Այլազան

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1965)

Հալէպահայ Կեանք Յիսնամեակի Հանդիսութիւնները Ապրիլ 24, շաբաթ, Հալէպի բոլոր հայկական խանութները եւ գործատեղիները ինքնաբերաբար փակուած էին: Հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ տեղի կ՛ունենային, եկեղեցական արարողութիւնները ամէն կողմ կը ձայնասփռուէին բարձրախօսով: Հայ ժողովուրդը գունդագունդ եկեղեցի կը խուժէր` խոնարհելու համար ապրիլեան նահատակաց յիշատակին առջեւ: Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, ուր տեղի պիտի ունենար նաեւ առաջին յուշատօնը, աննախընթաց բազմութեամբ մը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կրնաք իրարու հետ հաշտեցնել աշխատանքը եւ բարեկամութիւնը: Պէտք է յստակացնէք ձեր մտադրութիւնը` հասնելու համար ձեր նպատակին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շտկեցէք աշխատանքի մէջ կատարուած ձախողութիւն մը: Միջոցներ ունիք կացութիւնը կարգադրելու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ժամանակ տուէք մարզանքի` ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը պահելու համար: Օրը յարմար է նման օգտակար հարցեր իրագործելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն...

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1965)

Եղեռնի Յիսնամեակը Դամասկոսի Մէջ Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի տխուր ոգեկոչումը միասնակամ, կարգապահ, արժանավայել շուքով եւ պատշաճ հանդիսութիւնով տօնակատարուեցաւ Դամասկոսի մէջ: Հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը, համախորհուրդ աշխարհական ներկայացուցիչներու, միաձայնութեամբ որոշեցին շաբաթ 24 ապրիլին կազմակերպել կրօնական հսկայ երթ մը, եւ կիրակի, 25 ապրիլին, սգահանդէս մը: Շաբաթ Օրուան Երթը Շաբաթ, 24 ապրիլ: Փակ են բոլոր հայկական վարժարաններն ու վաճառատուները: Երեք հայ յարանուանութեանց եկեղեցիներուն...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դժուար պիտի ըլլայ որեւէ բան շարժել եւ փոխել: Անշարժութիւնը ձեր թշնամին պիտի ըլլայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դուք ձեզ պարտուած մի՛ զգաք. դուք ձեր կարողութեան վստահեցէք: Օրը ունի օգտագործելի լաւ ժամեր: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր պատասխանատուութիւնը շատ լուրջի առած էք, ձեր շուրջինները նկատած են այս իրողութիւնը եւ ձեր վրայ աւելի վստահութիւն պիտի...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ցեղասպանութեան պատճառով Մոնոֆարեան, Պիտանեան եւ Հերարտեան ընտանիքներուն անհետ կորսուած անդամներուն յիշատակին` Մարի եւ Արմինէ Մոնոֆարեան 15000 լ. ո.

Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ

Աշխարհին Շուրջ` Արեւուն Շնորհիւ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մարտ ամսուն «Սոլար իմփալս» օդանաւը թռիչք առաւ հանգրուաններով աշխարհին շուրջը ընելու համար: Մինչ միւս օդանաւերը իբրեւ վառելանիւթ քարիւղ կը գործածեն բանելու համար, այս արեւային օդանաւը կ՛աշխատի շնորհիւ արեւուն ուժանիւթին: Ծանօթանանք այս իւրայատուկ օդանաւին: Աշխարհին շուրջը արեւային օդանաւով դառնալու ծրագիրը սկսած է 12 տարիներ առաջ: Զուիցերիացի գիտնական եւ արկածախնդիր Պերթրան Փիքար այս գաղափարը յղացած է օդաչուի մը`...

50 Տարի Առաջ (9 Մայիս 1965)

Լիբանան Երէկ Ոգեկոչեց Իր Նահատակներուն Յիշատակը Հայկական Խանութները Փակ Մնացին Ի Նշան Սուգի Հինգշաբթի, 6 մայիս, Լիբանան ոգեկոչեց իր նահատակներուն յիշատակը: Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի բացակայութեան, փոխվարչապետ Նեսիմ Մեժտելենի ներկայացուց նախագահը այն արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, Պուրճի հրապարակին վրայ: Այս առթիւ ճառեր խօսեցան Ատիպ Ֆըրզլի` խորհրդարանին կողմէ, Թաքիէտտին Սոլհ` կառավարութեան կողմէ, Մոհամետ Ալի Ռըզ` նահատակներու ոգեկոչման յանձնախումբին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շաբաթավերջին պիտի սպասէք ձեր ծրագիրները իրագործելու համար: Հանգստացէք, որովհետեւ ճիշդ օրն է հանգստանալու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդելը բուժիչ եւ հանգստացնող միջոց մըն է ձեզի համար: Օգտուեցէք այս առիթէն, չէք զղջար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պահանջեցէք ձեր հաշուեթուղթերը, որպէսզի հանգիստ մտքով մնաք, զերծ` նիւթական մտահոգութենէ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս) Ձեր նոտարին պէտք...

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1965)

Խմբագրական Յարգանք Լիբանանի Նահատակներուն Հերոսներու պաշտամունքը մաս կը կազմէ ժողովուրդներու կեանքին, մանաւանդ երբ անոնք պայքարած ու նահատակուած են յանուն այն վսեմ իտէալներուն, որոնց դրօշակիրը կը հանդիսանան այդ ժողովուրդները` սերունդէ սերունդ: Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, այսօր կը յիշէ իր նահատակները, որոնք այս երկրի ազատութեան եւ անկախութեան երազով, կախաղան բարձրացան Պուրճի հրապարակին վրայ, Օսմանեան կայսրութեան «փոխարքայ» Ճեմալ փաշայի հրահանգով: Ա. Աշխարհամարտին Լիբանան...

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1965)

6 Մայիս 1916 Այստեղէն Ալ Թուրքը Անցած Է Արարչագործութեան առաջին օրէն, պատմութեան արշալոյսին իսկ, մարդկային կոչուած քաղաքակրթութեան հիմերը շաղուած ու շաղախուած են քրտինքով, արիւնով եւ արցունքով: Յորդառատ հասած է մարդկային արիւնը անպատասխանատու վանտալներու եւ վայրենաբարոյ հորդաներու ձեռքով: Զոհուած ու անհետ կորսուած են ցեղեր ու ազգեր` ճզմուելով անզուսպ ու արիւնկզակ վայրենիներու կրունկներուն տակ: Թուրքերուն արշաւները յափշտակողական եղած են: Մտնելով Փոքր Ասիա...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անտեղի եւ վատ տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք ուրիշի մը հարցին վերաբերեալ: Ձեզի կը մնայ ըլլալ համբերատար եւ լաւատես: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Անակնկալ հարց մը արգելք պիտի ըլլայ ձեզի յառաջանալու ձեր ծրագրին մէջ: Պէտք է տրամադրէք յարմար ժամանակ` հարցերը լուծելու համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այսօրուան ձեր գործունէութիւնը ձեր ուզած ձեւով պիտի չընթանայ:...

50 Տարի Առաջ (4 Մայիս 1965)

Ամեր. Ծերակոյտը Հայկական Եղեռնի Մասին Ընդունուած Է Յատուկ Բանաձեւ Մը, Որ Մանրամասն Յիշատակութիւնը Կ՛ընէ Հայկական Ջարդերուն Եւ Մեր Պահանջներուն Նոր ստացանք ամերիկեան Քոնկրեսի պաշտօնաթերթ «Քոնկրեշընլ Ռեքըրտ»-ի ապրիլ 23-ի թիւը, ուր ի միջի այլոց կը յայտարարուի, թէ ծերակոյտի ապրիլ 23-ի նիստին Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ խօսած են չորս ծերակուտականներ` Պըրչ Պէյի` ազատական դեմոկրատ, Ինտիանայէն, Վէյնս Հէյրքի` նոյնպէս ազատական-դեմոկրատ, վերոյիշեալ նահանգէն, Փոլ Տակլըս` ազատական-դեմոկրատ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին լաւ պիտի աշխատիք եւ ուրախանաք: Ձեզ բոլոր սիրողները իրենց առաւելագոյնը պիտի ընեն ձեզ ուրախացնելու համար: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Գէշ տրամադրութիւն, մեղադրանք եւ ջղայնութիւն պիտի ունենաք: Այս է օրուան ձախող տրամադրութիւնը, զոր պիտի ունենաք ձեր տան մէջ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Գործէ թեթեւ փախուստ մը պիտի ունենաք եւ օրը...

50 Տարի Առաջ (1 Մայիս 1965)

Յիսնամեակի Յուշատօնէն Օր Մը Ետք Արտակարգօրէն Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ 215 Նորագիրներ Անցան ՀՅԴ-ի Շարքերը Արտակարգ խանդավառութեան եւ գաղափարական բարձր ապրումներու պահեր ապրեցան մեր այն ընկերները, որոնք անցած երկուշաբթի գիշեր Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան հանդիսասրահին մէջ ներկայ գտնուեցան երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներու հաւաքական երդման յուզիչ արարողութեան: Երկու հարիւր տասնեւհինգ պատանիներ, բանակ մը ամբողջ, որոնք կու գային զինուորագրուելու ՀՅԴաշնակցութեան շարքերուն` «Հայաստանի եւ հայ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անտրամադիր էք, դուք ձեր վրայ ծալուած կը նստիք, մինչդեռ պէտք է որ ընկերային կեանք մը ունենաք: Շարժեցէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հանգստացէք եւ մանաւանդ մէկ կողմ ձգեցէք բոլոր այն աշխատանքները, որոնք ձեզմէ ուժ կը պահանջեն: Մի՛ յոգնիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Իտէալական օր մըն է: Օդափոխութիւն ըրէք եւ ֆիզիքական աշխատանք պահանջող գործեր կատարեցէք:...

Կին Դէմքեր  Աննա Հետվիկ Պուլ

Կին Դէմքեր Աննա Հետվիկ Պուլ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Աննա Պուլ ծնած է Էսթոնիա, 1887-ին: Ան 8 երեխաներէ բաղկացած ընտանիքի մը 6-րդ զաւակն էր: Մինչեւ 15 տարեկան յաճախած է տեղական պետական դպրոցը, իսկ աւելի ուշ Գերմանիոյ մէջ ստացած է միսիոնարական կրթութիւն: Աննա կը տիրապետէր` էսթոներէնին, ռուսերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ գերմաներէնին: Աւելի ուշ, Կիլիկիոյ միսիոնարական առաքելութեան ընթացքին սորված է թրքերէն եւ հայերէն: Միսիոնարական Առաքելութիւն.- 1909 թուականին, եւրոպական...

Խմբագրական. Ոգեկոչումէն Ետք Հայութիւնը իր ամբողջական զանգուածով, իր բոլոր զաւակներուն հոգեցունց մասնակցութեամբ, աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, բոլոր երկինքներու տակ, օրուան խորհուրդին պահանջած վեհութեամբ եւ իր արդար դատին խոր գիտակցութեամբ ոգեկոչեց յիսուն տարի առաջ աննախընթաց ցեղասպանութեան մը զոհ գացած իր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն խնկելի յիշատակը: Տեղ մը մարդկային ծովու անվերջանալի յորձանքով մը, ուրիշ տեղ սակաւաթիւ մասնակցողներով, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր կարծիքը պիտի պահանջեն ամէն տեսակի հարցեր լուծելու համար: Ձեր մտային կարողութիւնը պիտի շահագրգռէ շատերը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նոր ստեղծուած սիրոյ համար վիպային տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Ամուրիներուն համար` հիանալի առիթ մը: Գործնական եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր փորձառութիւնը շատ օգտակար պիտի ըլլայ ձեր ապագան կերտելու համար: Ուշադիր եղէք ձեր յանձնառութեան պարագային:...

Page 349 of 361 1 … 348 349 350 … 361

Արխիւներ