ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն կողմ մի՛ վազէք ձեր նպատակը հասկցնելու համար: Ժամանակը պիտի հասկցնէ ամէնուն, ամէն ինչ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ ծանրաբեռնուած եւ յոգնած էք, հետեւաբար ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տօնական օր մը պիտի կազմակերպէք, ձեր հրաւիրեալները պիտի զարմանան ձեր ճկունութեան եւ ճարպիկութեան, այդքան աշխատանքի դիմաց:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործերուն վերաբերեալ կանխահաս ծանօթութիւններ կ՛ուզէք ունենալ: Թոյլ տուէք, որ յառաջիկայ օրերը արտայայտեն իրականութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր սթերեսը փարատելու համար հետեւեցէք խրատներուն այն անձերուն, որոնք «եոկա» կը կատարեն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր հաշուեցոյցները դիզուին, որովհետեւ կարգ մը հաշիւներ կրնաք մոռնալ եւ հարց ստեղծել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անոնք, որոնք կը փնտռեն հաստատ գործ մը, պիտի յաջողին իրենց նպատակին մէջ: Արթուն եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնութիւնը ջղայնութիւն կը պատճառէ: Անհամբեր մի՛ ըլլաք, հանգստացէք եւ պիտի տեսնէք, որ հանդարտած էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր վիպային զգացողութիւնը պահեցէք, որպէսզի վայելէք անոր ազդեցութիւնը: Օրը ունի հաճելի պահեր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ դուրս մի՛ ելլէք, տան մէջ աւելի հանգիստ կրնաք զգալ ձեր հարազատներով: Օրը իրեն հետ պիտի բերէ հաճելի անակնկալներ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անոնք, որոնք շաբաթավերջին պտոյտ մը կը կատարեն, փոքր արձակուրդ մը վայելելու տրամադրութիւնը պիտի ունենան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շաբաթավերջին պտոյտ մը կատարեցէք` առանց աւելորդ ծախսեր կատարելու: Այս մասին տեղեկութիւններ քաղեցէք ձեր շուրջիններէն: