Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Իտալացի անուանի մանկավարժ, փիլիսոփայ Մոնթեսորին այն չորս մանկավարժներէն մէկն է, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, մեծ ներդրում ունեցած է 20-րդ դարու մանկավարժական մտածողութեան ձեւերու հաստատման մէջ: Մոնթեսորին ստեղծած է մեթոտ մը, որուն հիմնական սկզբունքն է` օգնէ ինծի ինքնաբաւ գործել:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնթեսորիին կողմէ մշակուած 19 պատուիրան` ծնողներուն համար:
1.- Երեխային կ՛ուսուցանէ զայն շրջապատող միջավայրը:
2.- Եթէ երեխան յաճախ քննադատեն, ան կը սորվի դատապարտել:
3.- Եթէ երեխան յաճախ գովեն, ան կը սորվի գնահատել:
4.- Եթէ երեխային հետ վարուին թշնամաբար, ան կը սորվի անդադար կռուիլ:
5.- Եթէ երեխային հետ ազնիւ վարուին, ան կը սորվի արդար ըլլալ:
6.- Եթէ երեխան յաճախ ծաղրեն, ան կը դառնայ վախկոտ:
7.- Եթէ երեխան ապրի ապահովութեան զգացումով,- ան կը սորվի հաւատալ:
8.- Եթէ երեխան յաճախ անարգեն, ան կը սկսի մեղաւոր զգալ:
9.- Եթէ երեխան յաճախ խրախուսեն, ան կը սորվի ինքզինքին հանդէպ լաւ վերաբերիլ:
10.-Եթէ երեխային հանդէպ յաճախ հանդուրժողութիւն ցուցաբերեն, ան կը վարժուի համբերատար դառնալ:
11.- Եթէ երեխան յաճախ ուրախացնեն, ան ինքնավստահ կը դառնայ:
12.- Եթէ երեխան համերաշխ միջավայրի մէջ կ՛ապրի, ան ինքզինք պիտանի կը զգայ եւ կը սորվի սէր գտնել այս աշխարհին մէջ:
13.- Երեխային մասին վատ մի՛ խօսիք` ո՛չ անոր ներկայութեան, ո՛չ բացակայութեան:
14.- Կեդրոնացէք երեխային մէջ լաւի զարգացման վրայ այնքան, որ վատին համար տեղ չմնայ:
15.- Միշտ լսեցէ՛ք եւ պատասխանեցէ՛ք ձեզի դիմող երեխային:
16.- Յարգեցէք երեխան, որ սխալ գործած է, բայց կրնայ հիմա կամ քիչ ետք ուղղել սխալը:
17.- Պատրաստ եղէք օգնելու այն երեխային, որ կը փնտռէ, եւ աննկատ մնացէք այն երեխային համար, որ արդէն գտեր է:
18.- Օգնեցէք երեխային` իւրացնելու չիւրացուցածը: Ատիկա ըրէք շրջապատը լեցնելով հոգածութեամբ, զսպուածութեամբ, խաղաղութեամբ եւ սիրով:
19.- Երեխային հետ յարաբերելու ժամանակ տեւաբար դրսեւորեցէք լաւ վարքագիծ, անոր փոխանցեցէք ձեր մէջ եղած դրականը:
Հետաքրքրական
Երեւոյթներ, Որոնք Կը Զարմացնեն
Երեւան Այցելող Զբօսաշրջիկները
Այս տարի Երեւանը դարձաւ 2798 տարեկան:
«Վարդագոյն քաղաք»-ը բոլորս կը դիւթէ իր ճարտարապետական կոթողներով, սառնորակ ջուրով, հիւրընկալ բնակիչներով եւ մանաւանդ` դէպի Արարատ իր զարմանալի դիրքով:
Եթէ մենք զգացական կը մօտենանք մեր սիրելի մայրաքաղաքին, տեսնենք, թէ Երեւանը ի՛նչ երեւոյթներով կը զարմացնէ եւ կը գրաւէ օտար զբօսաշրջիկները:
1
Հանգիստ եւ անվտանգ գիշերներ
Մինչեւ ուշ գիշեր Երեւանի փողոցներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ ժպտերես օտարերկրացիներու: Անոնք կը զարմանան, որ Երեւանի մէջ գիշերային ժամերուն կարելի է անվախ եւ անվտանգ պտտիլ: Անոնց համար հետաքրքրական է նաեւ այն, որ Երեւանի կեդրոնը գտնուող խանութները եւ ծառայողական կեդրոնները կը գործեն գիշերուան ուշ ժամերուն:
2
Հիւրընկալութիւն
Եւրոպացիին համար կրնայ անընդունելի թուիլ անծանօթ մարդու մը հիւր ընդունիլը: Փորձեցէք եւրոպացի մը ծանօթի ծանօթին տանիլ, որ հայ է, եւ տեսէք, թէ ի՛նչ զարմանք կ՛ապրի ան… Անոր առջեւ վայրկենական կը բացուի մեծ սեղան, կը հաւաքուին ընտանիքին բոլոր անդամները, երկար կենացներ կը հնչեն եւ կը սկսին աւանդական «սա կեր, թէ չէ կը նեղանամ» արտայայտութիւնները:
3
Պուլպուլակներ
Երբ ճարտարապետ Թամանեանը զբաղած էր երեւան քաղաքի նախագիծը պատրաստելով, ան ստիպուած անընդհատ փոքրիկ կուժերով ջուր կը գնէր երիտասարդ վաճառողներէն, եւ կ՛ըսեն, թէ այդ պատճառով ալ իր նախագիծին մէջ նկատի առած է ցայտաղբիւրներու անհրաժեշտութիւնը:
Այսօր իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ կրնայ անվճար ծարաւը հագեցնել, երբ կ՛անցնի Երեւանի տարբեր փողոցներէն:
4
Երթեւեկի «մշակոյթ»
Շատեր կ՛ըսեն, որ Երեւանի փոքրիկ հանրաշարժներն ու թաքսիները բազմաթիւ բացասական կողմեր ունին, բայց օտար զբօսաշրջիկները շատ կը զարմանան, որ բոլորը բոլորին տեղ կը զիջին, յատկապէս` կիներուն եւ տարեցներուն: Զբօսաշրջիկները նաեւ կը զարմանան, որ թաքսիները շատ մատչելի են իրենց գիներով եւ շահագործումներ չեն պատահիր…
5
Գինովներու բացակայութիւն
Զբօսաշրջիկները նաեւ շատ կը զարմանան, որ Երեւանի փողոցներուն մէջ գրեթէ չեն հանդիպիր ծայր աստիճան գինով մարդոց, որոնք կը խանգարեն անցորդներուն հանգիստը: Նաեւ կը զարմանան, որ փողոցը պտտող երիտասարդներուն ձեռքը երբեք չեն տեսներ գարեջուրի շիշեր:
6
Մատչելի գիներ
Երեւան այցելող զբօսաշրջիկները տարուէ տարի աւելի եւս կ՛օգտուին անտամնաբուժներու, գեղեցկագիտական սրահներու, մարձումի կեդրոններու, վարսայարդարներու ծառայութիւններէն, անոնք զարմացած են այդ ծառայութիւններու որակէն, բայց մանաւանդ` մատչելի գիներէն:
7
Երեւանը խաչմերուկ` Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ
Վերջին տասնամեակին Երեւանի մէջ անընդհատ տարբեր ոճի շինարարութիւններ կը կատարուին ժամանակակից շէնքեր, խանութներ, սրճարաններ… Օտարերկրացիներուն համար զարմանալին այն է, որ Երեւանի կեդրոնը գտնուող ճոխ սրճարաններէն եւ ճաշարաններէն ոչ շատ հեռու ներկայ է եւ կ՛ապրին ասիական հոգին, աւանդութիւնները. տղամարդիկ նարտի կը խաղան, կիներ բուրդ «կը ծեծեն», աղջիկներ գորգ կը հիւսեն…
8
Մեթրոյի մաքուր կայարաններ
Առանց բացառութեան` բոլոր զբօսաշրջիկները կը հիացնեն մեթրոներու եւ մեթրոյի կայարաններու մաքրութիւնը: Երեւանցին ինքզինքին չ՛արտօներ կայարանէն ներս աղբ թափել, ծխել կամ ծխախոտի մնացորդներ նետել գետինը:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
1
Կերպընկալէ ամանեղէններուն կափարիչները շարելու եւ զանոնք ձեռքի տակ ունենալու համար օգտագործենք լուացուած պնակները դասաւորելու «կողով»-ը:
2
Զովացուցիչի թիթեղեայ կերպընկալ շիշերով սառնարանը չխճողելու համար զանոնք դասաւորենք սոխի, սխտորի համար օգտագործուող դարաններու վրայ:
3
Զարդեղէնները շարուած, ձեռքի տակ ունենալու համար օգտագործենք փայտեայ հագուստի կախիչ մը, որուն վրայ փոքրիկ, կլոր օղակներ հաստատած ըլլանք:
4
Հարբուխի ծանր օրերուն թուղթէ թաշկինակի լեցուն եւ պարապ երկու տուփ միացնենք եւ ձեռքի տակ ունենանք: Այսպիսով, աղտոտ թաշկինակները մէջտեղերը չեն թափառիր:
5
Բոլոր տեսակի ելեկտրական թելերը, ինչպէս նաեւ տօնածառի լոյսերը կոկիկ ձեւով փաթթելու համար օգտագործենք տաբատ կամ փէշ կախելու կերպընկալ կախիչ մը:
6
Լուացարանին տակը տեղ շահելու համար կարելի է ձող մը հաստատել եւ մաքրութեան դեղերու բոլոր շիշերը ձողէն կախել:
7
Եթէ այլազան եւ մեծաքանակ ժապաւէն ունինք, զանոնք կլոր ծակերով օժտուած ամանի մը մէջ շարենք եւ այդ ծակերէն բաժին մը դուրս հանելով` օգտագործենք զանոնք:ելերը, ինչպէս նաեւ տօնածառի լոյսերը կոկիկ ձեւով փաթթելու համար օգտագործենք տաբատ կամ փէշ կախելու կերպընկալ կախիչ մը:
Խոհագիր
Հաւով Չինական Ապուր
Բաղադրութիւն 3 անձի համար
– Երկու կտոր հաւու կուրծք
– 1 ապուրի դգալ ձէթ
– 1 սխտորի պճեղ
– 1 մանրուած սոխ
– 1 ստեպղին` փոքրիկ ցպիկներու ձեւով կտրտուած
– 100 կրամ սոյայի ծիլեր
– 60 սլ. հաւու մսաջուր
– 1 ապուրի դգալ ապուր
– Քանի մը կաթիլ թապասքօ թացան
– Կէս թէյի դգալ փոշի կոճապղպեղ
– 1 ապուրի դգալ սոյայի թացան
– Կէս ապուրի դգալ քացախ
– 125 կրամ չինական նույ
– 3- 4 հատ սեւ սունկ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Ուոք (wok) տապակի մը մէջ տաքցնել ձէթը, մէջը դարձնել կտրտուած հաւու կտորները եւ սխտորը, աւելցնել սոխը, կոճապղպեղը եւ բանջարեղէնները: 3 – 5 վայրկեան բոլորը ձէթին մէջ դարձնելէ ետք, աւելցնել մսաջուրը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 12-15 վայրկեան:
Ալիւրը քիչ մը մսաջուրի մէջ լուծել եւ աւելցնել բանջարեղէններուն վրայ, ապա աւելցնել նախապէս թրջուած նույը եւ սունկը: Բոլորը համեմել սոյայի թացանով, քացախով, թապասքօ թացանով, աղով, համեմով:
Քանի մը վայրկեան եւս եփել եւ ահա պատրաստ է:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հէյ ջա՜ն, Երեւան
Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Օրերդ անցնին ծափով ու երգով,
Օրօրոցներիդ վերեւ ապագան
Լինի գարնանային մեղմ ու անուշ հով.
Քրտինքդ հողիդ օրհնութիւն դառնայ,
Հողդ ոսոխիդ դառնայ գերեզման,
Ու վիշտը սրտէդ ընդմիշտ բացակայ`
Հէյ ջա՜ն, Երեւան…Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Դրօշդ ձեռքիդ միշտ ամուր բռնես,
Մեծ երազը մեր անվթար պահես,
ալիքն անցեալին զօդող կապ լինես,
Լոյսի ակերից անյագուրդ ըմպես,
Նայուածքիդ հուրով չարքերը վանես
Եւ հողմերի դէմ անխորտակ կանգնես`
Հէյ ջա՜ն, Երեւան.Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Հող բռնես ձեռքիդ ու դառնայ ոսկի,
Ծիլ տնկես արտիդ ու դառնայ կաղնի,
Շրթունքդ արեւի ակունքին հասնի,
Արմատդ հողի ընդերքից անցնի,
Աչքերիդ շողից լուսինը խամրի,
Հրճուանքդ մնայ, թախիծդ մեռնի`
Հէյ ջա՜ն, Երեւան…Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Դարերի դիմաց միշտ կանգուն կենաս,
Ու բախտի կոչին յար արթուն մնաս,
Լուսաւոր ճամբէդ անվարան գնաս,
Նախանձ աչքի դէմ ծակող փուշ դառնաս,
Սիրտդ աշխարհին որպէս վարդ բանաս,
Մէկով ցանք անես, հազարով բառնաս`
Հէյ ջա՜ն, Երեւան…Հէյ ջա՜ն Երեւան,
Մի վայրկեանի մէջ օրով կանաչես,
Տիեզերքի դէմ փառքով ճաճանչես,
Հոգուդ ժպիտով մեր վիշտը ջնջես,
Մի օր էլ դարձի շեփորը հնչես
Եւ պանդուխտներիդ հայրենիք կանչես`
Հէյ ջա՜ն, Երեւան…ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ