Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ուշադիր նայեցէք նկարին եւ ընտրեցէք ձեր նախասիրած աթոռը, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1.- Եթէ ընտրեցիք գրասենեակի աթոռը, դուք աշխատասէր եւ ուժեղ անձ էք. կրնաք շատ երկար ժամեր աշխատիլ ծրագրի մը վրայ եւ յաջողութեամբ պսակել զայն: Յաջողութիւնը ձեր մտասեւեռումն է. դուք աշխատանքէն հաճոյք կ՛առնէք, կատարելապաշտ եւ հաստատամիտ էք:
***
2.- Եթէ ընտրեցիք պատշգամի հանգստաւէտ բազկաթոռը` օժտուած բազմոցով եւ բարձով, դուք վիպապաշտ, երազկոտ եւ արուեստասէր անձ էք: Կրնաք երկար ժամեր նստիլ եւ մտածել կեանքի մասին, վերլուծումներ ընել եւ անջատուիլ ձեր շրջապատէն: Վառ երեւակայութիւն ունիք, եւ ձեր միտքը տեւաբար կը ճամբորդէ:
***
3.- Եթէ ընտրեցիք թիւ 3 նկարի հոգեբանի բազկաթոռը, հետաքրքրասէր եւ նախաձեռնող անձ էք. կը սիրէք հարցեր տալ եւ անոնց պատասխանները փնտռել: Համբերութիւնը ունիք նստելու եւ լսելու ուրիշներու կեանքի պատմութիւնները: Հետաքրքրուած էք նոր գիտելիքներ ձեռք բերելով եւ մարդկային յարաբերութիւններով:
***
4.- Եթէ ընտրեցիք նստասենեակի հանգստաւէտ, փիլիսոփայի աթոռը, դուք շատ աշխուժ եւ ուրախ մարդ էք: Երբեք չէք ձանձրանար շրջապատի մարդոցմէ: Կեանքը ձեզի համար մեծ արկածախնդրութիւն մըն է: Քիչ մը անսովոր մարդ էք, բայց ձեր բարեկամները մեծ սիրով կը տանին ձեր «տարօրինակութիւնները»: Այս ձեւի աթոռ ընտրողները անընդհատ կ՛աշխատին իրենց վրայ եւ կը զարգանան:
***
5.- Եթէ ընտրեցիք ճաշասենեակի խիստ ոճի աթոռը, շատ յամառ բնաւորութիւն ունիք: Գիտնականի այս աթոռին վրայ կրնաք ժամեր անցընել` բարդ գիրք մը կարդալով… Ուշադիր եւ կեդրոնացում ունեցող անձ էք, յստակօրէն գիտէք, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք եւ կրնաք զսպել ձեր յուզումները: Դուք արտաքնապէս պաղարիւն եւ անտարբեր կ՛երեւիք, սակայն ատիկա սխալ տպաւորութիւն է, ներքնապէս ամէն բան կը վերլուծէք եւ կ՛ուզէք հասկնալ:
***
6.- Եթէ ընտրեցիք պարկ-բազկաթոռը, տեւաբար նորի փնտռտուքի մէջ էք: Անհանգիստ եւ անհամբեր բնաւորութիւն ունիք. ամէն բանի մասին կ՛ուզէք շուտ եւ շատ իմանալ:
Շատ կը սիրէք ճամբորդել եւ նորութիւններ յայտնաբերել. իսկ երբ չէք ճամբորդեր, դարձեալ ճամբորդութեան մասին է, որ կ՛երազէք…
Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Տան Մէջ Ակռայի Դեղի Տարբեր
Գործածութիւնները







Ձեռային Աշխատանք.
Գինիի Խցաններով
Պատրաստուած Թաղարներ
Քիչ մը ժամանակ տրամադրելով` կարելի է իրագործել այս շատ գեղեցիկ թաղարն ու ծաղկամանը, որոնց պատրաստութեան համար պէտք ունիք բաւական մեծ թիւով խցաններու կլու կան գործիքի մը եւ անշուշտ բոյսեր` ըստ ճաշակի:
Նոյն սկզբունքէն մեկնելով` կարելի է պատրաստել գրասեղանի վրայ դրուող գրիչներու աման մը կամ թուղթէ թաշկինակի տուփ մը:
Խոհագիր
Աւոքատոյով Եւ Մանկայով
Աղցան
Բաղադրութիւն
2 աւոքատօ
1 մանկա 500 կրամ խեչափառի ձողիկներ
Ձէթ
Կանաչ կիտրոն մը
Պալսամիք քացախ
Մեղր
Մանանեխ
Պատրաստութիւն
ա.- Խեչափառի ձողիկները մանրել
բ.- Մանկան կեղուել եւ մանրել
գ.- Աւոքատոն կեղուել եւ մանրել
դ.- Փոս ամանի մը պատրաստել թացանը (մեղր, …., կիտրոնի հիւթ, պալսամիք քացախ)
ե.- Թացանը թափել մանրուած նիւթերուն վրայ, խառնել եւ սառնարանը պահել:
զ.- Հրամցնելու պահուն կաղապարի մէջ լեցնել եւ ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել:
Երեսը զարդարել խեչափառի կտորով մը կամ կանաչ կիտրոնի շերտով մը:
Խեչափառը կարելի է փոխարինել կարիդոսով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
«Մայրը Եւ Որդին»
Սգաւոր մի կին, կասկածը սրտում,
Գնում է` որդու բախտը բա՜ց անի,
Իմանայ, թէ ի՞նչ պատահեց որդուն. –
Մոռա՞ց է արդեօք,
Կորա՞ծ,
Կենդանի՞…
Մի խիզախ տղայ, ցասումը սրտում,
Կռուով աշխարհի բա՜խտն է բաց անում,
Որ էլ ո՛չ մի մայր չսգայ որդուն,
Եւ ոչ մի որդի չընկնի՛ աշխարհում…
Սողում է միայն ո՛րդը ճահիճի,
Վախկո՛տն է նւում եւ ճո՛րտը նուաստ.
Արծիւը երբեք բարձունք չի՜ զիջի,
Եւ լեռը երբեք հողմից չի՛ նուա…
Հէ՜յ, ոտքի՛ ելէք, ոսոխը վայրի,
Իր թաթն Իլյիչի դամբանին պարզած,
Ցրե՜լ է ուզում ուղեղն այս դարի,
Ջարդել` Կրեմլի զա՛նգը սրբազան:
Հէ՜յ, ոտքի՛ ելէք, մի վերջին անգամ
Կորո՜ւստն եմ զգում ես Աբովեանի,
Մեր հողն է խուժել տեւտոնն անզգամ,
Որ Սուրբ Մաշտոցի նշխարքը տանի:
Որ աւերի՛ ու ջնջի՛ վերստին
Հին երկիրը մեր` նորացած խանդով.
Եւ, կիսատ երգի տողերը շուրթին,
Ընկնե՜ն Վարուժանն ու Սիամանթոն:
Սողում է միայն ո՛րդը ճահիճի,
Վախկո՛տն է նւում եւ ճո՛րտը նուաստ.
Արծիւը երբեք բարձունք չի՜ զիջի,
Եւ լեռը երբեք հողմից չի՛ նուա…
Գիտե՞ս, թէ ո՛վ է գալիս, մայրի՛կ,
Գիտե՞ս, թէ ո՛վ է ելել մեր դէմ,
Ո՛վ է վերստին մեր աշխարհին
Բերում արհաւի՜րք, մահ ու հրդեհ… –
Նա՛, ով եղբօրը քո նշանուած,
Տասնչորս թուին տարաւ գերի,
Նա՛, ով Էնվերին «քը՜ս- քը՜ս» տուած,
Ուզում էր հայոց հողն աւերի…
Ո՛վ, յանիչարի ձեռքերով չար,
Արեան ծո՜վ արեց հողը հայոց.
Շիրմաքա՛ր արեց ամէն մի քար,«Վայոց ձո՜ր» – ամէն ձո՛րը հայոց…
… Մոռացե՞լ ես` ջա՛րդն անապատում,
Մոռացե՞լ ես դու Տէր Զօ՛րը սեւ…
Էլ ինչո՞ւ, մայրի՛կ, լալի՜ս ես դու,
Որ կռի՛ւ գնաց որդիդ կըրտսեր…ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ