Խմբագրական
Ուխտաւորները
Լիբանանի հայութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի մայիս 30-ի կիրակիին, երբ Անթիլիասի մէջ տեղի պիտի ունենայ միւռոնօրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ յատուկ աւանդական ծէսով եւ ժողովրդային բազմամբոխ մասնակցութեամբ:
Խանդավառութեան այս ալիքը կը ծաւալի ամէնուրեք, մանաւանդ` ներկայութեամբը ուխտաւորներու, որոնք Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր ափերէն կը ժամանեն Պէյրութ` ներկայ գտնուելու համար հայադրոշմ եւ բազմախորհուրդ այս արարողութեան:
Իսկապէս բացառիկ երեւոյթ մըն է ուխտաւորներու այս ալիքը, որ արհամարհելով ամէն հեռաւորութիւն, Ատլանտեանի ափերէն կը հոսի դէպի Լիբանան` բերելով բազմահարիւր հայեր, որոնք անմոռանալի պահեր ապրելու ներքին մղումով, սրտապնդիչ երկիւղածութեամբ մը իրենց որդիական հաւատարմութիւնը կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռին:
Չենք խօսիր այլ գաղութներէ գալիք ուխտաւորներու մասին, որոնք պիտի ըլլան նոյնքան բազմամարդ եւ նոյն նուիրական արժէքներուն խնկարկու: Ամերիկայի ուխտաւորներու փաղանգը այլ նշանակութիւն ունի թէ՛ իր տարողութեամբ եւ թէ՛ այն անդրադարձներով, որ պիտի ունենայ ամերիկահայ կեանքին մէջ:
Այսպէս է հայ ժողովուրդը: Անիմանալի խորհուրդով մը երբեմն կ՛ունենայ այնպիսի ինքնաբուխ արտայայտութիւններ, որոնք կը կազմեն հայութեան կենսունակութեան գաղտնիքը եւ հնարաւորութիւն կու տան մեզի վստահութեամբ նայելու ապագային:
Մօտ չորս հարիւր ամերիկահայ ուխտաւորներու ներկայութիւնը անկասկած որ արտասովոր թափ մը պիտի տայ մեր գաղութի հանրային կեանքին: Անկախ միւռոնօրհնութեան արարողութենէն` բազմաթիւ միութիւններ եւ հաստատութիւններ կը պատրաստուին հայեցի ելոյթներով հաճելի եւ օգտակար դարձնել մեր ուխտաւոր հայրենակիցներուն այցելութիւնը` հոգեկան վայելքի պահեր ապրելու առիթներ ընծայելով անոնց:
Բայց ինչ որ ամէնէն կարեւորն է, ամերիկահայ ուխտաւորները Լիբանանի զուտ հայկական այս միջավայրին մէջ ոչ միայն պիտի կրնան գոհացում տալ տարիներու իրենց երազին, այլ նաեւ հոգեպէս վերանորոգուած, թարմացած պիտի վերադառնան իրենց տուները` իրենց խանդավառութիւնն ու ապրումները փոխանցելով ամերիկահայ գաղութին, որ հոգեպէս կապուած է մեզի, շատ մօտ է այս գաղութին եւ իր հաստատութիւններուն` հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան:
Գաղութներու միջեւ ընդհանրական հաղորդումի այս իրողութիւնը, որ հետզհետէ ծաւալ կը ստանայ եւ առաջիկայ տարիներու ընթացքին կրնայ աւելի լայն չափով կատարուիլ, մեր կեանքին ամէնէն խրախուսիչ երեւոյթներէն մէկն է եւ արժանի ամէն քաջալերութեան:
Այնքան ատեն որ մեր գաղութները իրարմէ հեռու կ՛ապրէին, իրարու կեանքէն կտրուած, այնքան աւելի այլասերումի եւ ծիւրումի վտանգը կը սպառնար իրենց: Հիմա հաղորդականութիւնը, որ ստեղծուած է մեր գաղութներուն միջեւ, ոչ միայն անոնց կեանքը երկարելու բնոյթ ունի, այլ նաեւ զօրացնելու հայկականութիւնը` նոր սերունդներու մէջ:
Այս իրողութեան առընթեր, նոյնքան նշանակելի երեւոյթ է Ազգային Ընդհանուր ժողովի գումարումը, որ պիտի կատարուի միւռոնօրհնէքէն անմիջապէս ետք, մասնակցութեամբ կիլիկեան թեմերու պատգամաւորներուն: Ամերիկահայ ուխտաւորներուն հետ եկած են արդէն բազմաթիւ պատգամաւորներ` շփման մէջ մտնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատկան մարմիններուն հետ, հիմնական օրակարգ ունենալով կիլիկեան թեմերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու ամրապնդումը` յօգուտ Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին:
Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու Ազգային ընդհանուր ժողովի գումարման եւ այդ առիթով կատարելու հաշուեկշիռը այն մեծ գործին, որուն ձեռնարկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր հովանիին տակ գտնուող թեմերու ազգային կեանքին մէջ:
Հաղորդագրութիւն
Հիւս. Ամերիկայի Առաջնորդարանի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հիւս. Ամերիկայի ու Քանատայի թեմին Ազգային Երեսփոխանական ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները ինը յաջորդական նիստերու ընթացքին, 5-8 մայիս 1965: Համագումարը կայացաւ փրովիտենսի Սրբոց Վարդանանց Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ սրահներուն մէջ. պատգամաւորները արժանացան հոգաբարձութեան, օժանդակ մարմիններու եւ ՀՕՄ-ի տեղական մասնաճիւղի ջերմ հիւրասիրութեան:
Խորէն Ա. վեհափառ կաթողիկոսի զոյգ հեռագիրները ունկնդրուեցան յոտնկայս երկիւղածութեամբ: Ն. Սրբութիւնը կ՛օրհնէր Եկեղեցականաց համագումարն ու Ազգ. Երեսփ. ժողովը, ու յաջողութիւն կը մաղթէր անոնց եկեղեցաշէն ու ազգանուէր աշխատանքներուն:
Ազգ. Երեսփ. ժողովի նիստերը գումարուեցան ընդ նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոսի եւ ընթացան ընդ ատենապետութեամբ Լեւոն Տէր Ասատուրեանի եւ Բաբգէն Սարգիսեանի. ժողովի ատենադպրութիւնը վստահուեցաւ Տաթեւ քհնյ. Գալուստեանի եւ Յովակ Յակոբեանի:
Ազգ. Երեսփ. ժողովին կը մասնակցէին 74 իրաւասու երեսփոխաններ` 20 հոգեւորական ու 54 աշխարհական: Հոն էր նաեւ Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը իր լրիւ կազմով:
Ազգ. Երեսփ. ժողովը լսեց առաջնորդ հօր եւ Ազգ. Կեդր. վարչութեան տարեկան տեղեկագիրները ու գոհունակութիւն արձանագրեց իրագործուած արդիւնքներու մասին: Ազգ. Կեդր. վարչութեան կողմէ մշակուած նախահաշիւը արժանացաւ ժողովի վաւերացման. ուրախութեամբ դիտուեցաւ, որ նախահաշիւը յաւելեալ վարկեր սահմանած էր հայ դպրոցներու եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու համար:
Կիրակնօրեայ վարժարաններու մասին զեկուցեց սրբազան հայրը. իսկ հայ դպրոցներու մասին տեղեկագիր ներկայացուց Ուսումն. խորհուրդի ատենապետ Արշակ Սահակեան: Կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդի հրատարակչական ծրագիրը գնահատուեցաւ ժողովին կողմէ եւ արժանացաւ համապատասխան վարկի: Հայ դպրոցները, դիտել տուաւ Երեսփ. ժողովը, կը կարօտին յաւելեալ հոգածութեան ու զոհողութեան, ու ջերմօրէն յանձնարարեց անոնց վերելքն ու կազմակերպումը ապահովել ի գին ամէն նիւթական եւ բարոյական յանձնառութեան:
Ազգ. Երեսփ. ժողովի գլխաւոր հարցերէն մին կը հանդիսանար վերամշակումը թեմի սահմանադրութեան:
Թեմի սահմանադրութեան վերամշակումով զբաղած էր Ազգային Երեսփ. ժողովը անցեալ տարի, Ֆրեզնոյի մէջ, եւ վերաքննած` 1 – 46 յօդուածները: Շարունակելով իր աշխատանքները` ժողովը գնահատելի բծախնդրութեամբ ամբողջացուց վերաքննութիւնը: Վերամշակուած սահմանադրութիւնը շուտով պիտի յղուի Խորէն Ա. կաթողիկոսին` արժանանալու համար Անոր վաւերացման:
Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը օրակարգի վրայ ունէր նաեւ ընտրութիւնը թեմի առաջնորդին: Գաղտնի քուէարկութեամբ ձեռնարկուեցաւ ընտրութեան, որուն արդիւնքը ողջունուեցաւ ջերմ ծափահարութեամբ. վերընտրուած էր թեմի առաջնորդ Հրանդ արք.:
Կատարուեցաւ նաեւ լրացուցիչ ընտրութիւնը Ազգ. Կեդր. վարչութեան, որ արդէն իսկ իր անդրանիկ նիստին կազմեց իր դիւանը ըստ հետեւեալի. Ճեք Չատրեան` վերընտրուած, ատենապետ, Կորտըն Տէրեան` փոխատենապետ, Թորգոմ քհնյ. Յակոբեան` վերընտրուած ատենադպիր, Եղիշէ Յ. Մելիքեան` վերընտրուած գանձապահ, Արսէն քհնյ. Յակոբեան` խորհրդական, Մեսրոպ քհնյ. Թաշճեան խորհրդական, Միհրան Կիւզէլեան խորհրդական, Ժան Թոքմաճեան խորհրդական, Բիւզանդ Կռանեան` վերընտրուած խորհրդական:
Յունիս 2-5, 1965, Ս. միւռոնի օրհնութեան յաջորդող օրերուն, կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ պիտի գումարուի Ազգային Ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն: Ազգային Ընդհ. ժողովին թեմը պիտի մասնակցի 13 աշխարհական ներկայացուցիչներով` գլխաւորութեամբ առաջնորդ հօր: Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը կատարեց նաեւ պատգամաւորներու լրացուցիչ ընտրութիւն` ամբողջացնելով թեմի պատուիրակութեան կազմը:
Ուրախութեամբ կը յաւելենք, որ թեմի 300 ուխտաւորներ պիտի երթան Անթիլիաս` ներկայ ըլլալու սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան եւ արժանանալու վեհ. հայրապետի օրհնութեանց:
Լիայոյս ենք, որ Ազգ. Երեսփ. ժողովի խանդավառութիւնը պիտի տարածուի թեմի բոլոր ծուխերուն ու համայնքներուն վրայ, ու մենք պիտի դիմաւորենք արդիւնաշատ տարի մը եւս` շնորհիւ բոլորիդ ջերմ գործակցութեան ու օժանդակութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
11 մայիս, 1965
Թիւ 310-65