ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պաշտօնակիցի մը դիմաց ուժի ցուցադրութիւն մի՛ ընէք, կը կորսնցնէք: Ամէն պարագայի ուշադիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ պէտք է ըլլաք ուղղութիւն տուող եւ ոչ թէ պարտադրող: Այսպիսով յաւելեալ եկամուտ կ՛ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զուարճալիքները եւ արուեստները ի պատուի պիտի ըլլան: Երբեմն զուարճանալը լաւ ազդեցութիւն կ՛ունենայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ հարց մը ձեզի հաճելի չի թուիր, հանդարտ դիրքաւորում ունեցէք: Հաւասարակշռեցէք ձեր վերաբերումը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արհեստի վերաբերեալ ձեր գիտութիւնը փոխանձեցէք երիտասարդներուն, որպէսզի անոնք լաւ սկսին իրենց գործի ճամբան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի մէջ լաւ յառաջդիմութիւն պիտի ունենաք. գործերը պիտի ընթանան լաւ ուղղութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի գիտնաք, թէ ի՛նչ է ձեր ուզածը, եւ ինչպէս պիտի ստանաք զայն: Օրը ունի յաջող պահեր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Սեծ յոգնութիւն մը կը նախատեսուի: Դուք ձեզի օգնեցէք առանց վարանելու: Այսպիսով կրնաք առաջքը առնել անպատեհութեանց:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր երեւակայութեան լաւ ընթացք տալով` պիտի կարենաք յաջողութիւններ արձանագրել: Օրուան ընթացքին պիտի ունենաք նոր հանդիպումներ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ինչ որ կ՛ակնկալէք աշխատանքէն, պիտի չիրագործուի. ձեր կասկածները պիտի իրականանան. հակազդեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ներել գիտցէք եւ ներողութիւն խնդրեցէք. փորձեցէք շինիչ ըլլալ եւ ոչ ժխտական:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ խնդիր մը ունենաք աշխատանքին մէջ, պատճառը գէշ կազմակերպուած ըլլալն է: Արթուն եղէք եւ աղօթեցէք:
