50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1965)
ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 19 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ արժանավայել շուքով տօնակատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը: Հանդէսին բացումը կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան: Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբին հնչեցուցած Լիբանանի ազգային քայլերգի եւ «Յառաջ, նահատակ»-ի յոտնկայս ունկնդրութենէն...





