Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մայիս 1965)

Մայիս 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վանի Հերոսամարտի
Յիսնամեակի Հանդէսը

Կիրակի, 16 մայիս, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ծայրէ ծայր լեցուն սրահի մը մէջ, «Գերմանիկ», տեղի ունեցաւ Վանի հերոսամարտի յիսնամեակի հանդիսութիւնը, որուն հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Երուսաղէմի պատրիարքը` Եղիշէ արք. Տէրտէրեան:

Օրուան նախագահն էր բժշկապետ տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեան, հերոսական Վանի զաւակ:

Բացումը կատարեց, հայրենակցական միութեան անունով, Գուրգէն Խանճեան, որ հակիրճ խօսքերէ ետք անցաւ յայտագրի գործադրութեան:

Իբրեւ գեղարուեստական բաժին` բարձրորակ հանդէսի մը ներկայ գտնուելու հաճոյքն ունեցանք երէկ: Վարդան Չարըգեան, Շիրազի «Ամենայն սրտով»-ին եւ Պ. Սեւակի «Մենք»-ի մէջ, եղաւ յայտնութիւն մը` թէ՛ իր հաղորդականութեամբ եւ թէ՛ ըմբռնումով ու առինքնող առոգանութեամբ: Գէորգ Կակոսեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժաք Հազարապետեանի, երգեց երկու կտորներ «Դաւիթ Բէկ»-էն եւ «Լեպլեպիճի հօր հօր»-էն. ան իբրեւ պարիթոն հազուագիւտ ձայն մըն է, որ շուտով կրնայ խօսիլ տալ իր մասին: Նելլի Մինասեան նուրբ զգայնութեամբ, երկու արտասանութիւններով, անդադրում ծափեր խլեց, ինչպէս միւսները:

Գեղարուեստական բաժնին զարդը եղաւ «Սիփան» պարախումբը, որ Գուրգէն Խանճեանի նուագախումբին ընկերակցութեամբ, պարեց հռչակաւոր «Քոչարի»-ն եւ այլ պարեր` խանդավառելով ներկաները:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի տնօրէն Եդուարդ Էլոյեան, որ գլխաւորաբար ծանրացաւ օտար ափերու վրայ ծնած ու հասակ նետած հայ երիտասարդի զգացումներուն եւ ըմբռնումներուն վրայ, անձնադրոշմ ապրումներու զեղումով մը:

Կարօ Սասունի, պարզ յուզականութեամբ մը, որուն գաղտնիքը միայն ինք գիտէ, իբրեւ ակատես` պատկերացուց 1915 ապրիլ-մայիս ամիսներու հերոսամարտը հայկական գաւառներու մէջ`  ընդգծելով այն կէտը, թէ Վանի հերոսամարտով եւ անոր ձեռք բերած արդիւնքով հիմը կը դրուէր հայ անկախ պետականութեան:

Հաւատքի խօսքեր եղան իրը` հանդէպ հայ ժողովուրդի ապագային, որ անպայման պիտի ըլլայ լուսաւոր, մեր պատմութեան անյեղլի օրէնքով:

Շատ տպաւորիչ այս հանդէսը վերջ գտաւ` խանդավառ տրամադրութիւններ ստեղծելով ներկաներուն մէջ:

 

Հայկական Երգի-Պարի Խումբին
Փայլուն Յաջողութիւնը Լիզպոնի Մէջ

Փառատօնին Ներկայ Կ՛ըլլան
Փորթուգալի Նախագահը Եւ Նախարարներ

Շաբաթ գիշեր, 15 մայիս, Լիզպոնի «Քոլիզէ» թատրոնին մէջ, Համազգայինի «Քնար» եւ ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» խումբերէն կազմուած հայկական երգի-պարի խումբը կատարեց բացումը երաժշտութեան 9-րդ «Կիւլպէնկեան փառատօն»-ին:

Նինա Ճիտէճեան, որուն ջանքերուն շնորհիւ կազմուեցաւ հայկական խումբը, եւ որ յաջողցուց Լիզպոն այս ճամբորդութիւնը, Փորթուգալի մայրաքաղաքէն հետեւեալ հեռագիրը ղրկած է տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանին:

«Յաղթական յաջողութիւն: Որոտընդոստ ծափահարութիւններ յոտընկայս: Աւելի քան 5000 հանդիսականներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին սրահը: Ներկայ էին Փորթուգալի Հանրապետութեան նախագահը, նախարարներ եւ դեսպաններ: Ամէն բան լաւ կ՛ընթանայ:

Հայկական խումբին այս յաջողութիւնը ուրախութեամբ կը լեցնէ ամէն հայու սիրտ` իբրեւ պերճախօս արտայայտութիւնը այն տաղանդին, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ցոյց կու տան արուեստի մարզին մէջ:

 

Պաղտատի Հեռատեսիլը
Եղեռնի Յիսնամեակին Մասին

Պաղտատի մեր թղթակիցը կը գրէ.-

Երկուշաբթի, 10 մայիս 1965-ի երեկոյեան ժամը 7:50-ին Պաղտատի պետական հեռատեսիլի մասնաւոր յայտագրի մը առաջին բաժինին մաս կը կազմէր Պաղտատի հայութեան Եղեռնի յիսնամեակի տօնակատարութեան ապրիլ 25-ի հանդէսը, որ մանրամասնօրէն ժապաւէնի վրայ առնուած էր հեռատեսիլի տնօրէնութեան կողմէ:

Ժապաւէնը երկարօրէն Պաղտատի մայր եկեղեցիի ներսը եւ դուրսը խռնուած ժողովուրդը, պատարագը, ինչպէս նաեւ կազմուած թափօրը ցոյց տուաւ, որուն կ՛ընկերակցէր խօսնակի մեկնաբանութիւնը:

Խօսնակը ի միջի այլոց ըսաւ.-

«25 ապրիլի առաւօտուն հազարաւոր մեր եղբայր հայերէն հաւաքուած էին Պաղտատի իրենց մայր եկեղեցին` ոգեկոչելու Ա. համաշխարհային պատերազմին նահատակուած իրենց մեռելները: Անոնք աղօթեցին եւ խնդրեցին աշխարհին խաղաղութիւն եւ համայն մարդկութեան բարօրութիւն, նոյնպէս մեր սիրելի Իրաքին բարգաւաճում մաղթեցին` վերին հովանաւորութեամբ մեր նախագահ Ապտուլ Սալամ Արեֆի»:

 

«Հայաստան» Փողոց Աթէնքի Մէջ

Քաղաքապետական Խորհուրդը Մեծ Եղեռնի
Յիսնամեակին Առթիւ Որոշեց
Աթէնքի Փողոցներէն Մէկը «Հայաստան» Կոչել

Աթէնքի 8 եւ 9 մայիսի առաւօտեան թերթերը հրատարակած են հետեւեալ լուրը.-

Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդը, իր վերջին նիստի ընթացքին, յարգանքի իր տուրքը տուաւ թրքական վայրագութեան անմեղ զոհերուն, թուրքերու կողմէ կատարուած մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար հայերու ջարդի յիսնամեակին առթիւ, ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող յուշատօներուն պատեհութեամբ:

Ճառախօսները այս ջարդերը միացուցին Տիեզերական պատրիարքարանին դէմ վերջին հալածանքներուն ու քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց դէմ դարերէ ի վեր ի գործ դրուող ցեղասպանութեան հետ:

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Երասիմոս Ափոսթոլաթոս յայտնեց, թէ գրաւիչին կողմէ Բիւզանդիոնի գրաւումէն ի վեր աւելի քան 10 միլիոն յոյներ եւ մօտաւորապէս 5 միլիոն հայեր ջարդուած են, եւ թէ` 1915-1916 հայոց եւ 1922-ի յոյներու ջարդերուն ծաւալը աննախընթաց է պատմութեան մէջ, ու միայն Հիթլերի կողմէ հրեաներու ցեղասպանութեան հետ կրնայ բաղդատուիլ:

Ի վերջոյ, Աթէնքի քաղաքապետական խորհուրդը որոշեց քաղաքի փողոցներէն մէկը Հայաստանի փողոց կոչել` պատուելու համար այդ հերոս երկիրը եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն յիշեցնելու համար հերոս ժողովուրդի մը ազատութիւն տալու պարտականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համախարբերդցիական Միութեան Կազմակերպած Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէսը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In