Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբարձման Տօն

Մայիս 14, 2015
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

5-14-15_HampartsoumՀայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը նշէ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որ իբրեւ տէրունի տօն, կը նշուի Քրիստոսի յարութեան 40-րդ օրուան հանդիպող  հինգշաբթին:

«Համբարձում» կը նշանակէ բարձրացում: Համբարձումը յարուցեալ Յիսուսի մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հօր աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Այս տօնը կ՛եզրափակէ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան եւ աւետարանական պատմութեան շրջանը:

Համբարձման դէպքը նկարագրուած է Նոր Կտակարանին մէջ (Մարկ. ԺԶ. 19-20, Ղուկ. ԻԴ. 50-53, Գործք Ա. 9-11): Ս. Յարութեան մեծ եւ հրաշափառ դէպքէն յետոյ անցած էին քառասուն օրեր, որոնց ընթացքին յարուցեալ Տէրը խորհրդաւոր կերպով, բայց միշտ մարդկային կերպարանքով բազմիցս երեւեցաւ վշտաբեկ եւ յուսահատ իր աշակերտներուն` զանոնք վերահաստատելով իրենց առաքելական կոչման եւ հաւատքի մէջ: Յարուցեալ Քրիստոս այդ 40 օրերու ընթացքին շարունակեց քարոզել` երեւելով իր աշակերտներուն: Իր հանդիպումներու ժամանակ Ան միշտ կը խօսէր երկնքի արքայութեան մասին, կը յուսադրէր, կը քաջալերէր եւ կը մխիթարէր, որպէսզի Իր` երկինք երթալուն պատճառով չտրտմին: Տէր Յիսուս անոնց մէջ սերմանեց նաեւ համբերութիւն եւ արիութիւն. համբերութիւն` յոյսով սպասելու զԱյն` նախապէս տուած խոստումին իրագործման, եւ արիութիւն` ընդդէմ գալիք փորձութիւններու, որպէսզի կարողանան աներկիւղ քարոզել Աւետարանը:

hambardzman-tvony-nv-10280.6Հին ատեն Համբարձումի տօնակատարութիւնները կը սկսէին չորեքշաբթի: Կիները այդ օրը կը կոչէին Ծաղկամօր կիրակի: Ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառ կոյսն է, որ կռապաշտ հօրմէն փախուստ տալով կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լեռը: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, զայն կը գտնէ քարանձաւին մէջ եւ կը սպաննէ: Մահանալէն առաջ աղջիկը կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկի եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին. այդպէս ալ կ՛ըլլայ, եւ այդ քարանձաւը կը դառնայ ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մնայուն կերպով ջուր կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ, որ անոնք Վարվառէ կոյսին արցունքներն են:

Համբարձումին նաեւ կը կատարուի վիճակահանութիւն եւ ծաղկահաւաք: Ջուրով լեցուն կուժի կամ ամանի մէջ կը տեղադրուին ծաղիկներ եւ ներկայ աղջիկներուն պատկանող իրեր: Դեռատի աղջիկ մը ճերմակ զգեստ կը հանգնի, կը վերցնէ կուժը եւ կը շրջի տան մէջ. կուժէն դուրս բերուած առաջին առարկային տիրոջ մօտալուտ ամուսնութիւնը կը նախատեսուի: Ապա իւրաքանչիւր իրի հետ կ՛ընտրուի վիճակահանութեան տոմս մը, ուր գրուած խրատը կամ նախատեսութիւնը ուղղուած կ՛ըլլայ առարկային տիրոջ:

 

Նորաձեւութիւն.

«Ես Անմոռուկ Չեմ Վաճառի…»

Ձեւագէտ Գէորգ Շադոյեան իր «Վերածնունդ» տարազներու հաւաքածոն, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ապրիլ ամսուան ընթացքին Մոսկուայի մէջ ցուցադրեց եւ արժանացաւ «Լաւագոյն արտասահմանեան հաւաքածու» մրցանակին:

«Նիուզ Էյ. Էմ.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ձեւագէտը յայտնած է, որ իրեն համար մրցանակը անսպասելի էր, քանի որ ինք հրաւիրուած էր որպէս պատուոյ հիւր եւ բուն մրցոյթին չէր մասնակցեր:

«Վերածնունդ» հաւաքածոյին համար Շադոյեան յատուկ հագուստ ստեղծած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկի պատկերով: Ձեւագէտին կարծիքով, շատ շահարկուած է այդ թեման, եւ ինք շատ վերապահ էր այդ խորհրդանիշով հագուստ պատրաստելու գաղափարին հանդէպ: «Այդ հագուստէն արդէն պատուէրներ կան, սակայն ես կը մերժեմ: Ես անմոռուկ չեմ վաճառեր: Ասիկա ուրիշ խորհրդանիշ է, նուռ չէ, ծիրան չէ, խաչքար չէ, կը հասկնա՞ք…»:

Յիշարժան է նաեւ այն, որ Գէորգ Շադոյեանի «Վերածնունդ» հաւաքածոյի ցուցադրութեան ընկերակցած է ռուս երգչուհի Թաշա Թուրովան «Տլէ եաման» երգով:

«Վերածնունդ»-ի առաջին հաւաքածոն ցուցադրուած է Արցախի մէջ, մարտ 20-ին: Յառաջիկային հաւաքածուն պիտի ցուցադրուի նաեւ Երեւանի, Իրանի, Մ. Նահանգներու, Մարսէյի եւ Աւստրալիոյ մէջ:

Ստորեւ` հաւաքածոյէն հետաքրքրական նմուշներ:

 

5-14-15_BAB_0934

5-14-15_BAB_0732

 

 

 

 

 

 

 

 

5-14-15_KEVORK_SHADOYAN_66

5-14-15_KEVORK_SHADOYAN_57

 

 

 

 

 

 

 

 

Մեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ.

Անզոյգ Գուլպաները Օգտագործելու
8
Հնարք

Այսուհետեւ երբեք չթափէք ձեր անզոյգ գուլպաները. ահաւասիկ 8 հետաքրքրական միջոցներ` զանոնք օգտագործելու համար:

– 1 –

5-14-15_download-FԱնզոյգ գուլպային վերի բաժինը օգտագործեցէք ձեր նեսքաֆէի կամ թէյի մակ տեսակի բաժակին «հագցնելու» համար:

– 2 –

8d655078-2ad0-4d68-9bf8-76b24181c176-FՈրպէս գետնի սրբիչ օգտագործեցէք անզոյգ գուլպան, մանաւանդ եթէ անիկա անձեռոցի հիւսուածք ունի:

– 3 –

33447b9b-72f7-4d58-acf2-d6894940a42e-FԵթէ քալելու ելած էք, գուլպան անցուցէք ձեր թեւին եւ մէջը տեղաւորեցէք ձեր բջիջայինը. այսպիսով բջիջայինը ապահով կ՛ըլլայ, իսկ ձեր ձեռքերը` ազատ:

– 4 –

a8dc2fe1-8b9d-47ac-97e9-473b6b3ef0fd-FԱնզոյգ գուլպաները հաստատեցէք խոհանոցը օգտագործուող աղցանի կամ տապկոցի ունելիին վրայ եւ մաքրեցէք սթորներուն շեղբերը:

– 5 –

5-14-15_images-(3)-FԱնզոյգ գուլպայ մը հագուստի վերածեցէք ձեր մանրակազմ շնիկին համար…

– 6 –

5-14-15_download-(1)-FԹաղարի սիրուն ծածկերու վերածեցէք ձեր անզոյգ գուլպաները:

– 7 –

5-14-15_images-(1)-FԲջիջայինի ամանի վերածեցէք անզոյգ գուլպայ մը` անոր վրայ փոքրիկ, գունաւոր կոճակները կարելով:

– 8 –

ec0725ac3270ad58dfbc80a282683430-FԵրեխաներու փափուկ խաղալիքներ պատրաստեցէք անզոյգ գուլպաներով:

 

Օրը Ուրախ Անցընելու 6 Խորհուրդ

 – 1

Նախքան տունէն ելլելը` դուք ձեզ կարգի բերէք. մի՛ անտեսէք ձեր հագուածքը, մազի յարդարանքը, շպարը… Տունէն ելէք ինքնավստահ եւ ժպտադէմ:

– 2 –

Նոր երեւոյթներով լեցուցէք ձեր կեանքը. այդ նորը կրնայ ըլլալ` ուտեստեղէն, զբաղում, նոր ծանօթութիւն, նոր գիրք, եւ այլն… Նոր հորիզոններ բացէք ձեզի համար:

– 3 –

Մէկ օր հրաժարեցէք հեռատեսիլ դիտելէ եւ համակարգիչով զբաղելէ: Նոր աշխարհ բացայայտեցէք ձեզի համար, հետեւեցէք բնութեան, քաղաքի անցուդարձերուն, ձեզ շրջապատող մարդոց…

– 4 –

Հեռաձայնեցէք անոնց, որոնց հետ երկար ժամանակէ ի վեր կը փափաքէիք խօսիլ եւ առիթը չէր ներկայանար: Հեռաձայնեցէք եւ պարզապէս խօսեցէք լաւ նիւթի մը մասին: Յարաբերեցէք այն մարդոց հետ, որոնք հաճելի են ձեզի համար:

– 5 –

Հաւաքեցէք ոչ պիտանի իրեր եւ տուէք կարիքաւորներու. օգնեցէք մարդոց, խաղալիքներ նուիրեցէք մանուկներու: Օգտակար գործ մը կատարելու բաւարարութիւնը ապրեցէք:

– 6 –

Այսօր իսկ սկսէք ընել այն, ինչ երկար ժամանակէ ի վեր կը յետաձգէք (նորոգութիւններ, մաքրութիւն, գնումներ, մարզանք, սննդականոն եւ այլն…), նոյնիսկ եթէ մէկ փոքրիկ քայլ առնէք, արդէն ատիկա մեկնարկ է, եւ դուք անպայման կը շարունակէք ու աւարտին կը հասցնէք:

 

Խմիչքի Հետ Հրամցուող
Վարունգի Սիւսեթներ

5-14-15_cake-pops-facileԲաղադրութիւն

– Վարունգ (խոշոր չափի)
– Պանիր (պուլկարական, ֆեթա, սխտորով…)
– Փայտեայ ցպիկներ

Պատրաստութիւն

Վարունգները լուալ, ծայրամասերը կտրել, փորել եւ միջուկը հանել:

Ամանի մը մէջ ճզմել պանիրը, ըստ ճաշակի` անոր աւելցնել մանրուած կանաչ սոխ, մանրուած ազատքեղ, կամ անանուխ: Ստացուած միատարր խառնուրդը լեցնել վարունգներուն մէջ, ապա զանոնք 8 միլլիմեթր հաստութեամբ կլոր շերտել, իւրաքանչիւրը հաստատել փայտեայ ցպիկի մը ծայրամասին եւ սառնարանը պահել մինչեւ հրամցնելու ժամը:

Ցպիկները տեղաւորել ներկայանալի բաժակներու մէջ եւ հիւրասիրել:

 

5-14-15_9Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մայր Ու Որդի

Նստած հովում ընկուզենու, հագին շորեր հնատարազ`
Ճախարակ է մայրս մանում: Իր իսկ ցօղած լոյս ափերով
Բամբասասէր առուն անվերջ քչփչում է, անցնում վռազ`
Կասկածամիտ թփերի հետ բացատըրուել խուսափելով:
Ես դեռ մանուկ ու, մանկան պէս, քաղցրաւենու թունդ սիրահար,
Մեր թարեքից, ճարըս հատած, մի կոշտ շաքար եմ գողանում:
Իսկ շաքարը քի՜չ է այնքան – իմանում է մայրըս ահա
Եւ սպառնում հօրըս յայտնել – հասկանո՞ւմ էք ինչ է անում…
Աղքատի բախտը բանում է եօթ տարին մէկ – սուտ չի ասուած:
Մինչ քրքրուած լաչակի տեղ մայրս նորն է գլխին գցում,
Ես մեր կալն եմ ոտքով չափում, որ կամենայ եթէ աստուած`
Թիւը եթէ զոյգ վերջանայ, ես կին կ՛առնեմ մեր դրացուն:
(Թէպէտ եւ նա` մեր դրացին, նշանուած է արդէն կարծես –
Հագին ունի ալ մինթանա` խշշան փարչա, նախշուն նոր չիթ,
Ու երբ բակ է ելնում յանկարծ եւ կամ բակից իջնում պարտէզ,
Թւում է, թէ որտեղ որ է պիտի թռչի, պիտի կորչի):
Իսկ երբ որ նա` նոյն դրացին, մայր է դառնում յանկարծակի
(Է՜հ, երեւի կենտ վերջացան իմ քայլերը կալ ու արտում),
Ճերմակում է մայրս դանդաղ – նորից փոխում շորն իր հագի,
Իսկ ես` արդէն «ուսումնական»` սիրոյ մասին եմ գիրք կարդում…
Ու երբ վարժուած «սատանեկան» այդ հրաշքին գիր ու տառի,
Ես կարդում եմ օր ու գիշեր` իր բերանով կիսաբացուած,
Իր հայեացքով զարմացական իմ անգրագէտ մայրը բարի
Ինքն է թւում անգիր մի գիրք` կիսաբաց ու չկարդացուած…

***

Մի կիսաբաց գրքի նման` միայն գրուած ոչ տառերով,-
Ինձ այսպէս է պատկերանում ե՛ւ իմ, ե՛ւ քո մայրը հիմա.
Մի գիրք խորո՛ւնկ, հարո՜ւստ այնքան, որ կարդում ենք մենք դարերով,
Բայց մինչեւ վերջ չենք հասկանում – լոկ մայր է պէտք դրա համար:

Պ. ՍԵՒԱԿ

1955 թ. Մոսկուա

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Անի Պալապանեանի Բարձրորակ Նուագահանդէսը «Փիեռ Ապու Խաթեր» Հանդիսասրահին Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ
Կնոջական

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Մայիս 8, 2025
Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով
Կնոջական

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Մայիս 1, 2025
Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով.  Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար
Կնոջական

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Ապրիլ 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?