Ազգային Կեանքը Ժիպէյլի Եւ
«Թռչնոց Բոյն» Վարժարանին Մէջ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տարեկան մարզահանդէսը, անցեալ շաբաթ, մայիս 8-ին:
Ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ժամանակէն առաջ գրաւեց իր տեղը, անգամ մը եւս տեսնելու եւ վայելելու համար դանիական հաստատութեան մարզահանդէսը:
Առաջին անգամ տեղի ունեցաւ աշակերտ-աշակերտուհիներու տողանցքը դանիական եւ լիբանանեան դրօշակներով: Օրուան դատաւորները` Յովհաննէս Շահինեան եւ Յովհաննէս Թիլքեան եւ բժիշկ Բիւզանդ Հատիտեան, աչալուրջ կերպով կը հետեւէին մրցումներուն: Շատ յաջող անցան տղոց եւ աղջիկներու վազքերը, տակառի խաղը, նաւակի խաղը, տոպրակի խաղը, Դանիա եւ Ամերիկա երթալու խաղերը, ինչպէս նաեւ` արաբական եւ հայկական պարերը: Շատ յաջող էին նաեւ տղոց դրօշակի վազքը, երկայնութիւն եւ բարձրութիւն ցատկելու մրցումները, մեծ ու փոքր փայտի արշաւները, մանկապարտէզի մարզանքները եւ պարանաձգութեան մրցումները:
Մարզահանդէսին մեծ փայլ տուաւ ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը, որ մերթ ընդ մերթ իր նուագներով կը խանդավառէր ներկայ հասարակութիւնը: Մարզահանդէսի վերջաւորութեան տեղի ունեցաւ կրկին տողանցք եւ ապա մրցանակաբաշխութիւն, երբ նուագախումբը կը հնչեցնէր լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները:
Մրցանակաբաշխութենէն վերջ վարժարանի տնօրէնը փակեց հանդէսը` թելադրելով հայ ժողովուրդին քաջալերել դանիական այս գեղեցիկ հաստատութիւնը ուր երկու հարիւր հայ մանուկներ կը ստանան ֆիզիքական ապահովութիւն ու մտային ու հոգեկան սնունդ եւ կը պատրաստուին դառնալ ապագայ տիպար հայեր:
Մարզահանդէսին յաջորդ օրը` կիրակի, մայիս 9-ին, Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա. Բարոյեան, ընկերակցութեամբ Պէյրութի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ քանի մը վարդապետներու` այցելեց Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն», վարժարանի ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ:
Վարժարանի տնօրէնուհի Աննա Ճաքըպսըն եւ իր օգնականները պէտք եղած կարգադրութիւնները տեսած էին վայելուչ կերպով ընդունելու համար իրենց սիրեցեալ կաթողիկոսը: Բոլոր ասպետ-ասպետուհիները իրենց սկաուտական նոր տարազներով երկու շարքի վրայ շարուած էին, ինչպէս նաեւ` վարժարանի աշակերտներն ու պաշտօնեաները: Վարժարանէն ներս շինուած էին երկու կամարներ` գեղեցիկ բարեգալստեան մաղթանքներով:
Օրուան պատարագէն ետք, որ կատարեց Ժիւնիէի տէր Շահէ քահանան, վեհափառը խօսեցաւ շատ գեղեցիկ քարոզ մը:
Նախ Աւետարանէն մէջբերում ընելով` պատմեց բարի սամարացիին բարի գործը: Երբ երիտասարդ մը կը ճամբորդէր աւազակներ կողոպտեցին զինք եւ վիրաւորելով նետեցին ճամբու վրայ: Բազմաթիւ ուրիշ ճամբորդներ նոյն ճամբէն անցան, տեսան վիրաւոր ու արիւնլուայ երիտասարդը, բայց անտարբեր մնացին եւ անհոգ անցան: Եկաւ բարի սամարացի մը, տեսաւ նոյն մարդը վիրաւոր ու խոշտանգուած վիճակի մէջ, բայց վար իջնելով ձիէն` օգնեց անոր, ամոքեց անոր ցաւերը եւ փրկեց անոր կեանքը:
Վեհափառը սամարացի այս օրինակին վրայ, պատկերացուց հայ տառապանքը ասկէ յիսուն տարիներ առաջ տեղի ունեցող ապրիլեան Եղեռնի սրտաճմլիկ տարիներուն, երբ հայ ազգը վիրաւոր ու խոշտանգուած կը չարչարուէր, երբ հարիւր հազարներով հայ կիներ ու մանուկներ անապատներու մէջ անօթութենէ եւ հիւանդութենէ կը մեռնէին, բազմաթիւ ազգեր տեսան, հայ ազգին զաւակներու տառապանքը, բայց անտարբեր մնացին եւ անցան: Բայց գտնուեցան նաեւ բարի ազգեր ու անհատներ, որոնք բարի սամարացիի նման, ջանացին օգնել, ամոքել եւ դարման գտնել հայ ազգի հարիւր հազարաւոր վիրաւորներուն, հիւանդներուն եւ որբերուն: Այդ ազնիւ սամարացի ազգերէն մէկն էր դանիական քրիստոնասէր եւ աստուածասէր ազգը, որ ապրիլեան Եղեռնի օրերուն տրամադրեց իր ազնուագոյն զաւակները, որ որպէս միսիոնար եւ բարեսիրական հաստատութեան հիմնադիրներ գան Թուրքիա եւ աշխատին վիրաւոր ու արիւնլուայ հայ հիւանդին, հայ որբին եւ սրտաբեկ հայ մանուկներուն համար:
«Այս առթիւ պէտք է յիշենք «Թռչնոց բոյն» վարժարանի աննման լուսահոգի հիմնադիր Մարիա Ճաքըպսընը, որ այդ օրերէն սկսեալ յիսուն երկար տարիներ աշխատեցաւ, չարչարուեցաւ եւ յօգուտ հայ տառապած ազգին, հազարաւոր որբ որբուհիներուն համար եւ մեռաւ ու թաղուեցաւ իր շատ սիրած «թռչնիկներ»-ուն մօտ: Իր ժամանակին եւ անոր մահէն ետք իր քոյրը` Աննա Ճաքըպսըն եւ իր օգնականները` Անդի Սողանսըն Թանթենկտ, Հենս Սթենպերկ եւ ուրիշներ եկան ու կը շարունակեն իր շատ սիրելի ու նուիրական գործը: Դանիական քրիստոնեայ կանանց կազմակերպութիւնը քառասուն տարիներէ ի վեր կանգուն կը պահեն այս գեղեցիկ հայ օճախը հայ մանուկներուն համար»:
Վեհափառին կուռ եւ գեղեցիկ հայրական օրհնութիւններէն ու յորդորներէն վերջ խօսք առաւ նաեւ Պէյրութի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ վեհափառի գահակալութեան երկրորդ տարելիցին առթիւ երկար կեանք մաղթեց հայրապետին, որ կարողանայ աւելի լաւ ծառայել Աստուծոյ եւ իր շատ սիրելի ազգին ու երբեմնի այցելութիւններով քաջալերէ դանիացի բարի սամարացիները: Երկար կեանք մաղթեց նաեւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնուհիին, անոր դանիացի օգնականներուն, ուսուցչական կազմին եւ հայ պաշտօնեաներուն, որ պահեն այս գեղեցիկ հաստատութիւնը:
Պատարագէն ետք վեհափառն ու կղերական դասը ուղղուեցան Մարիա Ճաքըպսընի գերեզմանը եւ անոր հոգեհանգիստի արարողութենէ մը ետք հիւրասիրուեցան եւ ապա ասպետ-ասպետուհիներու մէջէն անցնելով` մեկնեցան, երբ աշակերտութիւնը եւ ժողովուրդը խանդավառօրէն կը ծափահարէին վեհափառին:
Ս. ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Էհրենպուրկ Ստալինի Ոճիրներու Մասին
«Եթէ Իր Բոլոր Զոհերուն Ցանկերը Կարդար, Ուրիշ
Գործ Չէր Կրնար Ընել», Կը Գրէ Հռչակաւոր Գրագէտը
ՄՈՍԿՈՒԱ, 19 (ԱՖՓ).- «Եթէ ստիպուէր կարդալ իր բոլոր զոհերուն ցանկերը, ուրիշ որեւէ գործ չէր կրնար ընել»: Ստալինն է այն մարդը, զոր կը ներկայացնէ Իլիա Էհրենպուրկ «Նովի Միր»-ի ապրիլի թիւին մէջ, ուր հրատարակուած է գրագէտի յուշերուն վերջին մասը:
Ստալին, կը գրէ Իլիա Էհրենպուրկ, օր մը ըսած էր բեմադրիչ Ս. Մ. Այզընսթայնի` ակնարկելով Մեծն Պետրոսի. «Փիեռօ պէտք եղած չափով չգլխատեց…»:
«Այո՛, տեղեակ էի շատ մը ոճիրներու, բայց ի վիճակի չէի զանոնք կեցնելու» կը յայտարարէ Էհրենպուրկ, որ կը շարունակէ թուելով կեդրոնական կոմիտէի 1956 յուլիսի բանաձեւը, ուր կը դատապարտուի «անձի պաշտամունքը»: «Այս պայմաններուն տակ որեւէ ընդդիմութիւն (Ստալին) պիտի չհասկցուէր ժողովուրդէն, ու հոս անձնական քաջութեան խնդիր չկայ»:
Իր յուշերու վերջին մասին մէջ Էհրենպուրկ ցոյց կու տայ հռչակաւոր դիւանագէտ Մաքսիմ Լիթվինովը, որ 1937-էն մինչեւ իր մահը (1952, հիւանդութեան պատճառաւ) գիշերները կ՛անցընէր ատրճանակ մը դրած սնարին մօտ. «Եթէ գիշերը զանգը տային, շուտով անձնասպան պիտի ըլլար»:
Գրագէտը կը թուէ նաեւ ստալինականութեան վերաբերեալ այլ անծանօթ դէպքեր: Ըստ իրեն, «սպիտակ շապիկով ոճրագործներու» խնդրին ատեն, Ստալինի մահէն քիչ ժամանակ առաջ, իսկական խուճապ մը ստեղծուած էր հիւանդանոցներու հիւանդներուն մօտ, նման` ցարերու օրով եղած «քոլերայի խռովութիւններուն»:
Այս հիւանդները կը մերժուէին խնամուիլ եւ բժիշկները ստիպուած` դեղերը կը փորձէին իրենց անձին վրայ, հիւանդներու ներկայութեան, որպէսզի անոնք յօժարին դեղ առնել:
Նկարագրելէ ետք Մոսկուայի մթնոլորտը Ստալինի մահուան օրերուն` փակուած փողոցներ, ոստիկանական ուժեր, կոխկռտուող բազմութիւն, հեծկլտացող մարդիկ, Իլիա Էհրենպուրկ կը յայտնաբերէ այս դէպքին անսպասելի մէկ հետեւանքը. «Աշխատանքի ժամերու բնականոն» դառնալը` միլիոնաւոր պաշտօնեաներու համար, որոնք, Ստալինը կապկելով, կէսօրուընէ մինչեւ առտուան ժամը 2:00 կամ 3:00 կ՛աշխատէին:
Հռչակաւոր գրագէտը չի մոռնար նաեւ «պաշտամունք»-ի այսօրուան պաշտպանները. «Սրբապղծութիւն է,- կը գրէ ան,- Ստալինի եւ Լենինի անունները իրարու կապել, ինչպէս կ՛ընեն «օտար կարգ մը աղանդամոլներ»:
Իլիա Էհրենպուրկ ուղղակի կը յիշէ չիները. «Ցեղապաշտութիւնը կամ ազգայնականութիւնը անպայման թշնամութիւն կը ստեղծեն, կը բաժնեն ժողովուրդները, կը վնասեն մշակոյթին եւ ի վերջոյ ընդհանուր աղէտ կը դառնան: Յաճախ այս մասին մտածած եմ այս գիրքը գրած ատենս` մտիկ ընելով Փեքինի բարբաջանքները»: