Այլազան

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Դուք ձեզ մի՛ բանտարկէք անշարժութեան մէջ: Աշխատանք  տարէք նորութիւններ ստեղծելու, որով պիտի ուրախանաք: Օրը բարի է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ճամբորդութեան ծրագիր մը ձեր դիմաց կը դնէ մեծ խնդիր մը, թէ` ո՛ր կողմ պէտք է ճամբորդել: Նախընտրեցէք մօտիկ վայր մը` փոխանակ հեռաւոր տեղեր երազելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ուրիշներու շնորհիւ պիտի ունենաք մեկնում...

50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1966)

Մինչեւ Վերջնական Յաղթանակ Եօթանասունվեց երկարաձիգ տարիներու բեղուն ու հարուստ վաստակով բեռնաւոր` ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր հպարտօրէն, բարձր ճակատով կը ներկայանայ հայ ժողովուրդին առջեւ, որուն ծոցէն է ծնած եւ որուն ազգային-քաղաքական բաղձանքներուն հարազատ արտայայտիչը, անոր արդար դատին հաւատարիմ ու մշտարթուն պահակն է եղած: Երէկ երկրին մէջ իր սրբազան դրօշակին տակ անհամար անձնազոհ, հայրենասէր մարտիկներ լեռ բարձրանալով կռուած են անարգ թշնամիին դէմ եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Բազմաթիւ գործեր ունիք: Մի՛ գանգատիք: Ասիկա ձեր աշխատանքին յաջողութեան արդիւնքն է: Ծափահարելի գործունէութիւն ունիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրուան ընթացքին կէս ժամ մը տրամադրեցէք հանգստանալու համար: Քիչ ժամանակ մը կը բաւէ վերագտնելու ձեր աշխուժութիւնը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պէտք է երբեմն դուրս գալ սովորականէն եւ հասնիլ արհեստագիտական մակարդակի: Օրը լեցուն է նորութիւններով եւ...

Կին Դէմքեր.  Քաթրին Տընէօվ

Կին Դէմքեր. Քաթրին Տընէօվ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ 20-րդ դարու շարժապատկերի համաշխարհային համբաւ վայելող ֆրանսացի դերասանուհի Քաթրին Տընէօվը անցեալ ամիս նշեց իր 73-րդ տարեդարձը: Վայելուչ դերասանուհին նաեւ հանդիսացած է կարգ մը ձեւագէտներու մուսան, յատկապէս` Իվ Սեն Լորանին: Ստորեւ կը ներկայացնենք շիկահեր գեղեցկուհիին կարգ մը միտքերը, որոնք մասամբ կը բացայայտեն անոր մտածելակերպն ու աշխարհահայեացքը:   Տղամարդու սէրը պահպանելու լաւագոյն տարբերակը անոր հետ չամուսնանալն է: *** Ինծի...

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1966)

Համազգայինի Դասախօսութիւնները «Հայագիտութեան հարցը սփիւռքի մէջ» Գարեգին եպս. Սարգիսեան 27 հոկտեմբեր 1966 Հայագիտութիւնը, որ իբրեւ արեւելեան գիտութիւններու մէկ գլխաւոր ճիւղը 150 տարիէ ի վեր օտար համալսարաններու եւ հայութեան մէջ կը գրաւէր առաջնակարգ տեղ, իր դիրքը զիջած է ուրիշ գիտութիւններու եւ դառնալու վրայ է, եթէ դարձած չէ արդէն, երկրորդ կարգի գիտութիւն մը: Ընդհանուր թմբիր մը կը տիրապետէ հայ ուսանողութեան, ժողովուրդին եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր ներշնչումին վրայ վստահութիւն ունեցէք: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր ներքին կացութիւնը: Պիտի գիտնաք ճանչնալ ձեր վիճակը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ ակնարկ մը նետէք ձեր տնտեսական վիճակին վրայ, պիտի կարենաք տեսնել իրականութիւնը` փոխանակ դիմելու կեղծ միջոցներու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նոր անձերու հանդիպելու համար կը բաւէ պարզ ըլլալ: Շատախօսութենէն խուսափեցէք, ինքնագով մի՛ ըլլաք,...

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1966)

Խմբագրական Անվրդով Եւ Ինքնավստահ Մօտէն կը հետեւինք այն ծիծաղելի եւ զուր ճիգերուն, որոնց ողբալի վկայութիւնը կու տան Հայաստանի կարգ մը  «պատմաբանները»` վճարովի պաշտօնեաները խորհրդային պետութեան: Տասնամեակներ ամբողջ ուրանալէ եւ նսեմացնելէ ետք բախտորոշ դէպքեր ու թուականներ, որոնք կը հանդիսանան մեր նորագոյն պատմութեան գլխաւոր հանգրուանները, խեղաթիւրումի անկրկնելի ախոյեանները վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին հարկադրաբար ընդունեցին այդ դէպքերուն եւ թուականներուն մեծութիւնը, բայց այս...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Երկար ատենէ ի վեր փափաքելի ճամբորդութիւն մը իրականութիւն պիտի դառնայ: Պիտի հանդիպիք ձեր չսպասած անձերու եւ  անակնկալներ պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շահաբեր առեւտուր մը պիտի ունենաք: Ձեր խօսակիցին վրայ պիտի ազդէք հաճելի խօսքերով եւ պիտի հասնիք ձեր նպատակին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեզի պաշտօն մը պիտի տրուի խմբային աշխատանքի մը մէջ:...

50 Տարի Առաջ (1 Նոյեմբեր 1966)

Նշմար Հայերէնը` Պատերուն Վրայ Բարեձեւ երիտասարդ մը խանութ մտաւ եւ շատ քաղաքավար, նոյնիսկ տեսակ մը վախով հարցուց. - Հաստատութեան տէ՞րը: «Ես եմ» պատասխանողին` գրեթէ կակազեց. - Ուշադրութիւնս գրաւեց ձեր յայտարարութիւնը: Շատ գեղեցիկ ու տպաւորիչ էր: Սակայն թոյլ կու տա՞ք, որ ձե՛ր իսկ օգտին` փոքրիկ դիտողութիւն մը ընեմ: Ու արտօնութիւն առնելէ ետք բացատրեց, որ այդ յայտարարութեան մէջ ուղղագրական սխալներ սպրդեր են:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր նիւթական հաշիւները լրջութեամբ ներկայացուցէք, որպէսզի վստահութիւն ներշնչէք դրամատան պաշտօնեային` ձեր վրայ յուսալու: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Տնային ձեր գործերը պիտի կատարէք ինքնավստահութեամբ եւ պիտի արժանանաք գովասանքի: Օրը յաջողութեամբ պիտի պսակուի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ծրագիր մը ձեզ կը հետաքրքրէ, պիտի գտնէք հիանալի պայմաններ` տուեալ հարցերը կարգադրելու յաջողութեամբ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1966)

Գիշերային Ճամբորդութիւն Ու Ես Կ՛երթամ... Այս ամառ, օգոստոս 16-ին, միամսեայ արձակուրդ ստանալէս ետք, հայրենի կարօտաբաղձութիւնով, զուլալ ջուրերը կուշտ ու կուռ ըմպելու մաքուր օդը շնչելու` ու ես կ՛երթամ... Գիւղական կեանքը օր մը աւելի կարենալ վայելելու տենչով օդանաւային ճամբորդութիւնը նախընտրեր էի: Էլազըզի մէջ, կէսօրուան 12-էն մինչեւ գիշերուան երկուքը, պանդոկին մէջ կը հանգստանանք: 3-ին, մշեցի բարեկամներուս ընկերակցութեամբ` նորէն Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ ուխտի`...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարծէք` յուսահատած էք եւ չէք գիտեր ի՛նչ ընել. սակայն ձեզի մօտիկ բարեկամ մը պիտի զգայ ձեր կացութիւնը եւ օգնութեան պիտի հասնի: Շատ ժխտական մի՛ ըլլաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ընտանիքին կամ ընկերութեան մէջ առանձին որոշումներ մի՛ տաք: Խորհրդակցաբար մտածեցէք եւ միասնաբար որոշումներ տուէք: Միութիւնը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Նորութիւններ կիրարկելու համար...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Ռուբէն Յովսէփեանի մահուան առիթով եւ փոխան ծաղկեպսակի` Տէր եւ տիկին Կիրակոս Խոշեան 100.000 լ. ո. Յակոբ Կիւլոյեանի մահուան առիթով եւ փոխան ծաղկեպսակի` Տէր եւ տիկին Փոլ եւ Սեդա Այանեան 100$

Գրիչի Փոխարէն` Վիտէօ-Խաղի Գործիք

Գրիչի Փոխարէն` Վիտէօ-Խաղի Գործիք

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Դասարանին մէջ վիտէօ-խաղեր խաղա՞լ... Ասիկա բազմաթիւ աշակերտներու երազն է. սակայն նոյն ատեն ասիկա իրականութիւն է Նորվեկիոյ Կարն քաղաքի երկրորդականի աշակերտներուն համար: Մարզանք Օգոստոս ամիսէն ի վեր աշակերտները առիթը ունին ընտրելու ե-մարզանքի դասերը: Վիտէօ-խաղերը պիտի դառնան մարզանք` ֆութպոլի եւ հենտպոլի նման: Այս ելեկտրոնային խաղերը պիտի դասաւանդուին շաբաթը հինգ ժամ, իսկական մարզանք եւ 90 վայրկեան վիտէօ-խաղեր: Պահի ընթացքին...

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1966)

Խմբագրական Ժամանակը Եկած Է Արտասահմանեան մամուլը վերջերս արձագանգ հանդիսացաւ յուսադրիչ զրոյցներու` հայ ժողովուրդէն խլուած եւ Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայապատկան հողերու եւ մասնաւորաբար Ղարաբաղի հարցին կարգադրութեան մասին: Երեւանէն մինչեւ հոս եւ հայկական սփիւռքի չորս ծագերուն վրայ Ղարաբաղի վերադարձը ամիսներու, նոյնիսկ օրերու խնդիր նկատուեցաւ: Վերջերս հայրենիք այցելող ճամբորդներ եւս վերադարձան խրախուսիչ լուրերով: Բայց այս անգամ ալ սպասումը եղաւ զուր, գոնէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ծրագիրներ ունիք, սակայն կը ծուլանաք զանոնք կիրարկելու: Գործի անցէք, որպէսզի ձեր ծրագիրները իրագործուին, ինչ որ ձեզի մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը շատ խոստմնալի չէ. աւելի լաւ է, որ որոշ մտածումներ ի գործ չդնէք, քանի որ պիտի չյաջողիք, հանգստացէք եւ քանի մը օր վերջ նոյն գործերը յաջողութեամբ պիտի աւարտին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1966)

Պէյրութ Արդիական Քաղաք Մը Պիտի Ըլլայ Վերջերս ժողով մը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ` նախագահութեամբ Շարլ Հելուի եւ մասնակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի, հանրապետութեան նախագահութեան թեքնիք խորհրդական պր. Ֆուատ Պըզրիի, Պէյրութ քաղաքի Մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի անդամ Էլի Շայայի (նախագահ), Խոսրով Երամեանի եւ Անիս Շաարի: Խորհուրդի տնօրէն Նուրէտտին Ղազիրիի եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարագէտ պրն. Ժորժ Ռիաշիի: Այս ժողովին ընթացքին...

Page 295 of 361 1 … 294 295 296 … 361

Արխիւներ