Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսոլորտի Յատուկ Cop22 Համաժողովը Մարրաքէշի Մէջ

Նոյեմբեր 12, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

cop-1_111216

cop-2_111216

Այս տարի կենսոլորտին յատկացուած «Քոնֆըրընս օֆ փարթիզ», COP 22-րդ համաժողովը տեղի կ՛ունենայ 7 նոյեմբերէն մինչեւ 18 նոյեմբեր Մարոքի Մարրաքէշ քաղաքին մէջ: 196 երկիրներուն, առաւել Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները կը հաւաքուին լուծումներ գտնելու կլիմայական փոփոխութիւններուն, եւ յատկապէս աշխատելու ջերմանոցի ազդեցութիւն ունեցող կազերու արտադրութիւնը նուազեցնելու միջոցներուն վրայ: Անոնց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ նաեւ այն երկիրներուն վրայ, որոնք ամէնէն աւելի տաքութեան սպառնալիքի տակ կը գտնուին. կղզիներ, որոնց ջուրի մակարդակը կը բարձրանայ, չոր շրջանները, պտուտահողմերու շրջաններ…

cop-3_111216

2015-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 21-րդ համաժողովին որոշումներ, տրուեցան գործնականօրէն մթնոլորտի ապականումը նուազեցնելու համար, Պետութիւնները որոշեցին լրջօրէն ճիգեր թափել, որպէսզի աշխարհի միջին ջերմաստիճանը չբարձրանայ 2 աստիճանէ աւելի, որ` ան մնայ 1,5 աստիճանի սահմանին վրայ: Այս համաձայնութիւններէն ի վեր տարբեր երկիրները սկսած են աշխատիլ այդ որոշումները վաւերացնելու համար եւ` աշխատանքի ծրագիրներ առաջարկել:

* * *

cop-4_111216

Համաժողովին ընթացքին տեղի պիտի ունենան նաեւ տարբեր ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, նոր գաղափարներու եւ ծրագիրներու ներկայացում համաժողովին յայտագիրը կազմուած է 9-ը նիւթերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի քննուի ամբողջ օրուան մը ընթացքին. անտառներ, ջուր, ճարտարարուեստ ե առեւտուր, կեանքը քաղաքներուն մէջ, շէնքեր, ուժանիւթ, փոխադրամիջոցներ, ովկիանոսներ եւ երկրագործութիւն: Աւելի քան 150 մասնագէտներ պիտի մասնակցին աւելի քան 20 խորհրդաժողովներու: Ամէն օր տեղի պիտի ունենան քննարկումներ եւ կլոր սեղաններ` յատուկ նիւթի մը մասին գործնական քայլեր առաջարկելու, բնորոշելու մարտահրաւէրները եւ լուծումները…

Այս համաժողովի պատասխանատուները կոչ կ՛ուղեն բոլորին` պետութիւններ, քաղաքներ, անհատներ, աշխատելու միասին եւ` ա՛յս, վայրկեանէն սկսեալ…

 

Մրջիւններուն Մասին

 

mertchun_111216

Տերեւ կտրող մրջիւնները արեւադարձային միջատներ են, որոնք կ՛ապրին ամերիկեան ցամաքամասին վրայ: Այս մանր էակները արեւադարձային անտառները կը կտրեն հարիւր հազարաւորներէ կազմուած խումբերով, որոնց երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 30 մեթրի: Երբ այդ մրջիւնները կը գտնեն իրենց «որս» բոյսը, անոնք իրենց ակռաները կը գործածեն տերեւները կտոր-կտոր ընելու համար: Սակայն անոնք այս կտորները չեն ուտեր: Անոնք կը վերադառնան իրենց բոյնը եւ կը սպասեն, որ սունկեր բուսնին այդ տերեւներուն վրայ: Եւ ապա անոնք կ՛ուտեն այդ սունկերը…

Գիտէ՞իր Թէ…

  • Մրջիւնները երկրագունդին վրայ կ՛ապրին աւելի քան 140 միլիոն տարիներէ ի վեր:
  • Գոյութիւն ունին տերեւ կտրող մրջիւններու 39 տարբեր տեսակներ:
  • Անոնց մեծութիւնը կը հասնի 1,3 սմ.ի- բայց թագուհին կրնայ մինչեւ 2,5 սմ երկարութիւն ունենալ:
  • Անոնց կզակները մէկ երկվայրկեանին մէջ կը թրթռան 1000 անգամ:
  • Այս մրջիւնները կրնան իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն շալկել:
  • Անոնք շատ նրբակեր են: Տերեւ կտրող մրջիւնի տեսակ մը, որ կ՛ապրի Քոսթա Ռիքայի մէջ, իր տրամադրութեան տակ գտնուող 332 բոյսի տեսակներէն միայն 17 տեսակը կ՛ուտէ:

 

Հետաքրքրական

Ինչպէ՞ս Մենք Կը Հիւանդանանք

heda-1_111216

Մանրէները մեր շուրջ ամէն կողմ են. գրիչներուն վրայ օդին մէջ եւ նոյնիսկ մեր ձեռքերուն վրայ: Անոնք մեր մարմնին մէջ կը մտնեն մեր բերնէն, քիթէն կամ վէրքերէն, եւ անոնք երբեմն մեզ կը հիւանդացնեն:

Կարգ մը մանրէներ կ՛ապրին մեր մարմնին մէջ միշտ (մորթին վրայ, աղիքներուն մէջ). սակայն անոնք ոչ մէկ հիւանդութիւն կը պատճառեն:

 

Ինչպէ՞ս Կը Փակցնէ Խէժը

heda-2_111216

Խէժը կազմուած է շատ մանր տարրերէ` մոլեքիւլներէ: Այս մոլեքիւլները փոքր կռասեղներու նման կը բանին. օրինակի համար, երբ խէժով ծածկուած թուղթ մը ուրիշ թուղթի մը վրայ կը փակցնենք, անոնք թուղթին կը կառչին: Այս պատճառով է, որ այդ պզտիկ թուղթի կտորը միւս թուղթի կտորին փակած կը մնայ:

 

Ինչպէ՞ս Կը Շինուի Շաքարը

heda-3a_111216

Շաքարը կը շինուի շաքարեղէգէ կամ ճակնդեղէ` քամելով անոնց հիւթը: Այս հիւթը կը քամուի զտուելու համար, եւ ապա կը տաքցուի, որպէսզի անոր մէջի ջուրը շոգիանայ: Այդ ժամանակ շաքարը կը յայտնուի բիւրեղի ձեւի տակ:

 

Ինչպէ՞ս Կը Շինուին Դեղերը

heda-4_111216

Տարրալուծարաններուն մէջ մասնագէտները դեղեր կը պատրաստեն բոյսերէ կամ քիմիական հիւթերէ: Անոնք կը գտնեն այն տարրերը, որոնք հիւանդութիւններուն դէմ կը պայքարին, եւ զանոնք կը վերածեն դեղահատերու, հեղուկ դեղերու կամ սիւփոզիթուարներու: Վերջապէս, այդ դեղերուն յատուկ նիւթեր կ՛աւելցուին անոնց համ եւ գոյն տալու համար:

 

Ինչպէ՞ս Կը Կազմուի Մշուշը

heda-5_111216

Երբ օդը աւելի խոնաւ կը դառնայ եւ կը պաղի, անոր մէջ գտնուող ջուրի շոգիէն մաս մը հեղուկ ջուրի կամ սառոյցի կը վերածուի: Ամպ մը կը կազմուի գետնի մակարդակի վրայ. ասիկա մշուշն է: Երբ հովը կը փչէ, ան այդ կաթիլները կը ցրուէ եւ արգելք կը դառնայ, որ մշուշը կազմուի:

 

Ինչպէ՞ս Երկրագունդը Արեւուն Շուրջ Կը Դառնայ

heda-6_111216

Արեւը դէպի իրեն կը քաշէ երկրագունդը եւ միւս մոլորակները, միւս ժամանակ անջրպետը զանոնք կ՛ենթարկէ ուրիշ ուժի մը, որ զանոնք դէպի միւս ուղղութեամբ կը քաշէ, եւ այս ձեւով անոնք արեւուն վրայ չեն ջախջախուիր: Մոլորակները այս երկու հակոտնեայ ուժերուն կ՛ենթարկուին` արեւուն շուրջ դառնալով:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Կաթ տուող կով մը մէկ տարուան ընթացքին կ՛արտադրէ բաւարար պանիր` շինելու համար 1800 փիցցա:
  • Ճափոն բաղկացած է 4 գլխաւոր կղզիներէ եւ մօտաւորապէս 4000 աւելի փոքր կղզիներէ:
  • Երբ անգղները կը տաքնան, անոնք յաճախ իրենց ոտքերուն վրայ կը միզեն: Շոգիացող հեղուկը կը նուազեցնէ իրենց մարմնին տաքութիւնը:

anhavadali_111216

  • Մարդոց կողմէ շինուած առաջին արբանեակը` «Սփութնիք»-ը, պիչ-պոլի գնդակի չափը ունէր եւ կը կշռէր 83 քիլօ:
  • Վարդը անուանած են «Ծաղիկներու թագուհի»: Վարդը գոյութիւն ունի Ք. Ա. 1700 թուականներէն ի վեր:
  • Անջրպետին մէջ գոյութիւն ունեցող ուժանիւթի ընդհանուր քանակը կը մնայ միշտ նոյնը:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել մատի դեղին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել մատի դեղին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ մատիտները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ութ մատիտները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1966)

Յաջորդը

Աշխարհը Չփլեցաւ

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?