50 Տարի Առաջ (21 Նոյեմբեր 1966)
Խմբագրական Նոյեմբեր 22 Լիբանան, պետութիւն եւ ժողովուրդ, վաղը` երեքշաբթի, 22 նոյեմբեր, արժանավայել շուքով եւ արտակարգ խանդավառութեամբ պիտի տօնէ անկախութեան քսաներորդ տարեդարձը, արդար հպարտութեամբը երկրի մը, որ գիտցաւ, անցնող աւելի քան երկու տասնամեակներու ընթացքին, գործնապէս արդարացնել եւ արժեւորել իր անկախութիւնը` հանրային կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ արձանագրելով զգալի նուաճումներ: Լիբանան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ովասիս մը` եռեւեփող աշխարհի մը մէջ, այսօր մեզի կը...





