ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արուեստը եւ բնութիւնը լաւ ազդեցութիւն պիտի գործեն ձեր վրայ: Օրը պիտի անցնի ուրախ մթնոլորտի մէջ: Անհոգ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարեւոր է, որ վստահութիւն ներշնչէք ձեր գործաւորներուն: Ուրեմն անտեղի խստութենէ եւ աւելորդ պահանջներէ հեռու կեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ջղային էք, ձեր խօսքերուն ուշադիր եղէք ընտանիքին անդամներուն եւ ձեր պաշտօնակիցներուն դիմաց: Զուր տեղ աւելորդ խօսքեր մի՛ արտայայտէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Այս չի նշանակեր, թէ անհանգստութիւն մը ունիք, բայց պէտք է ուշադիր ըլլաք կլիմայի փոփոխութենէն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առաջարկեցէք ձեր օգնութիւնը անձի մը, եթէ կ՛ուզէք անոր օգտակար ըլլալ: Կարիքաւոր անձի մը դիմաց անտարբեր մնալը անմարդկային է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր ջանքեր պիտի թափէք, որպէսզի լաւ հասկցուիք ձեր շուրջիններէն: Ձեր խօսքերը ըլլան յստակ. ծածկամիտ մի՛ ըլլաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հետաքրքիր եղէք եւ ձեր բոլոր հարցումներուն պատասխան փնտռեցէք: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք հիւրեր, որոնք պիտի բարելաւեն ձեր շփոթ տրամադրութիւնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ապագային նայեցէք լաւատեսութեամբ, ձեր բախտին աստղերը պիտի ընկերանան ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Որեւէ հարստութիւն մը իրագործեցէք, որպէսզի ուրիշներէն տարբեր ըլլաք: Բարոյական հարստութիւնն ալ մեծ արժէք է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օրը լաւ է նախաձեռնութիւն մը կատարելու համար: Ինչ բանի որ ձեռնարկէք, պիտի յաջողիք բարեկամներու օգնութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կեանքի լաւ եռանդ մը նոր փայլք մը պիտի տայ ձեր դէմքին եւ ձեր երիտասարդութեան: Երանելի օրուան մը մէջ կը գտնուիք, արժէքը գիտցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մէկը երիտասարդ, իսկ միւսը հասուն տարիքի մարդ` իրարու պիտի հանդիպիք դրամական առաւելութեան եւ հարստութեան պատճառով: Ուշադիր եղէք ձեր վերաբերումին: