ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն անձի խրատ տալը խոհեմութիւն չէ, քանի որ կրնայ ըլլալ, թէ այդ անձը քեզմէ խորհուրդ չէ պահանջած: Խորհուրդներդ քեզի պահէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Յայտագիրի վրայ ունիք տօնական մթնոլորտ մը բարեկամներով եւ հարազատներով: Անգամ մը որ հաւաքուիք եւ բոլորդ քով քովի գաք, պիտի չուզէք իրարմէ բաժնուիլ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դժուար ընտրութեան մը դիմաց կը գտնուիք: Հարցը այն է, թէ շատ ժամանակ չունիք մտածելու եւ պէտք է խոհեմութեամբ կատարէք այդ ընտրութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի յարմար առիթ մը կրնայ ստիպել ձեզ, որ պատրաստէք ձեր պայուսակները: Արագ շարժեցէք, մի՛ վարանիք եւ ճամբորդեցէք: Ամենայնդէպս բախտը ձեզի հետ է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւատես ըլլալը շատ լաւ բան է, նաեւ` բախտին վստահիլը: Սակայն զգուշ ըլլալը խոհեմութիւն է: Արթուն եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ գործակիցի մը հետ պիտի վիճիք, ինչ որ կրնայ վատ հետեւանքներ ունենալ. զգուշութեամբ շարժեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս շաբթուան ձեր աշխատանքը ծանր է: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան եւ քիչ մը դադար առէք հանգստանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քաջալերական է ձեր կատարած մարզական բոլոր գործունէութիւնները: Այս ձեւով դուք ձեզ հանգիստ եւ առողջ պիտի զգաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընտանիքին մէջ դուք ձեզ առանձին պիտի զգաք: Փորձեցէք մօտենալ անոնց եւ մտիկ ընել ձեզի մօտիկ անձերու խրատները: Չէք զղջար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լուրջ խօսակցութիւն մը պիտի օգնէ ձեզ լաւ ճանչնալու ձեր գործակիցներէն մէկը, որուն հանդէպ մինչեւ այսօր անտարբեր էիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մօտիկ բարեկամ մը կրնայ ըլլալ, որ ձեզմէ դրամ փոխ ուզէ: Ասիկա սխալ հասկացողութեան դուռ թող չբանայ ձեր բարեկամին հետ, խոհեմութեամբ վարուեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխատանքի ընթացքին ուրիշներու գործերուն մի խառնուիք, որպէսզի հանգիստ մնաք: Արդէն դուք ալ այսպէս մտածող էք: Խոհեմ եղէք: