Հայրենիք
Հայրենիք` ա՛յն շտեմարանը, ուր հոգիներու հազարամեայ կուտակումէն բացարձակ եւ անժամանցելի արժէքներ կը գոյաւորուին:
Ի զուր մարդկութեան իմաստասէրներն ու հանճարները փորձեցին բնութագրել ու բանաձեւել անչափ բարդ ու բազմաբովանդակ «հայրենիք»-ի ըմբռնումը:
Այսօր ալ, ի սպա՛ռ ապարդիւն է յուսալ, թէ հնարաւոր է գտնել անոր հոգեմտաւոր իմաստի ամբողջութիւնը ընդգրկող որեւէ իմացական սահմանում:
Եւ սակայն կարելի է հանդիպիլ դատողութեանց, որոնց մէջ յանկարծակիօրէն կուռ ու սրատես «կշռաքար» մը կայ` հայրենիքի որոշակի արժէքներէն մէկը ստուգող:
Այսպէս.
– Ներկայացնելով Սերօ Խանզադեանի երկերու մտքերն ու գնահատութիւնը` հայրենի հողի մասին, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սուրէն Աղաբաբեան կը վկայէ ի՛ր կողմէ. «Բայց մեր օրերուն էլ կեսական է այն գաղափարը, որ մարդը հայրենիքով, հայրենի երկրով, հոգիի հետ ունեցած սրբազան կապով է մարդ»:
Եզրակացնե՞լ, որ անհայրենիք եւ աշխարհաքաղաքի անհատը չէ՛ իրական ու իսկական ՄԱՐԴ:
Անտարակո՛յս: Անպայմա՛ն: Անպատճա՛ռ:
Յատկապէս մե՛ր` հայերո՛ւս պարագային: Յատկապէս ա՛յս օրերուն, երբ հայ մարդը նորէն ջղագրգիռ ու խուճապային հոգեբանութենէ վարակուած` փէշերը կը ժողվէ, չես գիտեր ի՛նչ երկնակամարի տակ, ի՛նչ անդիմագիծ, անբովանդակ ու հոգեզուրկ կենցաղով` մարմնաւոր գոյութի՞ւն մը քաշկռտելու:
Այո՛: Բիւր անգամ բիւր` ԱՅՈ՛:
Մարդը ՄԱՐԴ է` հայրենիքով, հայրենի հողով, անոր հետ իր ունեցած սրբազան կապով:
Թող թէ ժամանակաւորապէս բաժան` մարմնով:
Դիցուկ` կտրուած ֆիզիքապէս:
Սակայն անքակտելիօրէն հանգուցուած անխզելիօրէն նոյնացած հազա՜ր հազա՛ր կապերով` նե՛րսը, մարդկային էութեան հոգեյատա՛կը, հոն, ուր խոհեր ու խորհուրդներ մարդը ՄԱՐԴ կը դարձնեն:
Հայմաթլո՜զ…
Ափաթրի՜տ…
Անհայրենի՜ք…
Կա՞յ աւելի դիմազուրկ, դժբախտ ու եղկելի մարդկային էակ, քան ան, որ չունի իր գոյութեան իմացականութեան եւ հոգիին իմաստ ու նպատակ պարգեւող գանձը` գանձերուն ՍԵՓԱԿԱՆ իր հայրենիքը:
Չե՛նք կարծեր:
Եւ ահաւասիկ. եթէ պիտի պայքարինք, եթէ վաւերական իմաստ պիտի դնենք մեր գուպարին մէջ, եթէ նպատակիմաց պիտի ըլլան հայ տարագրութեան գաղութներու անդուլ ճիգերն ու աշխատանքները, այն ատե՛ն` մեր բոլոր ուժերը պէտք է լարենք, որպէսզի չվերածուինք հայմաթլոզ, ափաթրի՜տ, անհայրենի՜ք զանգուածի:
Պիտի չխզուի՛նք մեր իմաստի կենարար ակունքէն` հայրենիքէն:
Մեր հոգեկան աչքերը պիտի սեւեռենք հոն, ուր Մարդ ենք, որովհետեւ ՀԱՅ ենք ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր:
Ու թէեւ տակաւին տարագիր, սակայն պիտի ըլլանք ու մնանք ՄԱՐԴ, որովհետեւ մերժելով պիտի մերժենք, թէ որեւէ՛ ուժ կրնայ զմեզ կտրել սեփական հայրենիքէն:
Կ՛ուզէ՞ք մարդ մը քանդել, քանդեցէ՛ք անոր հայրենիքը:
Կ՛ուզէ՞ք վերջ տալ ազգի մը գոյութեան, վերցուցէք անոր հայրենի հողի իրականութիւնը:
Քանի՜ քանի՛ հաւաքականութիւններ, որոնք արդէն իսկ էին ազգ կամ ազգ պիտի դառնային ժամանակին հետ, քայքայուեցան, քանդուեցան ու անհետ կորան, որովհետեւ քայքայուեցաւ, քանդուեցաւ ու անհետ կորաւ անոնց հայրենի հողը, այն, որ մարդը ՄԱՐԴ եւ հաւաքականութիւնը ԱԶԳ կը դարձնէ:
Կը ներուի՞ մեզի, եթէ ըսենք, որ ամերիկեան ժողովուրդը համալրուած իմաստով ԱԶԳ չէ տակաւին: Եւ ասիկա միա՛յն անոր համար, որ արկածախնդիրներու կողմէ գտնուած հողային տարածութեան վրայ, նախապէս միայն արկածախնդրօրէն համախմբուող մարդկային հաւաքականութիւնները միայն աստիճանաբար, անզգալաբար, քանի մը հարիւրամեակներու հողի ներգործութեան շնորհիւ սկսան խարխափել, որոնել, որսալ, ներթափանցել ու ներզգալ այն խոհերն ու խորհուրդները, որոնք կապուած են ազգ ըմբռնումին հետ: Եւ տակաւին քանի՜ քանի՛ հարիւրամեակ է պէտք, որպէսզի ամերիկեան հաւաքականութիւնը իսկապէս տիրանայ ազգի անչափ բարդ ու բազմաբովանդակ իմաստին` իսկապէս ազգ դառնալու համար:
Մինչդեռ հոն, այնտեղ, ուր Հայկն է հիւսեր յաւերժութեան մը անդրանիկ օղակը եւ Մաշտոցն իր հոգին մաշելով զայն մեզ է փոխանցեր, հոն մենք ունինք այն, որ հանդիսացաւ անխորտակելի եւ անկործանելի: Արարատին պէս անքանդելի. անքանդելի՛ Հայաստանը: Այ՛ն, որ մայրն է, հեղինակն ու ճարտարապետը, ձեռակերտողն ու կատարելագործողը հայ մարդուն` իբրեւ անհատի, հայ հաւաքականութեան` իբրեւ ազգի:
Սրբեցէ՛ք ձեր բոլոր ճշմարտութիւնները, այնքան ատեն որ անոնք չեն բխիր այն միակ ճշմարտութենէն, որ հայրենի՛քն է:
Ձեր հետապնդած բոլոր նպատակները համատեղեցէք ստորադաս` բացառաբար մէ՛կ անգերադասելի նպատակի, որ հայրենի՛քն է:
Անհատական թէ հաւաքական բոլոր ձեր իմաստները թաղեցէք այն մէկ ու միակ անքակտելի եւ անկործանելի իմաստին մէջ, որ հայրենի՛քն է:
Եւ ա՛յն ատեն, ու միա՛յն այն ատեն կ՛ըլլաք ՄԱՐԴ:
Որովհետեւ` մարդը Մարդ է, երբ անքանդելի է նաեւ անոր էութիւնը:
Անքանդելի այնպէ՛ս` ինչպէս յաւերժօրէն, հմայի՛չ, յաւերժօրէն արարչագո՛րծ, յաւերժօրէն պաշտելի՛ ՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:
«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»
Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններու
Ուսուցչական Միութեան Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը
Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու Ուսուցչական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 20 մարտ 1965, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի մէջ` ապահովելով աննախընթաց յաջողութիւն մը իր տեսակին մէջ:
Լիբանանահայութեան մէջ միութեան վայելած վարկին ու ապահոված ժողովրդականութեան մէկ ապացոյցն էր կարծես այս ձեռնարկը:
Անտեղի դժգոհութեանց եւ իրարանցումի առաջքն առնելու հեռանկարով, նախապէս ապահովուած ու տակաւին թափուր սեղանները հետզհետէ սկսան կենդանանալ` իրենց շուրջ համախմբելով հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւններէն յարգելի ազգայիններ:
Մօտաւորապէս ժամը 9:00-ին որոտընդոստ ծափերու մէջ ժամանեցին եւ պատուոյ սեղանին վրայ իրենց տեղը գրաւեցին օրուան նախագահ տէր եւ տիկին տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանները: Հետզհետէ պատուոյ սեղանն ալ կենդանացաւ իր շուրջ համախմբելով Ուսուցչական միութեան բարեկամ եւ ջատագով յարգելի ազգայիններ, ինչպէս` տէր եւ տիկին տոքթ. Բ. Մկրտիչեաններ եւ տիար Էմիլ Իսկէնտէրեան` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կրթական մարմինի անդամ, փրոֆ. Մորուս Հասրաթեան եւ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ տէր եւ տիկին Յակոբ Իսկէնտէրեաններ:
Հազիւ թէ ընթրիքը աւարտած` տէր եւ տիկին տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանին սկսած պարով հրաւէր տրուեցաւ կարծես բոլոր ներկաներուն ու ակնթարթի մը մէջ հրապարակը լեցուեցաւ անհամար պարող զոյգերով: Ի՜նչ հրճուանք էր դիտել հոն, արտաքին եւ ներքին աշխարհներու տարակարծութիւնները մոռցած զոյգերու միաձուլուած պարերն ու ստեղծած խանդավառութիւնը…
Հետզհետէ աճող խանդավառութեամբ կը սահէին ժամերը անզգալաբար: Իսկ գագաթնակէտին կը հասնէր Համազգայինի թատերասէրներէն «Գասպար Իփէկեան» խումբին սկսած հայկական երգերով ու անակնկալներով:
Հակառակ յառաջացած ժամերուն` ոչ ոք կը մտածէր սրահէն դուրս ելլելու մասին: Ու առտուան ժամերուն, յոգնախուռն բազմութիւնը, երբ ակամայ կը ստիպուէր պարպել սրահը, մէկ յատկանշական երեւոյթ յստակ էր բոլորին դէմքերուն եւ խօսքերուն մէջ:
«Կեցցէ՛ հայ կրթական մշակը, որ կրնայ ո՛չ միայն մանուկները խանդավառել դասարաններու մէջ, այլ նաեւ չափահասները` դասարանէն դուրս` նման հրապարակային ձեռնարկներով:
Յ. Օ.