ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր վատ տրամադրութիւնը օրուան բարի լուրերուն հետ ներդաշնակ չեն, հետեւաբար չար միտքերը վանեցէք ձեզմէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր սիրած անձին հետ կատակ մը պիտի ընէք, որ հաճելի պիտի չթուի: Շատ հեռուները մի՛ երթաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տխրութիւն եւ հոգեկան անորոշութիւն պիտի ազդեն ձեր վրայ: Հարցերը շատ մի՛ քննարկէք, լաւատես եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր եթէ չար կատակներ ընէք, նոյն ատեն երեխայի հոգեկան խառնուածք ունեցէք: Սրամտութիւնը շատ փափուկ արտայայտութիւն մըն է, ուշադիր եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խնդալու տրամադրութիւն չունիք: Ձեր մտածումները կը հակին դէպի ժխտական հարցեր: Արթուն եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Դէպի ուրիշները բացուեցէք, երեւան հանեցէք ձեր ներքին թեթեւ տրամադրութիւնը` հաճելի ըլլալու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր մտային ուղղութիւնը փոխեցէք: Դուք կարիքը ունիք խրատի` ապագայի համար: Ականջ տուէք խրատներու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր յարաբերութեան մէջ կատակ ըրէք` ապրիլ 1-ի խաղը խաղալով: Ձեզի կը մնայ որոշել խաղին տեսակը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ձեր քիչ արտադրութիւնը ձեզ պիտի չքաջալերէ կատակներ եւ սրամտութիւն ընելու: Այս անելէն դուրս ելէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ցոյց տուէք, որ դուք կամքը ունիք բարի գործեր կատարելու: Ամէն մարդ չի գիտեր ձեր մտադրութիւնը: Հետեւաբար գործնական եղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք կը մերժէք տեսնելու գործերուն լաւ կողմերը: Կը սիրէ՞ք գանգատիլ: Լաւ մտածեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Խնդիրը շատ ծանրի մի առնէք, եթէ ապրիլ 1-ի առիթով կատակ լսէք: Իմաստուն եղէք: