Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1965)

Մայիս 13, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպի Մէջ Տակաւին
Կը Ջարդէին 1919-ին

Ձեռքս անցաւ Փարիզ հրատարակուած ֆրանսերէն «Իլլիւսթրասիոն» շաբաթաթերթին 1919 ապրիլ 5 համարը (թիւ 3970), որուն մեծածաւալ էջերէն մէկուն վրայ դրուած են սարսուռ ազդող երկու լուսանկարներ: Մէկը լուսանկարն է ջարդուած, խոշտանգուած, ահռելի կերպով այլանդակուած յիսուն դիակներու, որոնք քով քովի շարուած են հրապարակի մը վրայ, եւ անոնց մօտ գլխահակ, վշտակոծ ու կքած` կեցած են հայ եւ յոյն քահանաներ:

Միւսը` վիրաւորներու մեծ խումբ մը, վիրակապերով փաթթուած, որոնց մէջ կարելի է զանազանել կիներ ալ: Ասոնց մօտ տասնեակ մը գթութեան քոյրեր` սարսափահար:

Առաջին նկարին տակ կայ հետեւեալ մակագրութիւնը. «Հալէպի մէջ թուրքերու կողմէ կոտորուած հայեր, 1919 փետրուար 28-ին»: Երկրորդին տակ` «վիրաւորուած հայեր, որոնք վերապրած են Հալէպի մէջ 1919 փետրուար 28-ի կոտորածէն»:

Թերթը կը հրատարակէ նաեւ երկար գրութիւն մը` «1919 փետրուար 28-ի կոտորածները Սուրիոյ մէջ» խորագրով, զոր ստորագրած է Ժիւլ Շանսել:

Համառօտակի կու տամ այս գրութեան մեզի վերաբերեալ մասը: «Խաղաղութեան խորհրդաժողովը յայտնած է իր մտադրութիւնը Արեւելք ղրկելու միջազգային յանձնախումբ մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրել Օսմանեան կայսրութեան հաշուեյարդարէն ծագած խնդիրները:

«Խորհրդաժողովի այս նախաձեռնութիւնը բուռն յուզում յառաջ բերած է Արեւելքի ժողովուրդներուն, մասնաւորապէս հայերու, սուրիացիներու եւ յոյներու մօտ, որոնք անհամբեր կը սպասեն այս էական խնդիրներու կարգադրութեան:

«Դէպքերու ընթացքը կը հաստատէ, թէ ստիպողական է այս խնդիրներուն կարգադրութիւնը: Թէ՛ եւրոպական Թուրքիոյ եւ թէ՛ Անատոլուի մէջ թուրք Իթթիհատ վէ թերաքքը կոմիտէն կրկին ձեռք առած է գաղտնի քաղաքական ղեկավարութիւնը: Ահաբեկումի գործողութիւնները կը ծաղկին ամենամռայլ օրերուն պէս: Հակառակ հազուագիւտ տեղեկութիւններու` շատ վրդովիչ  լուրեր կը հասնին Թրակիայէն, արեւմտեան նահանգներէն, Միջին Ասիայէն, Մեծ թէ Փոքր Հայքէն, Կովկասէն եւ Հիւսիսային Սուրիայէն:

«Մէկ քանի օր առաջ տեղի ունեցաւ յոյներու կոտորածը Զմիւռնիոյ մօտերը: Փետրուար 28-ին ալ` Հալէպի մէջ: Վերը արտատպուած լուսանկարները կը բաւեն մեկնաբանելու այս արհաւիրքով լեցուն տեսարանները:

«Ազդանշանը տուաւ թուրք գաղտնի կոմիտէն: Քանի մը օրէ ի վեր արդէն գրգռութիւնները բացայայտ էին եւ ձայները, յաւիտենական զոհեր, կը զգային, թէ իրենց համար ծանր ժամ մը պիտի հնչէր կրկին: Դէպքերը անմիջապէս ստացան ահռելի վայրագութեան մը նկարագիրը: Հայ ժողովուրդը մէկ ժամուան մէջ ունեցաւ յիսուն սպաննեալ եւ 150 վիրաւոր:

«Կոտորածի առաջին լուրերը ստանալէ ետք, Սուրիոյ մեր բարձր մարզպանը, Ժորժ Փիքօ, Պէյրութէն Հալէպ փութաց ինքնաշարժով` քանի մը սպաներու ընկերակցութեամբ, եւ իր այս արագ ժամանումով ու կորովի կեցուածքով խափանեց խռովութեանց տարածումը, հանդարտեցուց բնակչութիւնը եւ վիրաւորներուն ապահովեց անհրաժեշտ խնամքը:

«Հալէպի այս աղէտալի դէպքերը խիստ հրահանգիչ են: Որեւէ յապաղում արեւելեան խնդիրներու կարգադրութեան մէջ` կը նշանակէ յանդգնութեան մը կրկնութիւնը` Երիտասարդ թուրքերու եւ անոնց արբանեակներուն կողմէ»:

Յօդուածագիրը յետոյ կը նկարագրէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդներու ողբալի վիճակը ֆրանսական ուժերու ժամանումի ատեն: «Ցամաքահանում կատարուած էր Պէյրութ, հոկտեմբեր վեցին):

Թուրքերը չհամարձակելով գործադրել բնաջնջումի իրենց դիւային ծրագիրը` սովի ուժեղ շղթայ մը կազմած էին լերան շուրջ, եւ չէին թողուր, որ հացահատիկով ու արմտիքով Պեքաայէն որեւէ ուտելիք անցնի Սուրիա եւ Լիբանան: Ու կմախք դարձած էին երեխաներ, որոնք իրարու հետ կը կռուէին գարիի մը քանի մը հատիկներ կորզելու համար անասուններու թրիքներու մէջէն: Սովէն մեռածներուն թիւը անցած էր հարիւր հազարը, որոնց մէջ, անշուշտ, մեր ազգակիցներն ալ:

Կը գրէ թէ բնականոն կեանքը թէեւ կը վերսկսի շնորհիւ ֆրանսական ուժերու ձեռք առած միջոցներուն եւ օժանդակութեանց, սակայն ծովեզերքէն հեռու վայրերու մէջ գաղտնի կոմիտէին գործունէութիւնը զգալի է, եւ անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը կ՛աւելնան:

Ու կը վերջացնէ հետեւեալ սրտցաւ խօսքերով. «Բնակչութեան վիճակը արագօրէն կը ծանրանայ: Անոնք խաղաղութեան խորհրդաժողովէն կը սպասէին ապահովութիւն այն յոյսով, որ իրենց դարաւոր տառապանքը վերջ պիտի գտնէր: Անհուն պիտի ըլլայ անոնց յուսախաբութիւնը, եթէ նոր յապաղումի մը առջեւ գտնուին»:

Այո՛, անհուն, անսահման եղաւ Արեւելքի հայերու յուսախաբութիւնը: Հայութիւնը իրաւունք ունէր սպասելու, որ յաղթականներու խորհրդաժողովը գոնէ փոքրիկ «Ազգային օճախ» մը հիմնէր Կիլիկիոյ մէջ, որուն գրաւման համար իր հազարաւոր զաւակները, կամաւոր կերպով, դիւցազնօրէն կռուեցան, ու շատեր տուին իրենց կեանքը: Սակայն յաղթականներ սակարկութեան նիւթ ըրին մեր արդար դատը, դրժեցին իրենց խոստումները եւ չարաբաստիկ օր մըն ալ հայութեան արիւնով ու քրտինքով ոռոգուած, շէնցած, շքեղացած այս դարաւոր հայրենիքը, անակնկալ կերպով նուէր տուին իր արիւնը անյագօրէն լափող հրէշին, հողմացրիւ ընելով հարիւր հազարաւոր հայութիւն ու փառաւորապէս բազմեցուցին ազգերու արիսպագոսին մէջ` իբրեւ «մէկը ամէնէն քաղաքակիրթ ազգերէն»:

Ո՞ւր ես, արդարութի՛ւն:

ՂԱԶԱՐ ՆԵՐԿԱՐԱՐԵԱՆ

 

Հայ Դատը
Ամերիկեան Ծերակոյտին Մէջ

 Ծերակուտական Ֆիլպինի Ճառը

Ամերիկեան ծերակոյտին մէջ Մասեչուսէց նահանգի ծերակուտական Ֆիլպին Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ հետեւեալ ճառը խօսած է.

50-րդ տարեդարձին առթիւ վայրագ եւ անասելի հայկական ջարդերուն, որ այնքա՜ն ահռելի եւ ընդվզեցուցիչ են մարդկութեան խղճմտանքին, յարմար է, որ Ներկայացուցչական տունը դադար առնէ` անգամ մըն ալ ծանօթանալու այս սարսափեցուցիչ փորձառութեան, որ այնքա՜ն անգթօրէն գործադրուած է անօգնական եւ աստուածավախ հայ ժողովրդին վրայ:

Այս ահռելի դէպքը, որքան որ անցեալին կը պատկանի, երբեք պիտի չմոռցուի` ո՛չ հայ ժողովրդին կողմէ, որ անգթօրէն ենթարկուեցաւ այդ անասելի եւ անհաւատալի ողբերգութեան, ո՛չ ալ աշխարհի իրենց շատ մը բարեկամներուն կողմէ:

Այս մեծ ժողովուրդը ոչ մէկէ երկրորդ կը մնայ` իր աստուածասիրութեամբ, ընտանեսիրութեամբ, մարդասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ նուիրումով ամենաբարձր խորհուրդներու եւ գործադրութեամբ օրինաւոր ազատութեան… Պէտք է հոս յայտնեմ, որ Ա. Աշխարհամարտին Հայաստանի քաջ ժողովուրդը որեւէ ուրիշ պատերազմող ժողովուրդէ աւելի տառապեցաւ: Անոնք ոչ միայն զրկուեցան իրենց աշխարհային ստացուածքներէն, այլ եւ զոհ տուին Թուրքիոյ երկու միլիոն հայերու կէսէն աւելին, ահռելի գազանութեան եւ անգթութեան պարագաներու տակ… Անոնք տուած են Ամերիկայի լիութիւնը եւ ճոխութիւնը իրենց հին մշակոյթին: Անոնք շահած են մեր մէջ յարգանքը եւ հիացումը, որ վերապահուած է անոնց, որ կ՛ապրին,  կը գործեն եւ կը ծառայեն պատուով, կենսունակութեամբ հաւատարմութեամբ եւ հաստատամտութեամբ: Ասոնք շահած են նաեւ մեր սէրը, եւ մենք կը ցաւինք իրենց համար: Կ՛ուզեմ յանձնարարել հայ ժողովուրդը եւ անոր առաջնորդները, իրենց համբերութեան եւ հանդուրժողութեան, եւ այլ հիանալի առաքինութիւններուն համար, զորս ցուցադրած են իրենց անձնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ: Անոնք հաւատարմօրէն կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները, եւ այս երկրին հանդէպ իրենց հայրենասիրութիւնը բարձրորակ է, ինչպէս նաեւ իրենց նուիրումը` խաղաղութեան եւ արդարութեան դատին համար:

Անոնց մարտիրոսացած սիրելիները խաղաղութեան մէջ թող հանգչին, եւ անոնց օրհնեալ յիշատակը թող բերէ ներշնչում, յոյս եւ կորով մեր բոլորին, որ կը փնտռենք աւելի լուսաւորեալ մարդկութիւն մը եւ աւելի խաղաղ աշխարհ մը հիմնուած ազատութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ:

Կեցցե՛ն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն . Լիբանանահայութեան Վերականգնման Աշխատանքներ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?