Թուրք Թերթի Մը Կեղծաբոյր Գրութիւնը
Հայոց Մասին
«Մոռնանք Անցեալը Եւ Եղբայրօրէն Ապրինք Այլեւս»
Պոլսոյ «Թերճիւմաճ» թերթին մէջ Ահմետ Գապագճը ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածին կու տանք գլխաւոր մասերը.-
– Հելլէն գործակալ յոյն կրօնաւորներ եւ կարգ մը արիւնարբու պնդագլուխ մարդիկ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ փորձուեր են թրքութեան դէմ գրգռել թուրքերու անխարդախ բարեկամ հայերը: 24 ապրիլ 1965-ը յիսնամեակն է եղեր թրքահայերու տեղահանութիւններուն, նոյն օրը ցոյցեր պիտի ըլլան եղեր, մեզ «նզովելու» համար: Այժմէն ձեռնարկեր են տգեղ փրոփականտի մը, չորս գոյներով շինծու նկարներ տպագրեր են, Հայաստանի քարտէսը պատրաստեր` Անատոլուին կէսը անոր մէջը առնելով, եւ այս նկարներն ու քարտէսները սկսեր են ղրկել աշխարհի երեւելի անձերուն:
Այս անխոհեմութիւնները, որոնք նպատակ ունին Թուրքիոյ մեր հայ եղբայրները նեղել, ո՛չ միայն անտեղի են, այլեւ ձախողանքի դատապարտուած են: Թուրքիոյ հայերը հազար տարիէ ի վեր միսի եւ եղունգի պէս թուրքերու հետ անբաժան ապրած են, եւ մեր ազգին դրօշին տակ ապրած են հարուստ բարւոք, բարօր եւ երջանիկ: Գալով Սուրիոյ, Լիբանանի, նոյնիսկ Մարսէյի, Փարիզի եւ Ամերիկայի հայերուն, «տարագրութենէն» յիսուն տարի ետք այնքան բարեկամ են թուրքերուն, որ դեռ թրքերէն կը խօսին, եւ երբ թուրք մը տեսնեն, կը յուզուին եւ իրենց աչքերը կը լենան:
Ամէն ողջամիտ մարդ գիտէ, թէ երբեմնի «Հայաստան»-ի ցնորքները պատմութեան անցած են այսօր, Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Ֆրանսայի մարիֆեթները եւ միջամտութեան փորձերը դատապարտուած են փճանալու զօրաւոր Թուրքիոյ ուժին առջեւ: Երբ այս է իրականութիւնը, ի՞նչ շահ ունին հրահրել Նոյեան շրջանէն մնացած այս հնաբոյր թշնամութիւնը եւ քանի մը տաքարիւն երիտասարդներ անիրաւաբար թունաւորել եւ գրգռել թրքութեան դէմ: Գիտենք, թէ ամէն ողջամիտ հայ պիտի չուզէ մասնակցիլ այս վտանգաւոր ձեռնարկին, ուր կը տեսնենք քանի մը ծերուկ Դաշնակ արկածախնդիրներու ծամածուռ ժպիտը: Կը յուսանք նաեւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւնները արտօնութիւն պիտի չտան այդ անխորհուրդ ցոյցերուն:
Անատոլուի մէջ թուրքը, հայը եւ յոյնը այսպէս երջանիկ եւ եղբօր պէս կ՛ապրէին, եւ միակ տարբերութիւն մը ունէին` իսլամ թուրք եւ քրիստոնեայ թուրք: Երբ մեր մէջ սպրդեցան ռուս, անգլիական կամ ֆրանսական գործակալներ, այդ անմեղ «քրիստոնեաներն» ալ համոզեցին եւ թշնամի ըրին իրենց հազար տարուան թուրք-իսլամ եղբայրներուն: Զանոնք զինեցին Եւրոպայի կարգ մը տխմար եւ լիրբ հրոսախումբերը, եւ այս իրարանցումին մէջ շատ մը թուրքերու եւ հայերու արիւնը հոսեցաւ:
Այդ հին պատմութիւնները թաղենք պատմութեան անդունդներուն խորը: Մարդկօրէն սիրով եւ եղբայրութեամբ ապրինք իրարու հետ:
Ազգ Մը, Որ Նահատակներ
Կու Տայ, Չի Մեռնիր…
Ոգեկոչումը ապրիլեան նահատակներուն ոչ միայն արտայայտութիւնն է հաւատքի` անոնցմէ իւրաքանչիւրին ի ծոց Աստուծոյ, այլ նաեւ արտայայտութիւնն է հաւատքի մեր ցեղին, մեր ազգային ալ տեւականութեան:
Ազգ մը, որ դահիճներ կու տայ, կրնայ ոչնչանալ. բայց ազգ մը, որ նահատակներ կու տայ, որ հանճարներ կու տայ, չի մահանար, չի մեռնիր. փոթորիկը կրնայ անցնիլ, կրնայ ճիւղեր կոտրել, բայց բունը պիտի մնայ. եւ Աստուծոյ օրհնութեամբը եւ ազգին մնացած զաւակներուն ուռճացումովը, միութեամբը պիտի տեւէ, պիտի յարատեւէ, պիտի գրաւէ միշտ ազգերու հոյլին մէջ իր արժանավայել տեղը:
ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ
Տոմսեր
Բայց Ո՞ր Ազգը
Ապրիլ քսանչորսի յիսնամեակին առթիւ սկսայ նորէն աչքէ անցընել «հի՜ն հի՜ն դարուց յիշատակ» գիրքեր, որոնց էջերուն վրայ փռուած են արտառոց «լուր»-եր Հայոց ազգին եւ անոր ունեցած գանձերուն մասին: Այս «լուրերուն» մէկ մասէն անմտութեան, միւս մասէն ալ չարամտութեան հոտ կու գայ:
Ուրիշ անգամ յիշած եմ, նորէն յիշեմ. սըր Ճորճ Էլիըթ անունով մէկը ասկէ 64 տարի առաջ Թուրքիոյ մասին գրեց գիրք մը, որուն մէջ ճառեց մեր մասին ալ:
Եւ ինչե՜ր ըսաւ, օրինակ, մեր գեղապայծառ հայերէնին մասին. «Ձիերու լեզուն կը յիշեցնէ»: Ինչո՞ւ, որովհետեւ «երեք, չորս բաղաձայններ իրարու կը կցուին» եղեր, ճշմարիտ, կռթնիլ, քրտնիլ բառերը, իր խելքով, տգեղութիւններ են եղեր:
Եթէ 64 տարի ուշացած չըլլայինք, կրնայինք յիշեցնել այս մարդուն, որ իր մայրենի լեզուին այբուբենին հինգ ձայնաւորներն ալ կ՛արտասանուին 53 տարբեր ձեւերով` տգեղցնելով բազմաթիւ բառեր:
Ուրի՞շ, ուրի՞շ: Օ՜, այո՛ Հայոց եկեղեցին, պատարագի ատեն, խորանին վարագոյրը կը քաշեն եղեր որ… ժամարարը հանուի… Եթէ այս աժաննոց սրատմութեան հեղինակը այս աշխարհէն մեկնած չըլլար, կրնայինք, անշուշտ, իրեն հարցնել, թէ սկովտիացի այրը ինչո՞ւ… ֆիստան կը հագնի…
Շատ մը անգլիական եւ ֆրանսական հանրագիտարաններու մէջ կան այլանդակ «լուր»-եր հայ ժողովուրդին մասին: Տակաւին քանի՞ տարի առաջ էր, որ «Լառուսը», այնքա՜ն վստահելի, կը բարեհաճէր վերջապէ՜ս իր էջերէն դուրս քշել «Թուրք ջարդարարը», որուն նկարին տակ գրուած էր` հայը:
Ո՜վ գիտէ` ինչե՜ր կան մեզի ո՛չ խնամի երկիրներու բառարաններուն թէ հանրագիտարաններուն մէջ:
***
Ուրկէ՞ կը հաւաքուին այս «արժանահաւատ» տեղեկութիւնները:
Այն հայրենիքէն, որ եղաւ ցեղասպանութեան, կոտորածի եւ կողոպուտի չասական օրրանը:
Ինչպէ՞ս «կը լուսաւորէ» թուրքը` Ստամպուլ թէ Անգարա այցելող օտարը:
Ո՛ղջ ըլլայ մուհալլեպին, մանաւանդ` անոր այն տեսակը, որ կաթով եփած չէ, բայց… կաթով սնած է: Հրաշքներ գործեց մուհալլեպիին այս երկրորդ տեսակը` վերջին հարիւր տարին:
***
Ապրիլ քսանչորսի ողբուկոծին յաջորդող տասնամեակին մեր հիմնական աշխատանքներէն մէկը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն սրբագրել տալ գիրքերու, բառարաններու եւ հանրագիտարաններու մէջ մեր մասին գրուած շոշորթաբանութիւնները, այլեւ` շա՜տ աւելի կարեւոր աշխատանք, օտարներուն ներկայացնել մեր մշակութային իրական արժէքները` իրենց մայրենի լեզուներով:
Ըստ մեր բարի սովորութեան, մենք զմեզ կը գովենք ու կը ծափահարենք մեր մամուլին մէջ, մեր գիրքերուն մէջ ու մեր բեմերուն վրայ` փոխանակ օտարին ծափահարել տալու:
Ինչպէ՞ս կրնանք ի կատար ածել այս ծրագիրը` յառաջիկայ տասը տարիներուն:
Պարզապէս` գործի լծելով մեր լեզուագէտ մտաւորականները եւ պատուիրելով անոնց.
– Գացէ՛ք, գլուխ-գլխի տուէք ու մեր գրական գոհարները թարգմանեցէք արդի ամէնէն ընթացիկ տասը լեզուներուն… Մանաւանդ` Հայաստանի գիտական ուսումնասիրութիւնները, որոնք լոյս կը սփռեն մեր ինքնութեան վրայ… Տասը տարի մի՛ մտածէք ձեր ապրուստին մասին… Ազգը ձեր թիկունքին կեցած է…
***
Ո՞ր ազգը, սակայն: Ա՞յն ազգը, որ վերջին տասը տարիներուն տասը միլիոն տոլար ծախսեց Ամերիկայի մէջ… եկեղեցի եկեղեցիի ետեւէն շինելու համար:
Ա՞յն ազգը, որ ճամբան մտաւորականին հանդիպի` գլուխը անդին կը դարձնէ:
Իրա՛ւ, ո՞ր ազգը…
ԵՒՐՈՊԱՑԻ