Այլազան

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1966)

Յունահայ Կեանք ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը  Ընտանեկան Հանդիպումներ Յունաստանի ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութիւնը որոշած է շաբաթը անգամ մը կազմակերպել ընտանեկան հանդիպումներ` Աթէնքի «Աթէնէ փալաս» պանդոկի շքեղ սրահներուն մէջ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է նոյեմբեր 2-ին: Պիտի շարունակուին հանդիպումները ամէն չորեքշաբթի: Ներկաները հայկական մթնոլորտի մը մէջ պիտի գտնեն մտերմիկ անկիւն մը: Խորհրդակցական Ժողով «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի «Հայաստան» ակումբին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Շրջ. վարչութեան եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրը յարմար է նիւթական ձեր գործերը կարգադրելու: Ճշդեցէք ձեր հաշիւները եւ ըստ այնմ ծախսեցէք: Խուսափեցէք յաւելեալ գնումներէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տան մէջ թէ աշխատանքի` պիտի ըլլաք ճշդապահ եւ Ժուժկալ, եւ պէտք եղած պարագային ձեր խօսքերը պիտի ըլլան «առանց ձեռնոցի»: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կը փափաքիք առանձնանալ, հեռանալ աղմկոտ վայրերէ, որպէսզի կարենաք կեդրոնանալ...

Կենսոլորտի Յատուկ  Cop22 Համաժողովը Մարրաքէշի Մէջ

Կենսոլորտի Յատուկ Cop22 Համաժողովը Մարրաքէշի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս տարի կենսոլորտին յատկացուած «Քոնֆըրընս օֆ փարթիզ», COP 22-րդ համաժողովը տեղի կ՛ունենայ 7 նոյեմբերէն մինչեւ 18 նոյեմբեր Մարոքի Մարրաքէշ քաղաքին մէջ: 196 երկիրներուն, առաւել Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները կը հաւաքուին լուծումներ գտնելու կլիմայական փոփոխութիւններուն, եւ յատկապէս աշխատելու ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազերու արտադրութիւնը նուազեցնելու միջոցներուն վրայ: Անոնց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ նաեւ այն երկիրներուն վրայ, որոնք ամէնէն աւելի տաքութեան...

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Թանկագին Ժառանգ Երեք հարիւր տարի առաջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ սպասարկու վարդապետ մը հեռաւոր Ամսթերտամի մէջ լոյս կ՛ընծայէր առաջին հայերէն տպագիր Աստուածաշունչը: Հարազատ շառաւիղէն` այն միւս վարդապետին, որ իր սրբազան տեսիլքով, դարեր առաջ, գիրերու գիւտով կը նետէր հիմերը հայ ժողովուրդին անմահութեան, Ոսկան վարդապետ նոր նուաճում մը կը կատարէր յանուն հայութեան, անոր մշակութային անկախութեան եւ իբրեւ ինքնուրոյն ժողովուրդ ապրելու եւ գոյատեւելու կամքին:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Օրը հրապուրիչ է եւ հմայքով լեցուն: Եթէ ամուրի էք, ունիք ձեզ սպասող բախտ մը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Թէեւ դժուար են խոհանոցի աշխատանքները, բայց այսօր պարտաւոր էք հոն աշխատելու, որպէսզի գոհացում տաք ձեր շուրջիններուն: Մի՛ դժգոհի՛ք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կ՛ընդունիք ներկայ գտնուելու տօնական երեկոյթի մը, պէտք չէ դժգոհիք ուշ ժամերուն համար:...

50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1966)

Սիմոն Վրացեանի «Կեանքի Ուղիներով» Ե. Հատորին Հրատարակութեան Առիթով Ապարդիւն է Ս. Վրացեանի հրատարակած այս շարքին համար սովորական իմաստով գրական-քննադատութիւն ընել: Ամէն մարդ գիտէ, թէ ան շատ լաւ կը գրէ, իր լեզուն հաճելի է, միտքը` սուր, գործածած բառերը կ՛արտայայտեն ճիշդ այն` ինչ որ ինք ըսել կ՛ուզէ. հատորները կը կարդացուին մէկ շուչով. յիշատակուած դէպքերը, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի «մասնակցած դէպքեր եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դուք ձեր որոշումներուն տէրը պիտի դառնաք, ինչ որ ձեզ անկախ պիտի դարձնէ: Ասիկա ձեզի պիտի տայ ինքնավստահութիւն եւ շատ գոհ պիտի մնաք այս վիճակէն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք ուրիշներուն խորհուրդները: Դուք լաւ գիտակից էք, որ այդ խորհուրդները օգտաշատ են ձեզի համար: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կրնաք վստահիլ ձեր բարեկամներուն լաւ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Երեխայի Դաստիարակութեան 19 Պատուիրան Մարիա Մոնթեսորիէն

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեխայի Դաստիարակութեան 19 Պատուիրան Մարիա Մոնթեսորիէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իտալացի անուանի մանկավարժ, փիլիսոփայ Մոնթեսորին այն չորս մանկավարժներէն մէկն է, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, մեծ ներդրում ունեցած է 20-րդ դարու մանկավարժական մտածողութեան ձեւերու հաստատման մէջ: Մոնթեսորին ստեղծած է մեթոտ մը, որուն հիմնական սկզբունքն է` օգնէ ինծի ինքնաբաւ գործել: Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթեսորիին կողմէ մշակուած 19 պատուիրան` ծնողներուն համար: 1.- Երեխային կ՛ուսուցանէ զայն շրջապատող միջավայրը: 2.- Եթէ երեխան յաճախ...

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1966)

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1966)

Վեհափառ Հայրապետը Ազունիէի Ազգային Բուժարանին Մէջ Տօնական օր մը եղաւ կիրակի, 6 նոյեմբերը Ազունիէի Ազգային բուժարանին համար, ուր իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս: Առաւօտեան ժամը 8:30-ին կաթողիկոսարանէն դէպի Ազունիէ ուղեւորութեան ճամբու կէսին, կաթողիկոսը դիմաւորուեցաւ Ալէյի եւ շրջանի գաւառապետին կողմէ, ապա վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսին, բուժարանի պատասխանատու մասնագէտ-բժիշկ տոքթ. Սեպուհ Սիսեռեանին եւ գաւառապետին, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ամէն անձի խրատ տալը խոհեմութիւն չէ, քանի որ կրնայ ըլլալ, թէ այդ անձը քեզմէ խորհուրդ չէ պահանջած: Խորհուրդներդ քեզի պահէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Յայտագիրի վրայ ունիք տօնական մթնոլորտ մը բարեկամներով եւ հարազատներով: Անգամ մը որ հաւաքուիք եւ բոլորդ քով քովի գաք, պիտի չուզէք իրարմէ բաժնուիլ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դժուար ընտրութեան մը...

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական  «Անկարելի Երազ»... Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Քիփրիանուի հայանպաստ արտայայտութիւնները (*) զայրոյթ պատճառած են թուրք լրագրողներուն: Կիպրական հարցը արդէն մղձաւանջ դարձած է թուրքերուն: Իսկ երբ այդ հարցին առիթով կը խօսուի նաեւ հայերու եւ Հայաստանի մասին, «բաժակը կը յորդի», եւ հին թուրքը մէջտեղ կ՛ելլէ` բնազդօրէն ատելավառ, մոլեգնօրէն հայատեաց: Դարեր շարունակ հայն ու յոյնը` օսմանեան տիրապետութեան տակ եղած են ճակատագրակից տառապած են...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դուք կը գործադրէք այն մեթոտները, որոնք փաստուած են որպէս իրողութիւններ: Հետեւեցէք այս ձեւին եւ պիտի չզղջաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մեծապէս շնորհակալ ենք արհեստագիտութեան, որ տարածութիւնները կը կրճատէ եւ մեր մօտիկ բարեկամները եւ հարազատները զիրար կը միացնէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Դուք շատ խոհեմ անձ մըն էք եւ` շրջահայեաց: Կը սիրէք ուրիշները մտիկ...

50 Տարի Առաջ (8 Նոյեմբեր 1966)

Ակնարկ Երբ Կը Սիրեն... «Մենք աւելի կը սիրենք հայերը, մասնաւորաբար` յեղափոխականները, քան` պուլկարներն ու յոյները, որովհետեւ հայերը միւս երկու տարրերէն աւելի քաջ են եւ ազնուասիրտ: Երկերեսութիւն ընել չեն գիտեր: Հաւատարիմ են, երբ բարեկամ են, զօրեղ ու դիմացկուն, երբ թշնամանան»: Ո՞վ կրնայ հաւատալ, եթէ ըսենք, որ այս տողերուն հեղինակը մէկուկէս միլիոն հայերու տեղահանութիւնը եւ ջարդը կազմակերպող կառավարութեան մը ծովային նախարարն ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծրագիր մը պիտի իրագործուի` շնորհիւ ձեզի մօտիկ անձերու օժանդակութեան: Այս իրողութիւնը ուժ պիտի տայ ձեզի` նոր աշխատանքներ իրագործելու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երբ պէտք ունենաք ուրիշին խորհուրդներուն, ոչ ոք պիտի գտնէք, որովհետեւ պէտք եղածէն աւելի կ՛ակնկալէք: Համեստ եղէք եւ քիչով գոհացէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պիտի կարդաք հետաքրքրական գիրքեր` քաղաքակրթութեան մը մասին, որ...

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1966)

Խորէն Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Առաջին Այցելութիւնը Ազգային Բուժարան Երէկ` կիրակի, 6 նոյեմբեր 1966, Խորէն Ա. կաթողիկոս իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը տուաւ Ազունիէի Ազգային բուժարան: Ճամբու կէսին, դիմաւորուելով Ալէյի եւ շրջանի գայմագամին կողմէ, վերափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Գարեգին եպիսկոպոսի, ոստիկան-զօրաց ջոկատի մը կողմէ առաջնորդուեցաւ Ազգային բուժարան: Հիւանդանոցի մուտքին, խանդավառ ծափերու տակ վեհափառ հայրապետը դիմաւորեցին լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսը, Ազգ. բուժարանի բժշկապետը եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Աշխատանքի գործակիցները շուտով պիտի վերածուին բարեկամներու: Երկու կողմերու ջանքերը ստեղծած են այն միութիւնը, ուր կայ սէր, հոն կայ գեղեցկութիւն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շաբաթը պիտի սկսի աւելորդ կասկածներով, որոնք կը խանգարեն ձեր որոշելու վիճակը, բայց շուտով պիտի վերագտնէք դուք ձեզ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Կարեւոր որոշում մը պիտի իրագործուի: Բախտաւորութիւն է այս: Օրուան...

«Կ՛երազեմ Լրագրող Դառնալ»

«Կ՛երազեմ Լրագրող Դառնալ»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անթոնիոյի հայրը կ՛ուզէ, որ իր զաւակը ագարակապան դառնայ, սակայն Անթոնիօ ուրիշ ծրագիրներ ունի... Անթոնիօ կ՛երազէ լրագրող դառնալ: Նման երազ մը ունենալը հազուադէպ է Մեքսիքայի լեռներուն մէջ ապրող տղու մը համար: Անթոնիոյի ծնողները ագարակապան են: Անոնք գրել չեն գիտեր, եւ կը նախընտրէին, որ իրենց զաւակը իրենց նման ագարակապան ըլլայ: Կուանախուաթայի այդ շրջանին մէջ բնակիչները մեծամասնութեամբ ագարակապաններ են:...

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Մոսկուայի Մերժումը (Ղարաբաղի Հարցը) Երբ Ղարաբաղի համար պահանջ ներկայացուած է կեդրոնական իշխանութեան, Մոսկուա հետեւեալ պատասխանը տուած է. - Թող Հայաստան եւ Ազրպէյճան համաձայնին Ղարաբաղի հարցին մէջ, մենք դէմ պիտի չըլլանք երկուքին միջեւ գոյացած համաձայնութեան: Այս խօսքով Քրեմլին մերժած է իր միջնորդութիւնը, երբ արար աշխարհ գիտէ եւ պատմութիւնն ալ արձանագրած է, որ Ղարաբաղ, ինչպէս` հայապատկան Նախիջեւանը, 46-47 տարի առաջ նոյն...

Page 294 of 361 1 … 293 294 295 … 361

Արխիւներ