Վեհաշուք Յուղարկաւորութիւն
Ս. Վրացեանի
50 Հազարի Հասնող Բազմութիւն Մը
Հետեւեցաւ Դագաղին
Պետութիւնը Հանրապետութեան Նախագահին
Ներկայացուցիչով, Մասնակցեցաւ Յուղարկաւորութեան
Դամբանականներ Խօսեցան` Տաճատ Արք. Ուրֆալեան, Գարեգին Եպս. Սարգիսեան,
Կարօ Սասունի, Մուշեղ Իշխան, Հրաչ Տասնապետեան Եւ Սարգիս Զէյթլեան
Պէյրութ շատոնց նման յուղարկաւորութիւն տեսած չէր: Աւելի ճիշդը` երանաշնորհ Զարեհ կաթողիկոսի յուղարկաւորութենէն ի վեր: Ու մինչ եղերաբախտ հայրենապետին սգակիրներուն հոգին ալեկոծող զգացումները սէրը, վիշտը եւ ափսոսանքն էին, ընկ. Սիմոն Վրացեանի դագաղին հետեւող ծովածաւալ բազմութեան ապրումը եղան յարգանքը, երկիւղածութիւնն ու երախտագիտութիւնը:
Արդարեւ, շաբաթ, 24 մայիսի յետմիջօրէին Պէյրութի հայութիւնը երախտաշատ մարդ մը յանձնեց հողին, Դաշնակցութեան պանթէոնը տարաւ վարչապետը հայոց, մարդը, որ վերջին վաթսունամեակի մեր ալեկոծ պատմութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղաւ, դէպքերուն եւ պայմաններուն վրայ դրաւ իր դրոշմը եւ ատով իսկ եղաւ պատմութիւն հայոց` դառնալէ առաջ անջինջ յիշատակ:
Անհամար բազմութիւնը, որ հետեւեցաւ դագաղին եւ անոնք, որոնք ճամբուն երկու կողմերը պատ կազմած` յարգանքի իրենց մասնակցութիւնը բերին, փութալէ առաջ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը, համրանք չունէր: Այսօրուան լիբանանեան թերթերը կը խօսին 50.000-ի մասին` ընդգծելու համար մեծութիւնը մարդուն, որուն կ՛ընծայուէր համազգային յարգանքը ու նաեւ մեծութիւնը զայն ծնող ժողովուրդին, որ գիտէ յարգել իր մեծանուն զաւակները, անոնք, որոնք իրենց անձէն վեր ու անկէ անդին` ունեցան ապրումը անանձնականին, ապրեցան ժողովուրդին համար ու անոր գերագոյն իտէալներուն:
Առաւօտուն, երբ մեծ հանգուցեալին մարմինը բերուեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան, իր այնքան սիրած կրթական հաստատութեան վերի կարգերու աշակերտութիւնը, պատուոյ շարք կազմած, խոր յուզումով դիմաւորեց իր տնօրէնը: Նոյն օրը արդէն, ազգային իշխանութեանց հրահանգով, փակ կը մնային Լիբանանի ազգային բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ` Պուրճ Համուտի եւ Էշրեֆիէի միւս յարանուանութեանց վարժարանները:
Առաւօտուն ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:30, Ճեմարանի «Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ուր կը հանգչէր ընկ. Վրացեանի յոգնատանջ մարմինը, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու պատուոյ պահակութեամբ, ծայր չունեցաւ շարքը անոնց, որոնք յարգանքի վերջին այցելութիւնը տուին հանրային բազմավաստակ գործիչին:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պատասխանատու ընկերներու եւ գործակիցներու խումբ մը Ս. Նշան եկեղեցի տարաւ ընկերոջ մարմինը, ուր եւս յարգանքի այցելութեան եկան ու հետզհետէ յուղարկաւորներու բազմութիւնը սկսան կազմել բոլոր տարիքի երկսեռ հայորդիներ:
Ժամը 3:30-էն սկսեալ հետզհետէ հասան պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծանօթ ազգայիններ, պատասխանատու ընկերներ, կրթական մշակներ, զանազան միութիւններու պատուիրակներ ու վերջապէս` բազմութիւնը սգակիրներու, որոնք լեցուցած էին եկեղեցին, շրջանակն ու վարժարանի բաց դաշտը:
Արարողութիւններուն նախագահեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանը` շրջապատուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր միաբաններով, գլխաւորութեամբ դրան եպիսկոպոս Գարեգին եպս. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ` քահանայ հայրերով: Երգեցողութիւնները կը կատարէր Ս. Նշանի դպրաց դասը:
Արարողութիւններէն ետք, դամբանական խօսեցաւ առաջնորդ սրբազանը` վեր առնելով հանգուցեալ մեծ հայուն հանրային գործիչի, քաղաքական առաջնորդի, պետական մարդու, կրթական մշակի եւ գրագէտի բազմակողմանի արժանիքները:
Յուղարկաւորութեան կարգի արարողութիւններէն ետք, ընկերոջ դագաղին շուրջ, որուն առջեւ պատուոյ պահակ կեցած էին ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններու ցաւակցութիւնները ընդունեցին` Ատուր Գապաքեան, Կարօ Սասունի, Վահան Փափազեան, Վահէ Սէթեան, Յակոբ Գարաօղլանեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Անթուան Քէհեայեան:
Այնուհետեւ, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան ընկերներուն կողմէ ընկերոջ եռագոյնով ծածկուած դագաղը ուսամբարձ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն` զետեղուելու համար մեռելակառքին մէջ: Եկեղեցւոյ դրան առջեւ ոստիկան զօրաց ջոկատ մը զինուորական պատիւներ ըրաւ մեծ հանգուցեալին` աւելի եւս շեշտելով պետութեան մասնակցութիւնը յուղարկաւորութեան:
Ժամը 5:00-ին յուղարկաւորներու թափօրը շարժեցաւ: Մեռելակառքին ետեւէն կ՛երթային առաջնորդ սրբազանին եւ դրան եպիսկոպոսին ինքնաշարժները, ապա` այլ ինքնաշարժներ, որոնց մէջ տեղ գրաւած էին պետական երեսփոխանները եւ պատասխանատու ընկերներ: Ապա, անվերջանալի շարքը` բազմահարիւր կառքերու, տպաւորիչ թափօրով մը, որ անցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակէն` ուղղուելու համար Պուրճ: Ոստիկանութիւնը շրջագայութիւնը կեցուցած էր ոչ միայն այն գլխաւոր պողոտաներուն վրայ, ուրկէ պիտի անցնէր թափօրը, այլ նաեւ` քովնտի փողոցներու մէջ, եւ այս` մինչեւ մայրաքաղաքին ելքը:
Ինքնաշարժներու շարքը, անցնելով Պուրճի կեդրոնէն, մտաւ Կուրօ փողոց, անցաւ Ժըմմէյզիէն, հասաւ Մար Մխայէլ, ուր արդէն բոլոր խանութները փակ էին: Փակ էր նաեւ Նոր Հաճըն եւ Խալիլ Պետեւի թաղերուն խանութները եւ մեր հայրենակիցները մայթերուն վրայ կեցած, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեծանուն հայուն:
Երբ թափօրը անցաւ Նահրի կամուրջէն, հասաւ «Հայաստան»: Ժողովուրդն էր այլեւս, Պուրճ Համուտի հայութիւնը, որ ակնդէտ կը սպասէր յարգանքի իր իւրայատուկ տուրքը տալու համար: Պուրճ Համուտի գլխաւոր պողոտային վրայ, կամուրջէն մինչեւ Տորայի բոլորակը, անհամար բազմութիւն մը պատ կազմած, երկիւղածութեամբ հետեւեցաւ դագաղին անցքին: Շրջանի բոլոր վարժարաններուն աշակերտները, երկսեռ խիտ շարքերով, պատ կազմած էին ճամբուն երկու կողմերը` իրենց ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ: Նոյնպէս, ճամբուն երկու կողմերը սեւ ժապաւէններ սուգի երիզ մը կը կազմէին: Տեղ տեղ պարզուած էին սեւ դրօշակներ: Մինչեւ Փոլիկարպոս թափօրը այս ընթացքով շարունակեց ճամբան: Փոլիկարպոսէն անդին, անհամար երիտասարդութիւնը, որ կը քալէր թափօրին կողքին, ալ չհամբերեց: Պարտադրեց իր կամքը` հակառակ բոլոր պատուէրներուն: Երիտասարդութիւնը պիտի թաղէր գաղափարական իր առաջնորդը ու կ՛ուզէր թաղել այնպէս, ինչպէս որ ինք կը փափաքի: Ջլապինդ երիտասարդներ մեռելակառքէն առին դագաղը եւ սկսան ձեռամբարձ քալել դէպի գերեզմանատուն: Կարգադիր յանձնախումբը ակամայ համակերպուեցաւ այս սրտաբուխ պոռթկումին առջեւ: Ու այսպէս, սկսաւ յամրընթաց երթը հայ մարդոց եւ կիներու, պատանի, երիտասարդ, չափահաս ու ծեր, բազմութիւնը ժողովուրդին, որ կը տանէր թաղելու իր վարչապետը:
Բոլոր անոնք, որոնք շաբաթ օր ականատես եղան այդ տեսարանին, անջնջելի յիշատակ մը պիտի պահեն իրենց հոգիին ու մտքին մէջ: Բառերը անզօր են` նկարագրելու՛ մարդկային այն ծովը, որ Տորայէն մինչեւ Մար Եուսէֆ ու անկէ` օթոսթրատի գրեթէ ամբողջ երկայնքին, մինչեւ գերեզման, հեղեղի պէս հոսեցաւ` երազային նաւակի մը պատկերը տալով դրօշածածկ դագաղին:
Գերեզմանատան մատրան մէջ թաղման կարգի արարողութիւններուն նախագահեց առաջնորդ սրբազանը` դարձեալ շրջապատուած Կիլիկեան միաբանութեան անդամներով եւ քահանայից դասով:
Այնուհետեւ, երբ արդէն մութը սկսած էր կոխել, աւելի տպաւորիչ դարձնելով այս վեհաշուք թաղումը, դագաղին առջեւ յաջորդաբար խօսք առին`
Գարեգին եպս. Սարգիսեանը` յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի, Կեդրոնական վարչութեան եւ միաբանութեան:
Հրաչ Տասնապետեան` յանուն «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի եւ Լիբանանի ազգային բոլոր վարժարաններուն,
Սարգիս Զէյթլեան, յանուն Հրուանդանի Կեդրոնական կոմիտէին, մարմիններուն, քոյր կազմակերպութեանց եւ բազմահազար ընկերներուն,
Մուշեղ Իշխան` յանուն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, բոլոր մասնաճիւղերուն եւ Ճեմարանի Շրջանային միութեան,
Կարօ Սասունի, յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի եւ բոլոր Կեդրոնական կոմիտէութեանց:
Վերջապէս հասաւ գերագոյն վայրկեանը, երբ մեծ հանգուցեալին անմիջական գործակիցները` մնացորդացը հին սերունդին, որ Հայաստանի մէջ գործին վրայ տեսած էր Վրացեանը, այդ սերունդէն երկու հոգի, ընկերներ Կոմս եւ Սասունի, պատասխանատու այլ ընկերներու հետ, Դաշնակցութեան պոնթէոնը փոխադրեցին ընկերոջ մարմինը: Հոն, պանթէոնին առջեւ, ամէնէն յուզումնալի պահը վերապահուած էր ժողովուրդին: Ընկ. Կոմս` մեր նահապետը, Սեւանի ափերէն բերուած ափ մը հող եւ Աղթամարէն քաղուած բուռ մը անթառամ ծաղիկ ցանեց իր մտերիմ ընկերոջ դագաղին մէջ` արտասուքներ խլելով աչքերէն:
Մութը կոխած էր արդէն: Պէշիկթաշլեանի «Քաջորդւոյն թաղումը» յիշեցնող ստուերներու անտառի մը մէջ, ինչ որ կորնչելի էր Վրացեանէն, յանձնուեցաւ հողին: Բայց ահա յանկարծ, գերեզմանատան չորս կողմերէն, բարձրացաւ բորբ ձայնը երիտասարդութեան, Վրացեաններու տեսիլքը եղող եւ անպայմանօրէն վաղուան իրականութիւնը ըլլալու կոչուած հզօր ապագային:
«Վէրքերով լի ջան ֆետային» եղաւ վերջին աղօթքը գաղափարի մարտիկներուն: