Այլազան

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1965)

Խմբագրական Ուխտաւորները Լիբանանի հայութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի մայիս 30-ի կիրակիին, երբ Անթիլիասի մէջ տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յատուկ աւանդական ծէսով եւ ժողովրդային բազմամբոխ մասնակցութեամբ: Խանդավառութեան այս ալիքը կը ծաւալի ամէնուրեք, մանաւանդ` ներկայութեամբը ուխտաւորներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր ափերէն կը ժամանեն Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար հայադրոշմ եւ բազմախորհուրդ այս արարողութեան: Իսկապէս բացառիկ երեւոյթ մըն է ուխտաւորներու այս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի չհանդուրժէք այն բացակայութիւնը, որուն մասին նախօրօք լուր չի տրուիր ձեզի: Յստակացուցէք այս խնդիրը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դիւանագիտութիւնը ամէն հարց չի կրնար լուծել քիչ մը յարձակողական եղէք ձեր գործը կարգադրելու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխատանքի իրաւունքէն նուազ պիտի վճարեն ձեզի: Այս որոշումը յիշեցուցէք առ որ անկ է: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

Այլազան.  Ի՞նչ Կը Պատմէ Ձեր Ընտրած Աթոռը Ձեր Մասին

Այլազան. Ի՞նչ Կը Պատմէ Ձեր Ընտրած Աթոռը Ձեր Մասին

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրած աթոռը, ապա կարդացէք արդիւնքը: 1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ անձ էք. կրնաք շատ երկար ժամեր աշխատիլ ծրագրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ էք: *** 2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով եւ բարձով,...

50 Տարի Առաջ (21 Մայիս 1965)

Վկայութիւններ Ճեմալ Փաշան Եւ Հայ Որբերը Թուրք հրապարակագիրը` Պուրհան Ֆելեք, խօսելով Լիբանանի մէջ կատարուած հայկական ցոյցերուն մասին, ապերախտ կը կոչէ հայերը այն մեղադրանքով, թէ սպաննած են Ճեմալ փաշան, որուն կը պարտին այսօրուան ցուցարարները իրենց դիրքը Լիբանանի մէջ: Ես մէկն եմ այն ծնողազուրկ տղոցմէ, զորս հաւաքեցին անապատներէն փաշային հրամանով եւ տարին Այնթուրայի դպրոցը, Պէյրութ: Մօտ 800 հոգի էինք, 10-14 տարեկան: Բոլորս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հին օրերէն մնացած նեղացուցիչ հարցերու վրայէն գիծ մը պիտի քաշէք եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք ձեր յարաբերութեան մէջ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր եւ ուրիշներուն երեւակայութիւնը աշխատցուցէք, երաժշտութեան եւ նկարչութեան միջոցներով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Էական հարցերը դիմագրաւելու համար, ուղղակի խնդրին լուծման հետեւեցէք նիւթականի եւ ժամանակի խնայողութեան համար: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (20 Մայիս 1965)

Ազգային Կեանքը Ժիպէյլի Եւ «Թռչնոց Բոյն» Վարժարանին Մէջ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տարեկան մարզահանդէսը, անցեալ շաբաթ, մայիս 8-ին: Ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ժամանակէն առաջ գրաւեց իր տեղը, անգամ մը եւս տեսնելու եւ վայելելու համար դանիական հաստատութեան  մարզահանդէսը: Առաջին անգամ տեղի ունեցաւ աշակերտ-աշակերտուհիներու տողանցքը դանիական եւ լիբանանեան դրօշակներով: Օրուան դատաւորները` Յովհաննէս Շահինեան եւ Յովհաննէս Թիլքեան եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պէտք ունիք մաքուր օդի, ինչպէս` բնութիւն, անտառ եւ ծով. ասոնք ձեզի մեծ ուժ պիտի ներշնչեն: Կատարեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադիր եղէք` չապրելու ձեր ունեցած միջոցներէն աւելի: Օրինակելի եղէք երիտասարդներուն դիմաց: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ամենայն պարզութեամբ դուք ձեզ ներկայացուցէք. պարզութիւնը լաւագոյն միջոցն է շուրջինները տպաւորելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Աննշան դէպք...

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1965)

Լոյս Տեսաւ «Ազդակ»-ի 38 Տարիները» Բացառիկ Հատորը 100 մեծադիր էջ, գունաւոր կողք, գեղատիպ հրատարակութիւն եւ նկարազարդ: «Ազդակ»-ի քառասնամեայ կեանքին յատկացուած այս հատորը միաժամանակ կու տայ լիբանանահայ կեանքին լրիւ պատկերը վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին: Հատորը կը սկսի վեհափառի մեծադիր նկարով եւ օրհնութեան գիրով: Գրութիւններ ունին` Հայկ Պալեան, Գարեգին եպիսկոպոս, Արամ Սահակեան, Տիգրան Ոսկունի, Մ. Իշխան, Տիգրան Պալեան, Կարօ Սասունի, տոքթ. Բ....

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ուրախութեան մասնակից ըրէք ձեր քոյրերն ու եղբայրները: Ընտանեօք հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Արդար եղէք աշխատանքի մէջ եւ գիտցէք գնահատել անոնք, որոնք արժանի են գնահատանքի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուրիշներէն բան մը մի՛ սպասէք: Անձամբ ընտրեցէք այն, ինչ որ կը փափաքիք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ներքին զօրաւոր ուժ...

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1965)

Վանի Հերոսամարտի Յիսնամեակի Հանդէսը Կիրակի, 16 մայիս, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը մէջ, «Գերմանիկ», տեղի ունեցաւ Վանի հերոսամարտի յիսնամեակի հանդիսութիւնը, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Երուսաղէմի պատրիարքը` Եղիշէ արք. Տէրտէրեան: Օրուան նախագահն էր բժշկապետ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, հերոսական Վանի զաւակ: Բացումը կատարեց, հայրենակցական միութեան անունով, Գուրգէն Խանճեան, որ հակիրճ խօսքերէ ետք անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Իբրեւ գեղարուեստական բաժին` բարձրորակ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Եթէ ունիք յետաձգուած նիւթական եւ գործի վերաբերեալ հարցեր, այսօր մտածեցէք անոնց մասին եւ կատարեցէք զանոնք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շփումներ եւ պատեհութիւններ իրարու պիտի յաջորդեն, պիտի կարենանք ամէն ուղղութեամբ հասնիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ամէն առաւելութիւն պիտի ունենաք ձեր գործերով զբաղելու համար, եւ դուք ձեզ շատ հանգիստ պիտի զգաք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Արա Սրապեանի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով, Տէր Պօղոսեան, Թիւսիւզեան, Շթեկման եւ Սրապեան ընտանիքներու ննջեցեալներուն յիշատակին` Մատլեն Սրապեան 50,000 լ. ո

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Ապուլէ` Պզտիկ Ձկնորսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ապուլէ կ՛ապրի Եթովպիոյ մէջ, Ափրիկէ: Ամէն առտու, դպրոց երթալէ առաջ, ան իր տան մօտի լճակը կ՛երթայ ձկնորսութեան: Ան մինակը շինած է իր ձնկորսութեան եղէգը եւ նաւակը եւ անձնապէս կ՛երթայ իր ձուկերը որսալու: Երբ արեւը կը ծագի, Ապուլէ կ՛առնէ իր ձկնորսութեան եղէգը, զոր շինած է փայտի կտորով մը: Իսկ իր նաւակը ան շինած է պապիրոսի տերեւներով մէկ...

50 Տարի Առաջ (16 Մայիս 1965)

Հայկ. Գողգողթայի Ճամբաներու Վրայ  Ուխտագնացութիւն Դէպի Ռաս Իւլ Այն Ռաս Իւլ Այն... Հայկական Եղեռնի սեւ պատմութեան էջերուն փշաքաղիչ յուշեր ու մահուան տեսիլներ արթնցնող անուն մը, որմէ կարծէք դեռ արիւն կը կաթկթի: Ամիսներ շարունակ մերկ ու անօթի անապատներ քշուող հայութեան համայնակուլ սպանդանոց.... Ռաս Իւլ Այն: Սեւ լաչակաւոր ո՞ր մամիկին, կամ իր ցուպին յենած ո՞ր պապիկին մտքին մէջ դժոխային զառանցանքներ չ՛արթնցներ, սա...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բախտը մօտեցած է ձեզի, եւ զայն նկատի պիտի առնէք, որպէսզի ան տեւական մնայ ձեզի հետ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հաճոյքի համար կ՛ուզէք հրապուրել ձեր շուրջինները: Անոնք պիտի հետեւին ձեր տրամադրութեան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Որքան կազմակերպուած ըլլաք, այնքան ձեր դժուարութիւնները պիտի նուազին ձեր գործունէութեանց մէջ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Բարեկամական կապ մը...

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1965)

Վանի Հերոսամարտը Վաղը` կիրակի, 16 մայիս, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ մեծ շուքով պիտի տօնակատարուի Վասպուրականի հերոսամարտին յիսնամեակը` նախաձեռնութեամբ հայրենակցական միութեան: Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, հայկական խաւարամած երկնակամարին վրայ, Վան, Սասուն, Մուշ, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար եւ Սուէտիա եղան շքեղ անուններ, որոնք այդ օրերուն իրենց հայրենասէր զաւակներուն հերոսական խիզախումով, ապրելու կամք ու եռանդ ներշնչեցին խաչելութեան ճամբուն վրայ տառապող ու կոտորուող հայութեան: Մեր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ամէն կողմ մի՛ վազէք ձեր նպատակը հասկցնելու համար: Ժամանակը պիտի հասկցնէ ամէնուն, ամէն ինչ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ ծանրաբեռնուած եւ յոգնած էք, հետեւաբար ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տօնական օր մը պիտի կազմակերպէք, ձեր հրաւիրեալները պիտի զարմանան ձեր ճկունութեան եւ ճարպիկութեան, այդքան աշխատանքի դիմաց: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր...

Համբարձման Տօն

Համբարձման Տօն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող  հինգշաբթին: «Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը: Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ....

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1965)

Հալէպի Մէջ Տակաւին Կը Ջարդէին 1919-ին Ձեռքս անցաւ Փարիզ հրատարակուած ֆրանսերէն «Իլլիւսթրասիոն» շաբաթաթերթին 1919 ապրիլ 5 համարը (թիւ 3970), որուն մեծածաւալ էջերէն մէկուն վրայ դրուած են սարսուռ ազդող երկու լուսանկարներ: Մէկը լուսանկարն է ջարդուած, խոշտանգուած, ահռելի կերպով այլանդակուած յիսուն դիակներու, որոնք քով քովի շարուած են հրապարակի մը վրայ, եւ անոնց մօտ գլխահակ, վշտակոծ ու կքած` կեցած են հայ եւ յոյն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Հետեւեցէք ձեզմէ մեծերուն խրատներուն, որպէսզի ձեր առողջութիւնը կատարեալ ըլլայ: Օրը բարի է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր բարեկամները օգտակար պիտի ըլլան ձեր առօրեայ աշխատանքները լաւ կատարելու համար: Ձեր հնազանդութիւնը շահաբեր պիտի ըլլայ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գործարարնե՛ր, համբերատար պէտք է ըլլաք յաջող գործ մը ունենալու համար: Այսպիսով, կրնաք արդիւնաւէտ աշխատանքի մը յանգիլ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ...

Page 348 of 361 1 … 347 348 349 … 361

Արխիւներ