ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ազատօրէն պիտի խօսիք ձեր փափաքներուն մասին եւ պիտի կարենաք յաջողութեամբ ունենալ զանոնք: Օրը պիտի ընթանայ լաւ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արտասահմանէն բարեկամ մը ձեզ իր քով պիտի հրաւիրէ. ոչ մէկ պատճառ ունիք մերժելու, ուրեմն ձեր տոմսը գնեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բախտաւորութիւն մը պիտի ստեղծուի, որ ձեզ պիտի հաստատէ ամուր հիմերու վրայ: Օրը երանելի է, վայելեցէք զայն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր պաշտօնակիցներուն հետ որոշումներ տալու մի՛ վախնաք, եթէ պատճառ մը ունենաք: Այս ձեւով կրնաք 2016-ը դիմաւորել լաւ տրամադրութեամբ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեռային աշխատանքներ եւ տան մէջ կարգադրութիւններ պիտի զբաղեցնեն ձեզ: Տօնական օրերէն առաջ ըրէք այն, ինչ որ պէտք է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յիշատակները ձեզ կ՛ուրախացնեն եւ կը մղեն ըլլալ լաւատես: Պատրաստուեցէք մօտալուտ տօնական օրերուն` առանց իրար անցնելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր յիշատակները ձեզ պիտի յուզեն: Մոռցէք անցեալի տխուր պատահարները եւ պատրաստուեցէք դիմաւորելու գալիք տօնը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք ունիք բարի կամեցողութիւն ունեցող անձերու, որպէսզի հանդարտին վէճերը, փոխանակ կրակը հրահրելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամանակէն առաջ կարեւոր անակնկալ մը ունիք: Ոմանք տօնական օրերէն առաջ պիտի բախտաւորուին: Դուք ալ անոնցմէ մէկն էք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ունենաք լաւ մտայնութիւն եւ ձեր գաղափարները պիտի ըլլան եզակի եւ արդիւնաւէտ: Օգտուեցէք այս ներշնչումէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կը սիրէք յարաբերիլ, ինչ որ ձեր նկարագրին մէկ գիծն է, եւ մի՛ վարանիք ձեր գիտելիքները փոխանցելու ձեր շուրջիններուն` օգտակար ըլլալով անոնց:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը յարմար է լաւ բարեկամութիւն հաստատելու եւ ձեր օժանդակութիւնը բերելու կարօտեալներու հարցը լուծելու: