Հայկ. Գողգողթայի Ճամբաներու Վրայ
Ուխտագնացութիւն
Դէպի Ռաս Իւլ Այն
Ռաս Իւլ Այն… Հայկական Եղեռնի սեւ պատմութեան էջերուն փշաքաղիչ յուշեր ու մահուան տեսիլներ արթնցնող անուն մը, որմէ կարծէք դեռ արիւն կը կաթկթի: Ամիսներ շարունակ մերկ ու անօթի անապատներ քշուող հայութեան համայնակուլ սպանդանոց…. Ռաս Իւլ Այն: Սեւ լաչակաւոր ո՞ր մամիկին, կամ իր ցուպին յենած ո՞ր պապիկին մտքին մէջ դժոխային զառանցանքներ չ՛արթնցներ, սա օրերուն, երկաթուղագծով մը միայն Թուրքիայէն բաժնուած մահուան կարաւաններու խուլ կայան, հսկայական դամբարան` Ռաս Իւլ Այնը: Ո՛ր հայորդին չունի հարազատ մը, որ տարագրութեան կրակէ ուղիներէն յառաջանալէ ետք չէ խառնած իր ոսկորներու փոշին այդ անապատներու աւազին:
Սակայն, ո՜վ հրաշք, ի հեճուկս այդ բոլորին, այսօր աւելի քան յիսուն տուն հայեր, բոլորն ալ` հայախօս, կը շարունակեն ապրիլ նոյն վայրերուն մէջ, ուր կը հանգչէին իրենց հայրերը: Իսկ իրենց ջարդարար չեչեններու ցեղերը, ախտավարակ հիւանդութիւններով ու յատկապէս թոքախտով տարիներու ընթացքին փոքր թիւի մը վերածուած են ու կը շարունակեն ապրիլ այնպէս, ինչպէս հարիւր տարի առաջ` վրաններու տակ ու թափառաշրջիկ:
Տասնամեակներ առաջ Ռաս Իւլ Այնի հայութեան թիւը աւելի մեծ եղած է, որոնք, առաջին անգամը ըլլալով Ճեզիրէի մէջ, 35 տարիներէ ի վեր ունին իրենց ազգային վարժարանը եւ եկեղեցին: Տակաւին տարի մը առաջ էր, երբ շուրջ քառասուն տուն հայեր Ռաս Իւլ Այնի շրջակայ գիւղերէն ներգաղթեցին Հայաստան: Անոնք թէեւ իրենց հայեր եղած ըլլալու գիտակցութիւնը պահած էին, սակայն կորսնցուցած ըլլալով իրենց լեզուն` մինչեւ իսկ պետութենէն պաշտօնապէս իրենց անձնաթուղթերով իսլամներ ճանչցուած էին:
Ուստի, ապրիլ 25-ի կիրակի այգաբացին, երբ Գամիշլիի փոխանորդարանին առջեւէն սկաուտներու եւ արենուշներու ընկերակցութեամբ, շուրջ քսան ինքնաշարժներով Ուխտաւորներու կարաւան մը, առաջնորդութեամբ հայր սուրբին ճամբայ կ՛ելլէր դէպի նահատակաց ուխտավայր, քաջ գիտէր, թէ ո՛ւր եւ ի՛նչ ընելու կ՛երթար:
Անոնք ժամ մը յետոյ առաւօտը ողջունեցին անապատներու փոշոտ ճամբաներուն վրայ… ու այս թափօրը սրտատրոփ կը սուրար այն ափերէն, ուրկէ կէս դար առաջ բիւր հայ մայրեր ու քոյրեր, ուռած փորերով, կմախքացած մանուկները կը սողային` արիւնահեղձ ու արեւախանձ հողը ճանկրտելով, պուտ մը ջուրի, շերտ մը հացի ի խնդիր, ապա իյնալու համար շնական քրքիջին ու անյապաղ հասնող սուինին տակ թուրք ասկեարին կամ քիւրտ մարդակերին:
– Այս լերան ետին, փոքրիկ գիւղի մը մէջ, քսան տարիներ առաջ հանդիպեր եմ ուղտերու եւ հօտերու տէր արաբացած հայու մը. արդեօք դեռ կ՛ապրի՞ ան,- կը շշնջայ մօտս նստած տրտմում ուխտաւոր մը, ու կը շարունակէ.- այդ հայը կը յիշէ, թէ Աֆիոն Գարահիսարի մէջ, եկեղեցւոյ կից վարժատան մէջ իրենց կը սորվեցնէին` «Անդրանիկը քաջ իւր ընկերներով…»: Ահա միակ նախադասութիւնը, միակ հոգեկան հաղորդակցութեան կապ, որ տակաւին այդ օրերուն զինք իր ժողովուրդին կը զօդէր:
Ու կը քակուի տարեցներու միջեւ նման յուզիչ ու սրտաճմլիկ դրուագներու շարանը… Մինչ կարաւանը այդ ափերէն յուզումի նոր ալիքներ առած` կը շարունակէ իր ճամբան դէպի հայ ցեղի խաչելութեան խորանը:
Քաղաքի մուտքին տասը քմ մնացած ահա հեռուէն փոշիի ամպ մը կը բարձրանայ ու շուտով Գէորգ քհն. Տէր Արմէնակեանի գլխաւորութեամբ դիմաւորելու կու գան անապատներու խորշակներէն կերտուած դիմագծերով Ռաս Իւլ Այնի բնակիչները: Արագ աջահամբոյրէ մը ետք, մարտիրոսաց աճիւններուն պահապանները կը խառնուին հիւրերուն եւ արագացնելով գնացքը`
երեսուն ինքնաշարժներով անոնք մուտք կը գործեն, խիստ տպաւորիչ կերպով, քաղաք, ուրկէ անմիջապէս կ՛ուղղուին դէպի հայոց գերեզմանատունը:
Այնտեղ սրտագրաւ մթնոլորտի մը մէջ է, որ կատարուեցաւ նահատակաց հոգւոց համար հոգեհանգստեան արարողութիւնը, որուն աւարտին, յանուն ներկաներուն եւ ամէն անոնց, որոնք այդ պահուն հոն էին հոգիով, սրբազան աճիւններուն վրայ, ուխտի հանդիսաւոր խօսք արտասանեց հայ սուրբը, որմէ ետք վերստին թափօր կազմած` ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր ողջ Ռաս Իւլ Այնի հայութիւնը խռնուած էր: Հայր սուրբը հայ արիներու եւ արենուշներու շարքին մէջէն անցնելով` յառաջացաւ դէպի Ս. խորան, ուր պատշաճ աղօթքէ մը ետք օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը` ու բացատարեց, թէ ինչո՛ւ դարձեալ կը գտնուէր իր փոքրիկ հօտին մէջ:
Առաւօտեան ժամը տասին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի երիտասարդ տնօրէն Վահէ Սիսեռեանի բացման խօսքով սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած սգահանդէսը: Օրուան բանախօսն էր Գամիշլիէն ժամանած Յակոբ Մկրտիչեան, որ կուռ ու վարակիչ բառերով մեկնեց խորհուրդը յիսնամեակին: Փակման խօսքը, խոր ապրումով ու պատգամներով լեցուն, կատարեց սգահանդէսը հովանաւորող Կորիւն վարդապետը: Իսկ աշտանակներու եւ խնկամաններու առջեւ մութ խոռոչներով հանգչող անապատներէն բերուած զոյգ գանկերու խօսուն ներկայութիւնը, ապրիլ 24-ի խորհուրդը պատկերող պաստառին առջեւ` բոլորին անխտիր ճնշող թախիծի մը զգայնութիւնը կու տար:
Կէսօրին, քաղաքին ազգայիններէն Անդրանիկ Թենեքճեանի տան մէջ, Ռաս Իւլ Այնի գաւառապետն ու դատական կազմը բարի գալուստի եկան Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ հօր, ու մտերիմ զրոյցէ մը ետք, աւելի քան յիսուն հոգիներու սարքուեցաւ շքեղ ճաշկերոյթ մը: Նկատած որ ուխտաւորներու կարաւանը դէպի Հասիչէ ճամբայ պիտի ելլէր ժամը 3-ին, հայր սուրբը ցաւ յայտնեց, որ պիտի չկարենար փոխադարձել այնքան ազնիւ գաւառապետին այցելութիւնը, ուստի այս ձեւով աւելի քան երկու ժամեր միասնաբար ըլլալէ ետք հրաժեշտ առաւ անկէ ու Ռաս Իւլ Այնի ողջ հայ ժողովուրդէն` իրեն հետ տանելով լաւագոյն յիշատակներ ու ջերմագոյն զգացումներ:
Ժամը 4:30-ի Գամիշլիի ուխտաւորներու կարաւանը դիմաւորուեցաւ Հասիչէի հայոց հոգեւոր հովիւ Նշան Քհն. Պասթաճեանի ու ազգայիններու կողմէ` քաղաքին տասը քմ. մնացած, ապա յառաջացան ուղղակի հայ կաթողիկէ համայնքի ընդարձակ եկեղեցին, ուր կանուխէն խռնուած ողջ Հասիչէի հայկական գաղութը կը կը սպասէր հայր սուրբի ժամանման: Գամիշլիի արիներն ու արենուշներ դարձեալ իրենց պարտականութեան մէջ էին, երբ Ճեզիրէի աստանդական հայուն մոլորեալ ոչխարները փնտռելու ելած առաջնորդական փոխանորդը իր հետեւորդներով հանդիսաւորապէս մուտք գործեց եկեղեցի:
Օրուան խիստ բովանդակալից արաբերէն խօսքը ուղղեց ժողովուրդին ժողովրդապետ տէր Նիկոլա, իսկ հայերէնով շուրջ կէս ժամ, իր էութիւնը բզիկ բզիկ ըրած, ինքզինք բաշխեց ամէնքին դարձեալ Կորիւն հայ սուրբը, որ ամբողջ օրուան մը ապրումներէն ետք հետզհետէ կը խորանար իր վշտին մէջ: Հասիչէի հայ գաղութին պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ նման համազգային տարողութեամբ հաւաքոյթ մը իտեղի կ՛ունենար:
Գիշերուան ժամը ութն էր, երբ ուխտաւորներու` այգաբացին ճամբայ ելած թափօրը պարտասուն կը վերադառնար տուն, հոգեպէս լիացած ու վերացած: Գուցէ դեռ երկար արձագանգէ Ճեզիրէի հայութեան հոգիին մէջ յիսնամեակի սուգի ամսուան ընթացքին տեղի ունեցած ոգեկոչումներուն ալեխռով յիշատակը:
Ահա թէ Խորէն Ա. կաթողիկոսին կոնդակը ինչպիսի՛ հրաշքներ կրնայ գործել սփիւռքեան մեր արեւ ու անձրեւ օրերուն վերեւ:
ՈՒԽՏԱՒՈՐ ՄԸ
Գամիշլի-Ճեզիրէ
7 Մայիս 65
