Վանի Հերոսամարտը
Վաղը` կիրակի, 16 մայիս, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» սրահին մէջ մեծ շուքով պիտի տօնակատարուի Վասպուրականի հերոսամարտին յիսնամեակը` նախաձեռնութեամբ հայրենակցական միութեան:
Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, հայկական խաւարամած երկնակամարին վրայ, Վան, Սասուն, Մուշ, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար եւ Սուէտիա եղան շքեղ անուններ, որոնք այդ օրերուն իրենց հայրենասէր զաւակներուն հերոսական խիզախումով, ապրելու կամք ու եռանդ ներշնչեցին խաչելութեան ճամբուն վրայ տառապող ու կոտորուող հայութեան:
Մեր ժամանակակից պատմութիւնը սուգ ու աւեր կտակած պիտի ըլլար միայն յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փառք ու պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն:
Վան մաս կը կազմէ այն ոսկի շղթային, որուն միւս օղակները կը կոչուին` Սասուն, Ուրֆա, Շապին Գարահիսար եւ Սուէտիա, մէկը միւսէն նուիրական անուններ, որոնք անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ` ազատութեան ճանապարհին վրայ:
Վանի հերոսամարտը, իր տարողութեամբ եւ արդիւնքով պատմական խոր նշանակութիւն ունեցող դէպք մըն է, որուն արժէքը հետզհետէ աւելի կը բիւրեղանայ` դառնալու համար հայ ժողովուրդի անկախութեան եւ պետական գերիշխանութեան ճամբուն վրայ հիմնական հանգրուան մը, անկիւնադարձ մը:
Վանի ինքնապաշտպանութեան ազատամարտիկները օրհասական կռիւներու օրերուն, հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարը մղելով հանդերձ, կը նետէին հիմները Հայաստանի անկախութեան, որուն երեք տարի ետք լրիւ կերպով պիտի տիրանար հայ ժողովուրդը, Արարատեան դաշտի վճռական կռիւներով:
Հայկական յեղափոխութիւնը առաւելաբար ծաւալեցաւ Տարօնի եւ Վասպուրականի մէջ, երկու նահանգներ, որոնք մեր ազատագրական պայքարներուն առաւելագոյն չափով իրենց բաժինը բերած էին` անձնուէր ֆետայիներու եւ աննկուն ղեկավարներու փայլուն փաղանգ մը նուիրելով հայութեան ազատագրութեան դատին:
Ճիշդ այդ պատճառով ալ թրքական կառավարութիւնը նախ ուզեց արիւնի եւ հուրի մատնել այդ երկու նահանգները` կարենալ մէկ անգամ ընդմիշտ մաքրելու հաշիւը այլ նահանգներու հայ բնակչութեան: Նենգամիտ թշնամին բացայայտ կռիւի չսկսած` ուզեց թակարդը ձգել Վանի ղեկավարները եւ յաջողեցաւ Վռամեանն ու Իշխանը խարդախութեամբ բաժնել ժողովուրդէն ու նահատակել: Հայ ժողովուրդը խորապէս ցնցուած իր երկու ղեկավարներուն կորուստէն, մէկ մարդու նման զէնքի փարեցաւ` ի դերեւ հանելով իթթիհատական վարիչներու դիւային ծրագիրը:
Վանի ինքնապաշտպանութիւնը տակնուվրայ ըրաւ թրքական բոլոր հաշիւները, եւ շնորհիւ այն փրկարար դերին, որ այդ հերոսական դրուագը ունեցաւ հայաբնակ շրջաններու ժողովուրդին համար, հարիւր հազարաւոր հայեր փրկուեցան արեան այդ յորձանքէն, որուն մէջ Թուրքիան կ՛ուզէր խեղդել ամբողջ հայութիւնը:
Յաջորդող երեք տարիներու ընթացքին, կամաւորական շարժումին հետ, Վանէն, Սասունէն, Էրզրումէն ղրկուած հայ ժողովուրդի զանգուածները անընդհատ տեղաշարժի մը մէջ եղան` իրենց ճակատագիրը կապելով այդ շարժումի յաջողութիւններուն եւ ձախողութեանց:
1917-ի ռուսական դասալքութենէն ետքն է, որ հայկական այդ նահանգները կորսուեցան հայութեան համար, որ իր վերջին` կենաց մահու կռիւը մղեց Արարատեան դաշտին վրայ, մասնակցութեամբը այն զանգուածներուն, որոնք նահանջող բանակներուն հետ եկած ապաստան գտած էին Արարատի փէշերուն:
Առանց Վանի եւ այլ շրջաններու հերոսամարտերուն` կարելի պիտի չըլլար Արարատեան դաշտի վճռական հերոսամարտը, ուր հայութիւնը յաղթականօրէն իր կամքը պարտադրեց թուրք բնակչութեան:
Վանի ինքնապաշտպանութեան ոգին` Արամ, 1918-ին պիտի դառնար հիմնադիրը մեր անկախ պետականութեան, ինչպէս որ պատմութեան այդ մեծ դրուագը պիտի նետէր հիմերը մայիսեան անկախութեան:
Վան եւ բոլոր նուիրական միւս անունները, որոնք պայծառ թուականներ կը հանդիսանան ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ, ներշնչումի աղբիւրներ են նոր սերունդներուն համար, որոնք ուխտած են քալել իրենց մեծ նահատակներուն ճամբով` հասնելու համար իրենց գերագոյն նպատակին` հայ ժողովուրդի եւ անոր հայրենիքի վերջնական ազատագրութեան:
Այս ոգիով պէտք է յարգել մեր հերոսները ու խնկարկել անոնց անմահ յիշատակին:
«Հայաստան» Փողոց Աթէնքի Մէջ
Քաղաքապետական Խորհուրդը Մեծ Եղեռնի
Յիսնամեակին Առթիւ Որոշեց
Աթէնքի Փողոցներէն Մէկը «Հայաստան» Կոչել
Աթէնքի 8 եւ 9 մայիսի առաւօտեան թերթերը հրատարակած են հետեւեալ լուրը.-
Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդը, իր վերջին նիստի ընթացքին, յարգանքի իր տուրքը տուաւ թրքական վայրագութեան անմեղ զոհերուն, թուրքերու կողմէ կատարուած մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար հայերու ջարդի յիսնամեակին առթիւ, ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող յուշատօներուն պատեհութեամբ:
Ճառախօսները այս ջարդերը միացուցին Տիեզերական պատրիարքարանին դէմ վերջին հալածանքներուն ու քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց դէմ դարերէ ի վեր ի գործ դրուող ցեղասպանութեան հետ:
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Երասիմոս Ափոսթոլաթոս յայտնեց, թէ գրաւիչին կողմէ Բիւզանդիոնի գրաւումէն ի վեր աւելի քան 10 միլիոն յոյներ եւ մօտաւորապէս 5 միլիոն հայեր ջարդուած են, եւ թէ` 1915-1916 հայոց եւ 1922-ի յոյներու ջարդերուն ծաւալը աննախընթաց է պատմութեան մէջ, ու միայն Հիթլերի կողմէ հրեաներու ցեղասպանութեան հետ կրնայ բաղդատուիլ:
Ի վերջոյ, Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց քաղաքի փողոցներէն մէկը Հայաստանի փողոց կոչել` պատուելու համար այդ հերոս երկիրը եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն յիշեցնելու համար հերոս ժողովուրդի մը ազատութիւն տալու պարտականութիւնը: