրուան ժամերէն սկսեալ խանդավառ եռուզեռ մը կը սկսէր արդէն քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ, ուր իրարու ետեւէ մուտք կը գործէին յանձնախումբերը:

Շրջանային վարչութեան գրասենեակը տարբեր դասաւորում մը ունէր այդ օր:

Վարչութեան անդամուհիները, սեղաններու շուրջ բոլորուած, կը ստանձնէին յանձնախումբերուն հաշիւները, կը համրէին գանձուած դրամները, կը կատարէին անհրաժեշտ ստուգումներն ու արձանագրութիւնները եւ կը լսէին լուսաբանութեան կարօտ պահանջուած բացատրութիւնները:

Վայրկեան մը իսկ ժամավաճառ ըլլալու օրը չէր: Կեդրոնացած եւ միտք յոգնեցնող աշխատանք պէտք էր: Ո՞վ էր սակայն կարեւորութիւն տուողը յոգնութեան: Գոհ էին բոլորը: Քանի որ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս գոհացուցիչ ու քաջալերական էր հանգանակութեան արդիւնքը:

Եւ իսկապէս, բոլոր շրջաններու յանձնախումբերը, լայն համբերութեամբ, յանձնելէ ետք իրենց հանգանակած դրամները Շրջանային վարչութեան, կը մեկնէին գրասենեակէն` բարենպատակ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ:

Ահա թէ ինչո՛ւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, շնորհիւ իր անդամուհիներուն եւ համակիր բարեկամներուն անձնուէր եւ ծառայասէր գործունէութեան, տարուէ տարի յարաճուն վերելք արձանագրելով, դարձած է այսօր լայն ժողովրդականութիւն վայելող, ամէն քաջալերանքի եւ անվերապահ գնահատանքի արժանի ամէնէն տարածուն կազմակերպութիւններէն մէկը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տուրմին Արկածախնդրութիւնները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?