Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1965)

Մայիս 19, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս Տեսաւ

«Ազդակ»-ի 38 Տարիները»
Բացառիկ Հատորը

100 մեծադիր էջ, գունաւոր կողք, գեղատիպ հրատարակութիւն եւ նկարազարդ:

«Ազդակ»-ի քառասնամեայ կեանքին յատկացուած այս հատորը միաժամանակ կու տայ լիբանանահայ կեանքին լրիւ պատկերը վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին:

Հատորը կը սկսի վեհափառի մեծադիր նկարով եւ օրհնութեան գիրով:

Գրութիւններ ունին` Հայկ Պալեան, Գարեգին եպիսկոպոս, Արամ Սահակեան, Տիգրան Ոսկունի, Մ. Իշխան, Տիգրան Պալեան, Կարօ Սասունի, տոքթ. Բ. Փափազեան, Վարդան Գէորգեան, Թուրիկ, Ղազար Չարըգ, Յ. Գեղարդ, Ս. Վրացեան, Եդ. Պոյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Շաւարշ Միսաքեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Շահէն Տէրտէրեան, Նազարէթ Կէրկէրեան, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Լեւոն Գարմէն, Յակոբ Աշճեան, Կարօ Գէորգեան, Հրանդ Սամուէլեան, Աշոտ Նուրեան, Ահմետ Տըմըշքիէ, Քերեմ Միւլհեմ Քերեմ, Օննիկ Մելիքսէթեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, Կարօ Գանթարճեան, Յովհաննէս Շահինեան, Հայկազ Եափուճեան եւ Հրազդան:

Այս հատորը հրատարակուած է սահմանափակ թիւով` իբրեւ բարոյական հաշուետուութիւն մը «Ազդակ»-ի քառասնամեայ հանրային դերին ու ծառայութեան:

ԳԻՆ` Լիբանան 4 լ. ոսկի, Սուրիա 5 ս. ոսկի, արտասահման 2 տոլար:

 

Ամենայն Հայոց Երաժիշտը

(Կոմիտասի Ծննդեան 95-Ամեակին Առիթով)

Ունէինք արդէն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, ետքէն ունեցանք նաեւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծը: Կը պակսէր Ամենայն Հայոց երաժիշտը:

Այս թափուր աթոռին վրայ եկած ու վերջնապէս բազմած է արդէն հանճարեղ վանականը` Կոմիտաս վարդապետ Սողոմոնեան:

Կրօն, գրականութիւն, արուեստ` երեքն ալ մաս կը կազմեն ազգայնացած, հայացած մեր մշակոյթին, որ իր հերոսները եւ նահատակները ունի:

Հայ արուեստի հերոսը եւ միաժամանակ նահատակն է վեղարաւոր քուրմը` Սողոմոն Կուտինացի:

Միայն երաժիշտն էր ան, ինչպէս ուրիշներ միայն ուսուցիչ, միայն գրագէտ կամ միայն բանաստեղծ եղան: Իրեն համար երաժշտութիւնը կրօն մըն էր, որուն սպասարկեց երկիւղած ջերմեռանդութեամբ, եւ որմէ զատ ուրիշ տէր, ուրիշ աստուած չճանչցաւ:

«Իմ թագաւորութիւնս,- կ՛ըսէր Պեթհովեն,- այս աշխարհի մէջ չէ, օդին մէջն է: Եւ մարդիկ չեն կրնար դիւրութեամբ հասնիլ իմ կայսրութեան»:

Նոյն բանը կրնար ըսել մեծատաղանդ Կուտինացին ի՛ր «կայսրութեան» համար, որ նոյնքան օդին մէջն էր, որքան` Պեթհովենի կայսրութիւնը, անմատչելի` մահկանացուներուն, սակայն մատչելի` անմահներուն:

Իրաւամբ, երաժշտութիւնը քիչ մը վեր է աշխարհէն եւ քիչ մը վար է երկինքներէն: Ո՛չ բոլորովին աշխարհն է, ո՛չ բոլորովին երկինքը… «Միջնակէտ» մըն է, որ այս երկու անհունութիւնները իրարմէ կը բաժնէ եւ միաժամանակ իրարու կը միացնէ:

Վարդապետը աշխարհ եկաւ քիչ մը «երկինք» բերելու համար հայ երաժշտութեան, որուն ինքնուրոյն գոյութիւնն իսկ կ՛ուրանային շատեր այն օրերուն եւ կ՛ուրանան թերեւս այսօ՛ր ալ:

Առանց իրեն` այս «երկինք»-ը բացակայ պիտի ըլլար մեր երգէն` մեծ պարապ մը ստեղծելով ցեղային գանձարանին մէջ:

Դա՛րձեալ առանց իրեն` մեր ֆիզիքական ու հոգեկան կառոյցին մէջ պիտի պակսէր աստուածային տարրը, որովհետեւ երաժշտութիւնը աստուածային է իր էութեամբ ու բնոյթով: Ասոր համար է, որ երկնքի հրեշտակները չեն խօսիր, այլ կ՛երգեն, ինչպէս կը վկայեն կամ կը թուին վկայել սուրբ գիրքերը:

Աստուածային կոչուած այս արուեստը ո՛չ միայն հոգի կու տայ հոգի չունեցողներուն, այլեւ կ՛ազատագրէ մարդը «ծարաւով տոչորուելու» իր դառն ու դաժան ճակատագրէն: «Ազատագրուած»-ներէն մէկը` Ուիլիըմ Շէյքսփիր կը գրէ «Վենետիկի վաճառական»-ին մէջ:

«Ան, որ ինքն իր մէջ երաժշտութիւն չունի,

Ո՛չ ալ կը յուզուի քաղցր ձայներու դաշնակութենէն,

Ընդունակ է դաւաճանութեան, նենգամտութեան եւ կողոպուտի»:

Եւ Շիլլերը չէ՞ր, որ կ՛ըսէր, թէ միայն չարերը երգ չունին:

Ատեն մը կը զլանային մեզի երգ ունենալու, այսինքն` «չար» չըլլալու առաքինութիւնը: Կ՛ուզէին հարկատուի նուաստ դիրքին մէջ դնել մեզ իբրեւ ազգ մը, որ գիր ունի, լեզու ունի, գրականութիւն ունի, բայց երգ չունի:

Հայ երգի առաքեալը ազատեց մեզ այս նուաստ դիրքէն, որովհետեւ գտաւ հայ երաժշտութեան «այբուբեն»-ը: Գտաւ ո՛չ իբրեւ հրեղէն քանդակ, անտեսանելի ձեռքէ մը տեառնագրուած, այլ գտաւ իբրեւ ձայն, շունչ, խաղ ու ապրող էակ:

Կը հաւատանք հիմա, ինչպէս կը հաւատայինք երէկ ալ, թէ երաժշտութիւնը միաժամանակ լեզու է, արուեստ եւ գիտութիւն: Հայ երաժշտութեան Սուրբ Մեսրոպը նոյնքան «լեզուագէտ» էր ուրեմն, որքան` արուեստագէտ եւ գիտուն:

Բաւական չէ կանոնը, զոր ամէն մարդ կրնայ ուսանիլ եւ ուսուցանել: Հարկ է ունենալ նաեւ արուեստի զգայութիւն, զոր ոչ ոք կրնայ ուսանիլ կամ ուսուցանել: Հարկ է ունենալ նոյնպէս գիտութիւն, որ տեսնելու, տրամաբանելու, եզրակացնելու կարողութիւն մըն է մանաւանդ:

Այս երեք զէնքերով սպառազէն, հերոս ու նահատակ վարդապետը մտաւ Տիրոջը Այգին ու սկսաւ պեղել հողը` անոր ընդերքէն դուրս բերելով ինչ որ մենք հիմա կը կոչենք ՀԱՅ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ, ինքնուրոյն, ինքնատիպ, ինքնաստեղծ:

Շատեր այդ երաժշտութիւնը կը համարեն կոմիտասեան, ինչպէս հայ այբուբենը կ՛անուանեն մեսրոպեան: Արդար տուրք մը, զոր մենք` յետնորդներս պէտք է գիտնանք հատուցանել ընտիրներու մէջ ընտրեալներուն:

Կէօթէն էր, որ կ՛ըսէր, թէ միայն վարպետնե՛րը յառաջ կը տանին արուեստը:

Անկասկած կէօթէեան ըմբռնումով վարպետ մըն էր կուտինացի վարդապետն ալ, քանի որ «առաջ տարաւ» երաժշտութեան արուեստը, թերեւս ամէնէն աստուածայինը` միւս բոլոր արուեստներուն մէջ:

Անշուշտ ինք չստեղծեց հայ երաժշտութիւնը, բայց ի՛նք գտաւ անոր «բանալի»-ն: Ու գտնելը նոյնքան մեծ արժանիք է, որքան` ստեղծելը: Որովհետեւ ստեղծելը ամենամեծ չափով գտնել է արդէն: Ոչինչէն միայն Աստուա՛ծ ստեղծեց ինչը. միւսները, մահկանացու խուզարկուներ, գտան միայն այն, ինչ որ քաոսէն ստեղծեր էր Արարիչը:

Գերագոյն երջանկութեան թէ յետին անձկութեան մէջ, մխիթարութիւն մըն է արուեստը, եւ մեծ մխիթարիչ մըն է արուեստագէտը:

Գիտութիւնն ու գիտունը կրնան մեծցնել, երբեմն նաեւ պզտիկցնել մարդիկն ու ազգերը, բայց միա՛յն արուեստը եւ միա՛յն արուեստագէտը կրնան սփոփել, պիտի ըսէի նոյնիսկ` կրնան ապրեցնել մեզ:

Կոմիտասները իրենց խռովայոյզ հոգիին բոլոր ակերը բացին, ոռոգելու համար ցեղին հոգեկան անդաստանը:

Իրենց հոգիին խաղաղութիւնը կորսնցուցին` ի խնդիր մե՛ր հոգիներուն խաղաղութեան:

Իրենք սպառեցան, որպէսզի կարենանք ապրիլ մենք: Եւ ինչպէ՞ս կրնայինք ապրիլ առանց երգի ու երաժշտութեան: Երգո՛վ է, որ մարդիկ կը հրեշտականան ու կը դադրին չար ըլլալէ:

Հիմա, իր ծնունդէն իննսուն այսքան տարի եւ մահուընէն քառորդ դար ետք, Կոմիտասի համար կրնանք ըսել` առանց չափազանցութենէ վախնալու:

– Իր անունը տալ` հայ երաժշտութեան դրօշը քաշելու պէս բան մըն է:

Ցորչափ կ՛ապրի հայ երգը, պիտի ապրի նաեւ Կոմիտասը:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Րաֆֆի Ետալեան Գեղանկարիչ-Քանդակագործ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In