Խմբագրական
Ինչպէ՞ս Մոռնալ…
Ֆրանսական գործակալութիւնը 23 մարտի իր հաղորդագրութեան մէջ մասնաւոր կարեւորութեամբ մէջբերումներ ըրած էր թրքական «Ուլուս» օրաթերթի խմբագրականէն, որ լոյս տեսած է ստորագրութեամբ թուրք երեսփոխան Ճիհատ Պապանի: Լիբանանեան գրեթէ բոլոր թերթերը հրատարակեցին այդ մէջբերումները, որոնց տեղեակ եղան նաեւ մեր ընթերցողները «Ազդակ»-ի չորեքշաբթիի թիւով:
Զարմանք չպատճառեցին մեզի թուրք թերթին թրքավայել մեկնաբանութիւնները: Գիտէինք, թէ թուրքը լուռ պիտի չմնար այս օրերուն, երբ իր զոհը կը պատրաստուի ոգեկոչելու յիշատակը իր մէկ միլիոն նահատակներուն, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն վայրագօրէն տեղահանուեցան եւ անխնայ կոտորուեցան թուրք պետութեան կարգադրութեամբ եւ թուրք ժողովուրդի մոլեգին մեղսակցութեամբ:
Թուրք երեսփոխան Ճիհատ Պապան, որ այս պարագային կը ներկայացնէ ամբողջ թուրք պետութեան եւ հանրային կարծիքին արտայայտութիւնը, տարօրինակ կը գտնէ, թէ հայերը այսքա՜ն տարիներ ետք կ՛ուզեն ոգեկոչել իրենց նահատակները: Ամէն իրաւունք ուրանալէ ետք, թուրքը կ՛ուզէ զլանալ նաեւ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչելու իրաւունքը` հիմնովին անգիտանալով այն իրողութիւնը, թէ մարդկային ամէնէն սրբազան պարտականութիւնն է յարգանքը նահատակներուն հանդէպ: Այդ իրաւունքը զլանալով մեզի` Թուրքիան անգամ մը եւս իր բուն կերպարանքով կը ներկայանայ աշխարհին, պարպուած հոգեկան ամէն արժանիքէ եւ մարդկային զգացումէ:
Իր աննախընթաց ցեղասպանութենէն ետք, զոր գործեց անօրինակ սառնասրտութեամբ մը, որ այսօր տակաւին սարսուռ կ՛ազդէ նոյնիսկ օտարին, իբրեւ պատմականօրէն վաւերացուած մեղապարտ, այս պարագային մէկ բան կը մնար Թուրքիոյ. առնուազն լուռ մնալ, չքրքրել անցեալը, որովհետեւ անցեալի իւրաքանչիւր էջ լեցուն է Թուրքիոյ գործած անմարդկային ոճիրներով: Թէեւ մեր արեան գնով հաստատած էինք թուրքին անուղղայ նկարագիրը, բայց կ՛ենթադրէինք, որ գոնէ այս անգամ, իր իսկ շահուն համար, պիտի խուսափէր անցեալին մէջ մխրճուելէ, երբ այդ անցեալը այնքան ամօթապարտ կը թողու զինք աշխարհին ու մարդկութեան առջեւ:
Փոխանակ այդպէս վարուելու` թուրքը, հարազատօրէն ԹՈՒՐՔ, այս բառին բովանդակ առումով եւ այն պատկերով, որ կ՛արթնցնէ իւրաքանչիւր մարդու մտքին մէջ, թրքավայել գրգռութիւններու սկսած է այն սին յոյսով, որ կրնայ վնասել հայութեան:
Թրքավայել այս գրգռութիւնը կու գայ Համիտէն, կու գայ Թալէաթէն, Պեհաէտտին Շաքիրէն, եւ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ ներկայի վարիչները եւս տուրք կու տան նոյն հոգեբանութեան:
Մէկ խօսքով, թուրքը միշտ նոյն թուրքն է` հակառակ մակերեսային այն փոփոխութիւններուն, որոնք վերջին տասնամեակներու ընթացքին մտցուեցան հանրային կեանքին մէջ, տալու համար պատրանքը աշխարհին, թէ սուլթանական Թուրքիան պատմութեան անցած է իր վայրագութիւններով եւ ջարդելու առհաւական բնազդներով:
Ցաւալի է, որ թուրքը բոլոր երկիրներու մէջ փորձեր կը կատարէ այս օրերուն` հալածելով արի ժողովուրդ մը, որուն մահուան վճիռը ստորագրած էր յիսուն տարի առաջ: Տեղեակ ենք այդ բոլոր աշխատանքներուն եւ գիտենք, թէ ինչ միջոցներու կը դիմէ Թուրքիան կարենալ յուսաբեկելու համար հայութիւնը, որ առնուազն ի՛րը կը նկատէ իր նահատակները յարգելու իրաւունքը:
Յիսո՜ւն տարի անցած, ու Թուրքիան կ՛ուզէ, որ մոռնանք մեր մեռելնելը, մոռնանք մեր անցեալը, երբ իւրաքանչիւր հայու սիրտ կ՛արիւնի այդ սեւ օրերու տխուր յիշատակներով:
Ոչ թէ յիսուն տարի, այլ հինգ հարիւր տարիներ պիտի չկրնան մոռցնել տալ մեզի այն բոլորը, որոնք Մեծ եղեռնի պատկերով կը ներկայանան հայութեան: Ո՛չ մեր հայրերը կրնան մոռնալ, ո՛չ մենք եւ ո՛չ ալ մեր զաւակները: Այս երկրին մէջ, ինչպէս բոլոր երկիրներու, միլիոնաւոր զոհերու զաւակները ողջ են տակաւին` իբրեւ նիւթական եւ բարոյական ժառանգորդները այն հարստութեանց, որոնք թողած են իրենց պապենական հողերուն վրայ: Կարելի չէ բռնագրաւելով եւ իւրացնելով այդ բոլորին իրաւական տէրը դառնալ:
Մանաւանդ կարելի չէ մոռնալ տալ այն, ինչ որ գործուած է իբրեւ ոճիր ու բռնութիւն: Տարիները կ՛անցնին, յիսնամեակները կու գան ու կ՛անցնին. հայութիւնը տէր կը մնայ իր մեռելներուն, տէր կը մնայ անոնց դարաւոր երազին:
Ճիհատ Պապանները իրենց գրգռութիւններով ոչ միայն Թուրքիոյ գործած ոճիրները մոռցնել տալու չեն աշխատիր, այլ ընդհակառակն, աւելի եւս կը թարմացնեն մեր նահատակներուն յիշատակը:
Թող Այս Անգամ Ալ
Թուրքիան Ներէ Մեզի…
Լիբանանի Պլոք Նասիոնալ կուսակցութեան (էտտէական) օրկան «Էլ Ճումհուրիէ»-ն իր երէկուան (26 մարտ) թիւով վերի խորագիրին տակ հետեւեալը հրատարակած է, ստորագրութեամբ թերթին խմբագրապետ Ուիլիըմ Էսմերի: Լիբանանեան բազմաթիւ թերթեր եւս թուրք երեսփոխան Ճիհատ Պապանի «Ուլուս»-ի մէջ երեւցած խմբագրականը զարմանքով եւ հեգնանքով հրատարակեցին:
Թուրքիայէն ստացուած վերջին լուրերուն համաձայն, քաղաքական շրջանակները մտահոգուած են Լիբանանի բռնած դիրքին նկատմամբ` թոյլտուութեանը համար հայերու Մեծ եղեռնի Յիսնամեակին առթիւ կատարուելիք տօնակատարութիւններուն:
Մենք ալ, մեր կարգին, Թուրքիոյ հետ հարց կու տանք…
Ինչպէ՞ս կրնան անոնք տօնել յիշատակը երկու միլիոն նահատակներու` կիներ, մանուկներ, ծերեր, որոնք առանց ինքնապաշտպանութեան միջոցներ ունենալու խողխողուեցան…
Թերեւս քիչ է թիւը նահատակներուն…
Ինչո՞ւ կ՛ուզեն տօնել հայերը անոնց յիշատակը… Պարտ են մոռնալ իրենց նախնիները, մանուկները` Թուրքիոյ սիրոյն…
Պէտք է մոռնան իրենց առաջին հայրենիքը, որովհետեւ Թուրքիա՛ն միայն իրաւունք ունի զայն վայելելու…
Ի վերջոյ ինքն էր յաղթանակողը…
Թող ներեն մեզի թուրքերը. թող ներէ նաեւ իրենց երեսփոխան Ճիհատ Պապան` հերոսը այս հարցին, որովհետեւ արծարծումը անոր` Թուրքիոյ չի նպաստեր…
Որովհետեւ արդի Թուրքիան` Աթաթիւրքի Թուրքիան, կը կարծենք, թէ չի հպարտանար այսօր իր պապերուն վերաբերումին համար: Թալէաթի ու Էնվեր փաշայի Թուրքիան երբեք պիտի չուզէր ամենադոյզն յիշատակութիւնն իսկ պահել այդ դէպքերուն…
Եթէ յարգելի երեսփոխանը ուսումնասիրած է միայն Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ գործածուած դասագրքերու պատմութիւնը, թող ներէ մեզի յիշեցնելու, թէ պատմութիւնը չի նկարագրեր այս հարցը միայն «զուլում»-ով ու հալածանքով, այլ նաեւ` սարսափելի վայրագութեամբ եւ աններելի մեղքով:
Բայց թոյլտուութիւնը լիբանանեան կառավարութեան այս տօնակատարութիւններու կազմակերպման առթիւ, շատ պարզ է: Լիբանանի մէջ գտնուող հայերը լիբանանցի են, ունին քաղաքացիութիւն եւ կը վայելեն լիբանանցիի մը բոլոր իրաւունքները. իսկ լիբանանցին կը հպարտանայ նահատակներու յիշատակի անմահացումովը:
Ամէն պարագայի, չի գտնուիր աւելի գեղեցիկ բեմ մը, քան Լիբանանը` նշելու համար այս յիշատակը, որովհետեւ հին Թուրքիոյ կախաղաններու պարաններուն հետքերը տակաւին կը մնան Լիբանանի մէջ` որպէս կենդանի վկաներ, որմէ իւրաքանչիւր սրտի մէջ մորմոք մը կայ կուտակուած: