ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ջիղերը այսօր յոգնած են, ինչ որ կը հակասէ ձեր գործունէութեան: Հանդարտ եղէք, որպէսզի օրը անցնի խաղաղ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ֆիզիքական ձեր վիճակը բարելաւեցէք: Անտարբեր մի մնաք թեթեւ ցաւերու դիմաց: Ջանացէք շուտով առաջքը առնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կ՛ուզէք լսել գեղեցիկ խօսքեր` ձեր անձին եւ շրջապատին վերաբերեալ: Յոռետեսութիւնը մէկ կողմ դրէք, որպէսզի օրը անցնի հանդարտ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սպասեցէք աւելի յարմար օրուան մը` խօսելու համար ձեր ամսականի յաւելման մասին: Նման պարագաներուն աճապարանքը անիմաստ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օրը յարմար չէ ձեր նպատակը անպայման իրագործելու: Առեւտուրի վերաբերեալ ձեր ուզած համաձայնութիւնը պիտի չկատարուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի կարենաք հաւասարակշռել ձեր անձնական եւ աշխատանքային կեանքը: Պիտի ունենաք հաճելի անակնկալներ: Օգտուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ չէք ուզեր, որ ձեզի հետ վարուին մանուկի մը նման, ուրեմն ցոյց տուէք ձեր հասուն տարիքը: Տրամաբանող եղէք ձեր շարժումներուն մէջ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դիւրութեամբ պիտի ստանաք ձեր աշխատանքին վերաբերեալ ձեր ուզած պահանջները: Օրը արդիւնաւէտ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պէտք է նոր որոշումներ տալ ձեր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, աշխատանքի թէ ընկերութեան մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շաբաթը պիտի սկսի խանդավառութեամբ, պիտի կարենաք ձեր բոլոր աշխատանքները իրագործել ամենայն յաջողութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սրտանց խօսեցէք, ձեզ աւելի լաւ պիտի հասկնան: Ձեզի պիտի դիմեն կարգ մը բարեկամներ` օգնութիւն խնդրելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի մօտիկ անձ մը գիտէ, թէ ինչ բան լաւ է ձեզի համար: Մտիկ ըրէք անոր խորհուրդները: